Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Գեր­մա­նիա­յէն ժա­մա­նեց քա­ղաքս։ Ան դի­մա­ւո­րուե­ցաւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեա­նի եւ ի­րեն հա­մա­խոհ խումբ մը ազ­գա­յին­նե­րու կող­մէ։ Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ ի­րեն հա­մար կար­գադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րուած էին, Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը չնա­խընտ­րեց եր­թալ Գում­գա­բու։ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան քա­ղաքս հաս­նե­լէ վերջ ճա­շա­րա­նի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ իր խումբ մը հա­մա­խոհ­նե­րուն կող­մէ եւ ա­ւե­լի վերջ ան­ցաւ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի ըն­տա­նի­քի յայտ­նի ա­նուն­նե­րէն Թո­րոս Ա­բի­կի բնա­կա­րա­նը, որ կը գտնուի Ե­շիլ­գիւ­ղի մէջ եւ ուր Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ո­րո­շեց ի­ջե­ւա­նիլ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան։

Կը նա­խա­տե­սուի, որ այ­սօր յետ­մի­ջօ­րէին Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան այ­ցե­լէ Պատ­րիար­քա­րան՝ տե­սակ­ցե­լու հա­մար Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի հետ։ Հա­մայն­քա­յին առ­կայ ա­նե­լին մէջ հե­տաքրք­րու­թեամբ կը սպա­սուի այս տե­սակ­ցու­թեան ար­դիւն­քին։ Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­ներն ալ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Ե­րէկ, իր ժա­մա­նու­մէն վերջ, կարճ տե­սակ­ցու­թիւն մը ու­նե­ցանք Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեա­նին հետ, որ մե­զի յայտ­նեց, թէ Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ այ­սօր նա­խա­տե­սուած հան­դի­պու­մէն ու­նի լուրջ սպա­սում­ներ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017