ԶԳԱՅԱՑՈՒՆՑ ԿՈՉ

Թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս զգա­յա­ցունց ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին՝ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան առ­կա­խեալ գոր­ծըն­թա­ցէն ներս յա­ռա­ջա­ցած փա­կու­ղիին հե­տե­ւան­քով։ Մեր հա­մայն­քը ներ­կայ շա­բա­թը եւս կը դի­մա­ւո­րէ շատ կա­րե­ւոր նո­րու­թիւն­նե­րով։ Այս­պէս, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ստեղ­ծուած բարդ ի­րա­վի­ճա­կին մէջ հրա­ժա­րե­լու կոչ ուղ­ղեց Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին։ Այ­սօր հա­մայն­քա­յին մա­մու­լին մէջ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի ստ­ո­րագ­րու­թեամբ լոյս տե­սած է զե­կոյց-կոչ մը, ո­րուն թրքե­րէն բնա­գի­րը նոյ­նու­թեամբ հրա­տա­րա­կուած է մեր յա­րա­կից սիւ­նա­կին մէջ։ Շի­րի­նօղ­լուի հա­մոզ­մամբ, պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ներ­կա­յիս յայտ­նած են, որ մին­չեւ նոր պատ­րիար­քի մը ընտ­րուի­լը յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին որ­պէս միակ երկ­խօս կ՚ըն­դու­նին Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նը, բո­լոր լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։ Հե­տե­ւա­բար, պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը կա­րե­լի է ա­մե­նաա­ռողջ ձե­ւով յա­ռաջ տա­նիլ այս ի­րո­ղու­թեան լոյ­սին տակ։ Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին այս հան­գա­ման­քը պէտք է ու­նե­նալ մեկ­նա­կէտ։ «Սրտբա­ցօ­րէն պէտք է ըն­դու­նիլ այս հան­գա­ման­քը եւ մնա­ցեալ բո­լոր խնդիր­նե­րը պէտք է լու­ծել՝ ա­ռանց վի­րա­ւո­րե­լու ո­րե­ւէ հաս­տա­տու­թիւն կամ ոե­ւէ ան­հատ», ը­սած է Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու։

Մեր հա­մայն­քին ուղ­ղեալ կո­չին մէջ Շի­րի­նօղ­լու դի­տար­կած է, որ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան տե­ղա­պա­հի պաշ­տօ­նը ստանձ­նած է զո­հո­ղու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լով, Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը ա­լե­կո­ծում­նե­րէ հե­ռու պա­հե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի եւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի մի­ջեւ ծա­գած տա­րա­կար­ծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ։ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ Շի­րի­նօղ­լու ա­ռանձ­նազ­րոյց մը ու­նե­ցած է Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նի հետ, որ ի­րեն տե­ղե­կա­ցու­ցած է, թէ կը փա­փա­քի աշ­խա­տանք տա­նիլ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան առ­ջեւ ճա­նա­պարհ հար­թե­լու հա­մար։ Սա մեր բո­լոր հա­մայն­քի հա­սա­րա­կաց փա­փաքն է։ Ուս­տի, Շի­րի­նօղ­լու հա­մո­զուած է, թէ Իս­թան­պու­լի մթնո­լոր­տը շնչե­լով, տեղ­ւոյն վրայ դի­տար­կում­նե­րով Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեանն ալ յան­գած է այն եզ­րա­կա­ցու­թեան, որ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը կա­րե­լի է ա­ւար­տին հասց­նել՝ միայն ու միայն պաշ­տօ­նա­կան մար­մին­նե­րուն հետ ա­ռա­ւե­լա­գոյն ներ­դաշ­նա­կու­թեամբ աշ­խա­տան­քով եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Այս բո­լո­րին հի­ման վրայ, Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու մեծ ցա­ւով հրա­ժա­րե­լու կոչ ուղ­ղած է Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին՝ շեշ­տե­լով, որ սա յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի կան­խէ մեր հա­մայն­քին ու Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին մա­շի­լը։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ այդ հրա­ժա­րա­կա­նը պի­տի ա­պա­հո­վէ, որ Ե­կե­ղե­ցա­կա­նաց հա­մա­գու­մա­րին կող­մէ ըն­դու­նուած ո­րո­շում մը չդառ­նայ ան­գոր­ծադ­րե­լի։ Շի­րի­նօղ­լու յոյս յայտ­նած է, թէ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան իր փոր­ձա­ռու­թեան լոյ­սին տակ պի­տի ար­ժե­ւո­րէ այս բո­լո­րը ու զո­հո­ղու­թիւն յանձն պի­տի առ­նէ՝ որ­պէս­զի մեր հա­մայն­քին ու պե­տու­թեան մի­ջեւ հա­կա­սու­թիւն­ներ չյա­ռա­ջա­նան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017