ՊԱՂԱՐԻՒՆ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ ե­րե­կո­յեան հե­ռա­ձայ­նով կա­պուե­ցաւ «Լոյս» հա­մա­ցան­ցա­յին հե­ռուս­տա­ժա­մէն ու­ղիղ ե­թե­րով սփռուած ծրագ­րին, ո­րու ըն­թաց­քին հեր­թա­կան ան­գամ խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ ընտ­րու­թեան առ­կայ հար­ցին շուրջ։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ պա­ղա­րիւն ար­ժե­ւո­րու­մով մը հան­դէս ե­կաւ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի Իս­թան­պուլ ժա­մա­նու­մը նա­խա­տե­սուած է այս Կի­րա­կի յետ­մի­ջօ­րէին։ Ու­րեմն, թէ՛ ե­րէ­կուան հե­ռուս­տա­ժա­մի ըն­թաց­քին իր կող­մէ կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը եւ թէ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան իր կող­մէ Քէօլ­նէն հրա­պա­րա­կուած զե­կոյ­ցը (թրքե­րէն բնա­գի­րը ամ­բող­ջու­թեամբ տես­նել յա­րա­կից սիւ­նա­կին մէջ) ընտ­րեալ-տե­ղա­պա­հի ժա­ման­ման ըն­դա­ռաջ ազ­դան­շան­ներ տուին իր տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին։

Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան տե­ղե­կա­ցուց, որ Գում­գա­բուի մէջ «Հրա­շա­փառ»ի ա­րա­րո­ղու­թիւն մը կը կազ­մա­կերպուի ի­րեն հա­մար։ Ան յոյս յայտ­նեց, որ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ տե­սակ­ցե­լով, առ­կայ խնդիր­նե­րը եղ­բայ­րա­կան ո­գիով քննար­կե­լով՝ կրնան լու­ծել հար­ցե­րը։

Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան տե­ղե­կա­ցուց, որ Կի­րա­կի Իս­թան­պուլ հաս­նե­լէ մի­ջոց մը վերջ դար­ձեալ կարճ շրջա­նի մը հա­մար պի­տի մեկ­նի ար­տա­սահ­ման։ Ան Ծաղ­կա­զար­դի տօ­նին օ­րը պի­տի գտնուի Ֆրան­սա­յի Մար­սէյլ քա­ղա­քին մէջ, ուր Սուրբ Պա­տա­րագ պի­տի մա­տու­ցա­նէ տեղ­ւոյն Սա­հակ-Մես­րոպ երգ­չա­խում­բի յո­բե­լեա­նին առ­թիւ։ Հարկ է նշել, որ այդ յո­բե­լեար երգ­չա­խում­բին հիմ­նա­դիրն ու վա­րիչն է նախ­կին պոլ­սա­հայ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ մաէսթ­րօ Խա­չիկ Եըլ­մա­զեան։

Ուրբաթ, Մարտ 31, 2017