ԶԵ­ԿՈՅՑ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Ա­րամ Ս. Ար­քեպսկ. Ա­թէ­շեան ե­րէկ այ­ցե­լեց Իս­թան­պու­լի Կու­սա­կա­լու­թիւն, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Պատ­կա­ռե­լի Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Գերշ. Տ. Սա­հակ Ս. Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի եւ Ա­տե­նադ­պիր Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեա­նի։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ըն­դու­նուե­ցաւ Փոխ-կու­սա­կալ Տիար Ա­զիզ Մեր­ճա­նի կող­մէ։

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին Տիար Ա­զիզ Մեր­ճան նախ յի­շե­ցուց Հան­րա­պե­տու­թեան Վսե­մա­շուք Նա­խա­գահ Մե­ծա­յարգ Տիար Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի կող­մէ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նո­ցի Պա­տուար­ժան Հո­գա­բար­ձու­թեան Ա­տե­նա­պետ Տիար Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի մի­ջո­ցաւ այս նիւ­թին շուրջ մեր հա­մայն­քին փո­խան­ցուած դրա­կան պատ­գա­մը։

Փոխ-կու­սա­կալ Տիար Մեր­ճան ա­պա վե­րա­հաս­տա­տեց 15 Մարտ 2017 թուա­կա­նին Կու­սա­կա­լու­թե­նէն Պատ­րիար­քա­րան հա­սած պաշ­տօ­նագ­րին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը։ Ուս­տի, ան հեր­թա­կան ան­գամ զրու­ցա­կից­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նեց, որ մին­չեւ Թուր­քիոյ Հա­յոց 85-րդ Պատ­րիար­քի ընտ­րու­թիւ­նը՝ պե­տու­թիւ­նը որ­պէս պաշ­տօ­նա­կան միակ երկ­խօս կը ճանչ­նայ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Բարձ­րաշ­նորհ Տ. Ա­րամ Ս. Ար­քեպսկ. Ա­թէ­շեա­նը եւ զին­քը կը նկա­տէ պաշ­տօ­նի գլուխ՝ բո­լոր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով։

Զայս ի գի­տու­թիւն կը ծա­նու­ցուի մե­րազն հա­մայն­քին։ 

ԴԻ­ՒԱՆ ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ՐԱ­ՆԻ

Շաբաթ, Ապրիլ 1, 2017