ՀԱՅԵՐԷՆ-ՉԻՆԱՐԷՆ ԱՌԱՋԻՆ ԲԱՌԱՐԱՆԸ

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս լոյս տե­սաւ հա­յե­րէն-չի­նա­րէն ա­ռա­ջին բա­ռա­րա­նը, ո­րու հե­ղի­նակն է Լի­լիթ Յա­կո­բեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, նա­խըն­թաց օր «Պու­քի­նիստ» գրա­խա­նու­թին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս բա­ռա­րա­նին շնոր­հան­դէ­սը։

«2014 թուա­կա­նին կը դա­սա­ւան­դէի Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի Մի­ջազ­գա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ֆա­քիւլ­թէէն ներս։  Չի­նա­րէ­նի ա­ռա­ջին դա­սա­խօսն էի։ Անհ­րա­ժեշտ էր հարս­տաց­նել ու­սա­նող­նե­րու դի­ւա­նա­գի­տա­կան բա­ռա­պա­շա­րը։ Այդ ժա­մա­նակ ալ ո­րո­շե­ցի կազ­մել բա­ռա­րան մը, ինչ որ գործ­նա­կան պի­տի ըլ­լար բո­լո­րին հա­մար։ Եր­կու տա­րի աշ­խա­տած եմ այս գոր­ծին վրայ», ը­սաւ Լի­լիթ Յա­կո­բեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս ծրագ­րին հա­մար ի­րեն ա­ջակ­ցած է չի­նա­ցի խմբա­գիր մը, որ եր­կար տա­րի­ներ աշ­խա­տած է Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Լի­լիթ Յա­կո­բեա­նի խօս­քե­րով Ե­րե­ւեա­նի մէջ չի­նա­րէն կը դա­սա­ւան­դէ քա­նի մը դպրոց­նե­րէ ներս ու վստահ կրնայ ը­սել, թէ մեծ է ա­շա­կերտ­նե­րուն հե­տաքրք­րու­թիւ­նը լե­զուին նկատ­մամբ։

«Պու­քի­նիստ» գրա­խա­նու­թի տնօ­րէն Խա­չիկ Վար­դա­նեան հան­դէս ե­կաւ հե­ղի­նա­կին ուղ­ղեալ շնոր­հա­ւո­րա­կան խօս­քով մը։ Ան հա­մո­զուած է, որ այս բա­ռա­րա­նը կրնայ դառ­նալ մշտա­կան գոր­ծա­ծու­թեան ա­ռար­կայ գիրք մը։

«Քոն­ֆի­չիուս» կա­ճա­ռի չի­նա­ցի տնօ­րէն Եան Մէյ­խուայ շեշ­տեց, որ իր տե­սա­կէ­տէ սա մեծ տօն մըն է։ Ար­դա­րեւ, ա­ռա­ջին ան­գամ քա­ղա­քա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան բա­ռամ­թեր­քով յա­գե­ցած բա­ռա­րան մը լոյս տե­սած է։ «Սա մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի ոչ միայն ու­սա­նող­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ, այ­լեւ այն մար­դոց հա­մար, ո­րոնք կ՚ու­սում­նա­սի­րեն մեր լե­զուն», ը­սաւ ան։

Այս բա­ռա­րա­նի հրա­տա­րակ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը պայ­մա­նա­ւո­րուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ չի­նա­կան մշա­կոյ­թի եւ չի­նա­րէ­նի նկատ­մամբ հե­տաքրք­րու­թեան մեծ ա­ճով, ինչ­պէս նաեւ հա­յե­րէն-չի­նա­րէն բա­ռա­րան­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեամբ։ Շնոր­հան­դէ­սին օ­րը Լի­լիթ Յա­կո­բեան բաց դաս մըն ալ ի­րա­կա­նա­ցուց մաս­նա­կից­նե­րուն հա­մար ու փոր­ձեց քա­ռորդ ժա­մու մէջ սոր­վեց­նել չի­նա­րէն կարգ մը բա­ռեր։

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017