ԿԵԱՆՔԸ ԼԱ՛Ւ ՏՆՏԵՍԵԼ
Կեանքը, մարդուս տրուած «առիթ» մըն է եւ առիթներ կ՚արդիւնաւորուին, նպատակին կը ծառայեն, երբ լաւ տնտեսուին, նպատակայարմար օգտագործուին։ Ուստի առիթները միջոցներ են՝ նպատակի հասնելու եւ ուրեմն միջոցը պէտք է նպատակայարմար կերպով գործածել, նպատակին հասնելու եւ լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգելու համար։ Պարզ կերպով բացատրել ջանանք, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։ Զոր օրինակ, մէկը իր գրադարանին մէջ ունի բազմաթիւ գիրքեր, բայց երբ անոնք չկարդայ, չօգտագործէ եւ պահանջուած տեղեկութիւն մը, գիտելիք մը չփնտռէ անոնց մէջ, այլապէս ի՜նչ կ՚արժէ այդ գիրքը ունենալ գրադարանին մէջ։ Եւ կեանքի մէջէն կարելի է օրինակները բազմացեալ այս մասին…։
Ընդհանրապէս կեանքի համար ալ կարելի է ըսել նոյնը. մարդ երբ իր կեանքը լաւ չվարէ, լաւ չտնտեսէ, կեանքէն իր սպասած բարիքներուն չի կրնար տիրանալ, ակնկալուած նպատակին չի կրնար հասնիլ։
Եւ անշուշտ, մարդուս կեանքին մէջ նիւթականը՝ դրամը կարեւոր եւ նոյնիսկ անհրաժեշտ տեղ մը կը գրաւէ։ Մինչդեռ «բարեպաշտութեան սովորական դարձած ըմբռնում» մը՝ կանոնի վերածուած համոզում մը կը պարտաւորէ ձեռնթափ մտքի եւ մարմնոյ այն ամէն զբաղումներէն՝ որոնք կեանքի նիւթական հասկացողութեան կը վերաբերին։ Այսինքն՝ բարեպաշտ ըլլալու համար նիւթականէն հեռու մնալ, նիւթը մերժել կը յանձնարարուի ընդհանրապէս։
Ասիկա, կեանքի ընդհանուր պայմաններուն մէջ՝ անկեղծութեան եւ անմեղութեան անուններով քօղարկուած կեղծ բարեպաշտութեան մը արտայայտութիւնն է, որ բոլորովին կը հակասէ կեանքի ճշմարտութիւններուն եւ մանաւանդ կեանքի նպատակին։
Տարօրինակ է մարդ էակէն պահանջել՝ բոլորովին հեռու մնալ նիւթէն-նիւթականէն, քանի որ մարդը կազմող էական տարրերէն մին է՝ նիւթը, մարմինը՝ որ գոյապահպանուելու եւ գոյատեւելու համար անմիջական պահանջը ունի նիւթին, նիւթականին։ Մարմնին սնունդը՝ ուտելիքը նիւթ է եւ նիւթակա՛ն։ Ուրեմն մարմինը պահպանելու համար «նիւթ»ն ալ, նիւթականն ալ անհրաժե՛շտ է։
Ասիկա ո՛րքան բնական պահանջք մը՝ նոյնքան բանաւոր ըմբռնում մը, ընթացք մըն է կեանքին համար։
Մարդկային միտքը ընդհանրապէս հանդարտ եւ հետեւապէս յատուկ հասկացողութեամբ մը կ՚անդրադառնայ աւելի հեռակայ քան թէ մօտը գտնուած իրի մը վրայ, աւելի անցեալ քան թէ ներկայապէս կատարուող դէպքերու վրայ։ Բնական երեւոյթ մըն է ասիկա։ Այս իրողութենէն է, որ մարդ միշտ աւելի ցաւ կը զգայ իր կորսնցուցածին վրայ. մարդ իր աչքին առջեւ, ձեռքին տակ ունեցած որեւէ առարկայի մասին այնքան չի մտահոգուիր քան երբ զանոնք կորսնցնէ՝ հեռանան աչքէն եւ ձեռքէն։ Ուրեմն մարդ էակին համար կարեւորը «տեսանելի» եւ «շօշափելի» ըլլալն է որեւէ արժէքի, որեւէ առարկայի։
Ուստի, մարդ, երբ կ՚ուզէ որեւէ բանի վրայ ուշադրութեամբ մտածել, ինքնաբերաբար կը գոցէ իր աչքերը։ Խորհիլ տալու սովորական եղանակ մըն է ասիկա, ինչ որ մարդ բնազդաբար կ՚օգտագործէ։
Այս սկզբունքով, ահաւասիկ, երբ ուսումնասիրել փորձենք նիւթը, նիւթականը, կը տեսնենք, թէ անիկա, նախ «միջոց» մըն է՝ առարկայ մը, որ առանց անոր կարելի չէ հասնիլ «նպատակ»ին։ Եւ ուրեմն, ինչպէս կեանքի բոլոր պարագաներուն, հոս ալ հարցը «չափաւորութեան», միջոցը կամ առարկան նպատակայարմար կերպով կարենալ օգտագործելու, լաւ կարենալ տնտեսելու հարց մըն է։
Աւելի մասնաւորելով, ըսենք դրա՛մը, երբ բարի նպատակներու գործածուի բարի եւ օգտակար միջոց մը, առարկայ մըն է։ Այս իմաստով, հոսանքի դէմ թիավարելու ապարդիւն յոգնութիւնը կը ստանձնեն անոնք, որ կ՚ուզեն փրցնել, խլել դրամի սէրը մարդուն սրտէն, եւ կը նմանին անոնք օդին դէմ պատերազմողներու, որոնք ո՛չինչ կ՚ընեն եւ միայն իրենց յոգնութիւնը ցոյց կու տան իրենց շուրջիններուն եւ կը սպասեն, որ հերոս հռչակուին բոլորէն…։
Այս իսկ պատճառով է որ կեանքը պէտք է լաւ տնտեսել, առիթները, միջոցները, առարկաները տեղին պէտք է օգտագործել։ Ուստի որեւէ առարկայ ինքնին ո՛չ չար է եւ ո՛չ ալ բարի, ո՛չ վնասակար է եւ ո՛չ ալ օգտակար, գործնականօրէն «չէզո՛ք» է, անոր ընթացքը եւ հանգամանքը կ՚որոշէ զայն գործածողը, աւելի ճիշդ է ըսել՝ զայն գործածողին նպատակը. եթէ առարկան բարի նպատակի համար գործածուի՝ բարի՛ է, իսկ եթէ չար նպատակի մը համար օգտագործուի՝ չա՛ր։ Նոյնպէս՝ օգտակար կամ վնասակար կրնայ ըլլալ որեւէ առարկայ, զայն գործածողին նպատակին համեմատ։
Եւ ահաւասիկ, դարձեալ կը յայտնուի կեանքին տնտեսութեան, զայն վարելու կարեւորութիւնը։
Արդարեւ, չարը՝ խեղաթիւրումը՝ այլասերումը եւ ապականումն է բարիին, որ գրեթէ միշտ մարդոց անզգոյշ կամ անտարբեր տնտեսութեան՝ օգտագործումին կը պարտի իր գոյութիւնը։
Եւ դրա՛մն ալ, որ իր ծագման մէջ բարի՛ է ամէն կերպով, կեանքը ընդհանրապէս դիւրացնելու համար հնարուած է եւ գոյութիւն ունի, աշխատութեան առօրեայ արդիւնքը անկորուստ եւ միանգամայն դիւրաւ փոխադրական ձեւի մը կը վերածէ, ան՝ այն ատեն միայն յոռեշրջուեցաւ «չարութեան գործիք»ի մը, երբ մարդիկ անտեսեցին անոր բարի յարմարութիւնները, ա՛յն ատեն միայն սկսաւ նկատուիլ իբրեւ «չարութեան իր» մը, եւ այդպէս ծառայեցուցին զայն իբրեւ գործիք, իբրեւ միջոց իրենց փառատենչ անյագ ցանկութիւններուն։ Սխալ տնտեսութեան, նպատակէ շեղած օգտագործման օրինակ մը ահաւասի՛կ։
Երբ դրամին ստեղծման նպատակը նկատի առնենք, կը տեսնենք, որ դրամը ո՛ւժ մըն է։ Ապա ուրեմն, ամէն ինչ որ ուժ մըն է, նպատակ ընդունիլ կարելի չէ երբեք, այլ պէ՛տք է ծառայէ իբրեւ միջոց մը միայն, ճամբայ մը՝ որեւէ նպատակի մը առաջնորդող։ Եւ այս պատճառով, դրամը «միջոց» մը պէտք է ըլլայ եւ երբե՛ք նպատակ։ Արդարեւ, դրամին տրուած հանգամանքն է որ կ՚որոշէ անոր «բարի» կամ «չար» էութիւնը, եւ ուրեմն երբ ան «միջոց» մը կ՚ընդունուի՝ բարի է եւ օգտակա՛ր, այլ երբ «նպատակ» նկատուի՝ չար եւ վնասակա՛ր, ընդհանրապէս։
Այս է ահաւասիկ, դրամի եւ այլ առարկաներու նկատմամբ մարդոց համոզումներուն բնոյթը, որ ի վերջոյ կը յանգի անոնց տնտեսութեան եւ գործածութեան հարցին, եւ եթէ լաւ տնտեսուին՝ ո՛չ մէկ առարկայ, նաեւ դրամը, ըստ ինքեան «չար» եւ վնասակար չեն, քանի որ նպատակի մը հասնելու կը ծառայեն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 18, 2017, Իսթանպուլ