ԽԱՂԱՂ ԼՈՒԾՈՒՄ…

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Քէօլ­նէն հրա­պա­րա­կեց նոր զե­կոյց մը։ Թրքա­հայ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին ուղ­ղեալ զե­կոյց մըն է այս մէ­կը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­­նած է ի­րեն ի նպաստ կամ ոչ քուէար­կած բո­լոր հո­գե­ւոր հայ­րե­րուն ու շեշ­տած է, որ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նը պատ­րաս­տու­թիւն մը կը հա­մա­րուի՝ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր սպա­սուած պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան հա­մար։ Ան շեշ­տած է, որ հո­գե­ւոր հայ­րե­րը ար­ժա­նա­պատուու­թեամբ եւ ի­րենց կո­չու­մին յա­րիր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ վա­րուած են տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան փու­լին։ Ըստ ի­րեն, տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նը դրա­կան ըն­կա­լուած է թէ՛ մեր ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սա­ւոր­նե­րուն եւ թէ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։ Ար­դա­րեւ, տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նը ա­ռա­ջին քայլ մըն է՝ դէ­պի Թուր­քիոյ հա­յոց պատ­րիար­քի ընտ­րու­թիւն, քա­նի որ Ա­թո­ռը եր­կար ժա­­մա­նա­կէ ի վեր կը գտնուի թա­փուր։

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան շեշ­­տած է, որ Պատ­րիար­քա­րա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը իւ­րա­ցու­ցած է տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թե­նէն ան­միջա­պէս վերջ Իս­թան­պու­լի Կուսա­կա­լու­թե­նէն ու­ղար­կուած պաշ­­տօ­նա­գի­րը, սա­կայն այդ մէ­կը ստուեր ա­ծած է տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան վրայ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը յի­շե­ցու­ցած է նաեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը։ Ան կը յի­շեց­նէ, որ տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թե­նէն վերջ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան պէտք է հրա­ժա­րէր իր պաշ­տօ­նէն։ Բայց եւ այն­պէս, ան ցաւ ար­ձա­նագ­րած է, թէ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան դի­մադ­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ այդ պաշ­տօ­նը չթո­ղե­լու հա­մար ու կը հե­տապն­դէ գոր­ծըն­թա­ցը ընդ­հա­տե­լու նպա­տա­կը։ Ցարդ, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, այդ նպա­տա­կին հա­սած ըլ­լալ կը թուի։

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան նշած է, որ ինքն ու հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու ան­դամ­նե­րը ե­թէ կու­սա­կա­լու­թե­նէն ու­ղար­կուած այդ պաշ­տօ­նագ­րէն տե­ղեակ ըլ­լա­յին ընտ­րու­թե­նէն ա­ռաջ, ա­պա, ան­տա­րա­կոյս, պե­տու­թեան նկատ­մամբ յար­գան­քով այդ պաշ­տօ­նագ­րին հնա­զան­դի­լը պար­տա­կա­նու­թիւն կը հա­մա­րէին ու կրնա­յին ըստ այդմ վարուիլ, ե­թէ նոյ­նիսկ հա­մա­միտ չըլ­լա­յինք։ Այս կէ­տին վրայ ան յի­շե­ցու­ցած էր, որ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը 26 Հոկ­տեմ­բեր 2016 թուա­կա­նին թա­փուր հռչա­կուած է, հե­տե­ւա­բար ո­րո­շուած է նաեւ ձեռ­նար­կել նոր պատ­րիար­քի ընտ­րու­թեան։

Ըստ ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հի զե­կոյ­ցին, Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան պե­տա­կա­նու­թեան յանձ­նա­րա­րու­թիւն­նե­րուն եւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ առնուած ո­րոշ­ման ուղ­ղու­թեամբ նոր պատ­րիար­քի ընտ­րու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած էր տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան յա­ջոր­դե­լիք վեց ամ­սուան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին։ Գոր­ծըն­թա­ցը պի­տի ըն­թա­նար այս հու­նին մէջ ու կար­գը պէտք է հաս­նէր նա­խա­ձեռ­նարկ մարմ­նի մը ձե­ւա­ւոր­ման։ Ան յի­շե­ցու­ցած է, որ ըստ ե­կե­ղե­ցա­կան նա­խըն­թաց­նե­րուն, տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թե­նէն պէտք է տե­ղեակ պա­հուէր մեր ե­կե­ղեց­ւոյ ընդ­հան­րա­կան կեդ­րո­նը՝ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը, Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին ու­ղար­կուե­լիք գրու­թիւ­նով մը։ Պէտք է ստա­նալ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թիւ­նը։ Այս պատ­ճա­ռով Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րի դի­ւա­նը պատ­րաս­տած է անհ­րա­ժեշտ գրու­թիւ­նը եւ զայն ներ­կա­յա­ցու­ցած է Պատ­րիար­քա­կան ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին՝ որ­պէս­զի փո­խան-ցըւի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։ Ըստ զե­կոյ­ցին, դժբախ­տա­բար այս ա­ւան­դու­թիւ­նը խախտուած է ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին կող­մէ ու միայն իմ պնդում­նե­րով այդ գրու­թիւ­նը եր­կու օր վերջ կա­րե­լի ե­ղած է ու­ղար­կել Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին։

Զե­կոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան անդ­րա­դար­ձած է իր բա­ցա­կա­յու­թեան պատ­ճառ­նե­րուն, ո­րոնց մա­սին նա­խա­պէս ալ փո­խան­ցած էր տե­ղե­կու­թիւն­ներ։ Այս ծի­րին մէջ ան վերս­տին յի­շե­ցու­ցած է նաեւ, որ փո­խա­նորդ կար­գած է Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նը։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան զե­կոյ­ցին մէջ մատ­նան­շած է, որ տա­կա­ւին չէ ստա­ցած Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի վա­ւե­րա­ցումն ու օրհ­նու­թիւ­նը։ «Ես ի վի­ճա­կի չեմ գիտ­նա­լու, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ինչ պատ­ճառ­նե­րով տա­կա­ւին չէ ա­ռած այս քայ­լը եւ այս նիւ­թին շուրջ մեկ­նա­բա­նու­թիւն մը կա­տա­րե­լու դիր­քին վրայ չեմ։ Պէտք է յայտ­նեմ, որ իմ կրօ­նի եւ ե­կե­ղեց­ւոյ բա­րո­յա­գի­տու­թեան հաս­կա­ցումս անհ­րա­ժեշտ կը դարձ­նէ յար­գան­քը՝ իմ հո­գե­ւոր եղ­բայր­նե­րուս, ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ­նե­րուն եւ ե­ղե­կեց­ւոյ կա­ռոյց­նե­րուն նկատ­մամբ», յայտ­­նած է Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­­ճեան։

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան կու­սա­կա­լու­թե­նէն Պատ­րիար­քա­րան հա­սած պաշ­տօ­նագ­րի ժամն ալ վի­ճար­կած է իր յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ։ Սա նուրբ խնդիր մըն է, ո­րու պա­րա­գա­յին հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս կան խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ։ Ըստ ի­րեն, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ մնա­լու յա­մա­ռու­թիւ­նը տե­ղի կրնայ տալ հա­ւա­նա­կան նոր բա­խում­նե­րու եւ հա­կա­սու­թիւն­նե­րու։ «Այս մտա­­հո­գու­թիւնս կ՚ամ­րապն­դուի, ո­րով­հե­տեւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կը թո­ղու այն տպա­ւո­րու­թիւ­նը, թէ ներ­կայ դիր­քը պահ­պա­նե­լու հա­մար դրա­կան կ՚ըն­կա­լէ պե­տա­կան մի­ջամ­տու­թիւ­նը։ Այս տե­սա­րա­նը ին­ծի կը թե­լադ­րէ խու­սա­փիլ նոր ժխտա­կա­նու­թիւն­նե­րէ։ Իմ նկա­րագ­րիս ան­բա­ժան մասն է միշտ ըլ­լալ խա­ղա­ղու­թեան եւ հա­մա­ձայ­նու­թեան կողմ­նա­կից։ Հե­տե­ւա­բար, խոր մտա­ծում­նե­րու մատ­նուած եմ՝ Իս­թան­պուլ վե­րա­դառ­նա­լով իմ կող­մէս բա­ցար­ձակ չիւ­րա­ցուած եւ ա­նըն­դու­նե­լի տաղ­տու­կի մը մէջ մտնե­լը», նշած է Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան եւ ա­ւել­ցու­ցած է, թէ իր տե­ղա­պա­հի պաշ­տօ­նը ստանձ­նե­լը նոր խնդիր­նե­րու ծնունդ տա­լու նպա­տա­կը չի հե­տապն­դեր։ Ընդ­հա­կա­ռակն, ինք այդ պաշ­տօ­նին կոչուած էր՝ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր թանձ­րա­ցած մշու­շը ճեղ­քե­լու եւ մեր հա­մայն­քը խա­ղաղ ու ա­պա­հով մթնո­լոր­տի մը մէջ նոր պատ­րիար­քի մը ընտ­րու­թեան ա­ռաջ­նոր­դե­լու հա­մար։ Ինք ալ այս նոյն պատ­ճա­ռով թեկ­նա­ծու ե­ղած է սոյն պա­տուա­բեր պաշ­տօ­նին։ «Հե­տե­ւա­բար ինձ­մէ պէտք չէ ակն­կա­լել, որ տե­ղի տամ նոր քաո­սի մը եւ խռո­վու­թեան», ը­սած է Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ու կոչ ուղ­ղած է հա­ւատք չըն­ծա­յել այն ան­հիմն խօս­քե­րուն, թէ ինք ոտնձ­գու­թիւն կա­տա­րած է Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ձեռք բե­րուած հա­մա­ձայ­նու­թեան դէմ կամ չէ կա­տա­րած տե­ղա­պա­հի ուխ­տը. կա­նոն մը, որ գո­յու­թիւն չու­նի։

Զե­կոյ­ցի վեր­ջին բաժ­նին մէջ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան նշած է, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ի­րեն ան­ծա­նօթ ու դժուար հասկ­նա­լի պատ­ճա­ռով մը կը յե­տաձ­գէ տե­ղա­պա­հը օրհ­նել։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կը շա­րու­նա­կէ իր պաշ­տօ­նը զբա­ղեց­նել՝ հիմք ըն­դու­նե­լով Իս­թան­պու­լի Կու­սա­կա­լու­թե­նէն ու­ղարկուած պաշ­տօ­նա­գի­րը, որ, ըստ ի­րա­ւա­բան­նե­րու, զուրկ է ի­րա­ւա­կան հիմ­քէ։ Այս ի­րա­վի­ճա­կին մէջ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ կը հա­մա­րէ կարգ մը պայ­ման­ներ՝ որ­պէս ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ կա­րե­նալ ըն­թա­նա­լու հա­մար՝ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան ճա­նա­պար­հին վրայ։ Ան այս տե­սա­կէ­տէ անհ­րա­ժեշտ հա­մա­րած է ամ­բողջ ժո­ղո­վուր­դին, ժո­ղո­վուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն ա­ռանց նա­խա­պայ­մա­նի զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան անհրաժշտ կը նկա­տէ, որ­պէս­զի հա­մայն­քը տէր կանգ­նի իր տե­ղա­պա­հին՝ մօ­տա­ւո­րա­պէս տասն տա­րուան այս ա­նե­լէն դուրս գա­լու հա­մար։ Առ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ ա­մե­նա­ճիշդ ճա­նա­պարհն է, որ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ըն­դու­նի, թէ ա­ւար­տած է իր պաշ­տօ­նը եւ այս­պէ­սով ճա­նա­պարհ հար­թէ լուծ­ման առ­ջեւ։ Հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, մա­մուլն ու հա­սա­րա­կու­թեան յա­ռա­ջա­տար դէմ­քե­րը պէտք է հա­մա­խումբ աշ­խա­տին դրա­կան ար­դիւն­քի մը հա­մար։ Այ­լա­պէս, խա­ղաղ լու­ծու­մի մը հաս­նիլ կա­րե­լի պի­տի չըլ­լայ եւ տե­ղա­պա­հը ի վի­ճա­կի պի­տի չըլ­լայ լիար­ժէք կա­տա­րե­լու իր պաշ­տօ­նը։

«Իմ այս խօս­քերս պէտք չէ յու­սա­խա­բու­թիւն պատ­ճա­ռէ ոեւէ մէ­կուն, ընդ­հա­կա­ռակն, պէտք է ըն­կա­լուի՝ որ­պէս խնդիր­նե­րու խա­ղաղ լուծ­ման հա­մար նուա­զա­գոյն պայ­մա­նը», ը­սած է Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան՝ բո­լո­րին փո­խան­ցե­լով իր բա­րեա­ցա­կամ ող­ջոյն­նե­րը։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017