Թումանեանի Կեանքը Պատմող Խօսուն ԻրԵՐ

94 տա­րի ա­ռաջ Մար­տի 23-ին Մոս­կուա­յի մէջ մահա­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց բա­նաս­տեղծ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նը:

1953-ին  Թու­մա­նեա­նի Թիֆ­լի­զի տու­նէն 9 մեծ բեռ­նա­կառ­քե­րով Ե­րե­ւան փո­խադ­րուե­ցան գրա­գէտին բո­լոր ի­րե­րը: Ա­նոր կնոջ եւ աղ­ջիկ­նե­րուն ջանքե­րով վերս­տեղ­ծուե­ցաւ թիֆ­լի­զեան տու­նը՝ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեան թան­գա­րան ա­նու­նին տակ: Թան­գա­րա­նը հիմ­նադ­րուե­ցաւ 1953-ի Ապ­րի­լին՝ նուիրուած Ա­մե­նայն Հա­յոց բա­նաս­տեղ­ծի մա­հուան 30-ա­մեա­կին: Թան­գա­րա­նին ճար­տա­րա­պետն էր Գրի­գոր Ա­ղա­պա­պեան:

Նշենք, որ 1939-ին Լո­ռի մար­զի Դսեղ գիւ­ղին մէջ բա­նաս­տեղ­ծին հօ­րե­նա­կան տու­նը եւս վե­րա­ծուե­ցաւ տուն-թան­գարա­նի, ծննդեան 70-ա­մեա­կին ա­ռի­թով:

Բա­ւա­կան հե­տաքրք­րա­կան է բա­նաս­տեղ­ծին թիֆ­լի­զեան բնա­կա­րա­նին կրկնօ­րի­նա­կը՝ կա­հա­ւո­րուած նոյ­նութեամբ: Հոն կան ա­նոր կեան­քին եւ գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րող նիւ­թեր՝ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու բնօ­րի­նակներ, լու­սան­կար­ներ, նա­մակ­ներ, ինչ­պէս նաեւ անձ­նա­կան ի­րեր՝ ո­րոնք շատ բան կը պատ­մեն բա­նաս­տեղ­ծին մա­սին…

ՕԼ­ԿԱ­ՅԻՆ ԵՐ­ԳԱ­ՐԱ­ՆԸ

Ժա­մա­նա­կի բո­լոր աղ­ջիկ­նե­րուն պէս եր­գա­րան «պա­հե­լու» սո­վո­րու­թիւն ունէր նաեւ Օլ­կան՝ Յով­հան­նէս Թու­մանեա­նի կի­նը: Եր­գա­րա­նին մէջ կայ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն մը, որ եր­կու տարբեր ձե­ռագ­րե­րով գրուած է: Օլ­կան իր յու­շե­րուն մէջ կը պատ­մէ, որ երբ իրենք նշա­նուած էին, Թու­մա­նեա­նը ե­րե­կոյ մը ի­րենց տու­նը կու գայ եւ կը տես­նէ եր­գա­րա­նը: Երբ Թու­մա­նեա­նը ներս կը մտնէ, այդ պա­հուն Օլ­կան կ՚ընդօ­րի­նա­կէր Ռա­ֆա­յէլ Պատ­կա­նեա­նի «Ան­վերջ գան­գատ­ներ»  բա­նաս­տեղծու­թիւ­նը: Թու­մա­նեան Օլ­կա­յին ձեռ­քէն կ՚առ­նէ գրի­չը եւ բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մի քա­նի տու­նը ին­քը կ՚ար­տագ­րէ եւ տակն ալ կը ստո­րագ­րէ: Օլ­կա Թու­մա­նեա­նի եր­գա­րա­նին մէջ կը գտնուի ե­րի­տա­սարդ բա­նաս­տեղ­ծին առա­ջին ստո­րագ­րու­թիւն­նե­րէն մէ­կը:

Ա­ՄԵ­ՐԻ­ԿԵԱՆ ԿՕ­ՇԻԿ­ՆԵՐ

Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի ա­մե­րի­կեան ար­տադ­րու­թիւն  տնա­յին կօ­շիկ­նե­րը յաճախ կը յայտ­նուին Թիֆ­լի­զի հայ­կա­կան թատ­րո­նի դե­րա­սան­նե­րու ոտ­քե­րուն… Հայ դե­րա­սան­նե­րը Թու­մա­նեա­նի կօ­շիկ­նե­րը փոխ կ՚առ­նէին Համ­լէ­թի դե­րը խա­ղա­լու ա­տեն:

ՃԱ­ԲՈ­ՆԱ­ԿԱՆ ՋԵ­ՌԱԿ­ՆԵՐ

Ցուրտ ե­ղա­նա­կին բա­նաս­տեղ­ծին ձեռքե­րը միշտ գրպան­նե­րուն մէջ կ՚ըլ­լա­յին: Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նը շատ մսկոտ էր, ա­նոր վե­րար­կուին գրպան­նե­րուն մէջ կա­յին ճա­բո­նա­կան ջե­ռակ­ներ՝ ձեռ­քե­րը տաք պա­հե­լու հա­մար:

ՔԱ­ՌԵԱԿ­ՆԵ­ՐՈՒ ՏՈՒ­ՓԸ

Ըն­դա­մէ­նը քա­նի մը տո­ղի մէջ կեանքի ամ­բողջ փի­լի­սո­փա­յու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տած գրա­գէ­տը իր քա­ռեակ­նե­րը կը գրէր թախ­տին պառ­կած: Թու­մա­նեա­նի «Հո­գու կեն­սագ­րու­թիւն­ներ»ը ծնած բա­նաս­տեղ­ծի կեան­քի վեր­ջին տա­րի­ներուն: Ան հի­ւանդ էր եւ թոյլ կը զգար, այդ պատ­ճա­ռով ալ պառ­կած կը գրէր: Քո­վը միշտ թուղթ եւ մա­տիտ կ՚ըլ­լար, որ­պէս­զի մու­սան «կող­քով չանց­նէր»… Ամ­բողջ գի­շե­րը կը գրէր, իսկ պա­տի նհաս­տա­տած էր քա­ռեակ­նե­րուն հա­մար յա­տուկ տուփ մը,  ուր կը զե­տե­ղէր «նո­րա­ծին­նե­րը»…­

ԱՐ­ԾԱ­ԹԵԱՅ ՆՈ­ԹԱ­ՏԵՏ­ՐԸ

Թու­մա­նեան իր 50-րդ տա­րե­դար­ձը տու­նը չտօ­նեց: Ու­րա­խու­թիւն­նե­րու տրա­մադ­րու­թիւն չու­նէր՝ ըն­տա­նե­կան կո­րուստ­նե­րու պատ­ճառով: Ժո­ղո­վուր­դը սա­կայն չէր մոռ­ցած Ամե­նայն Հա­յոց բա­նաս­տեղ­ծին ծննդեան օ­րը. տօ­նա­կան ձեռ­նարկ­ներ ե­ղան տար­բեր վայ­րերու մէջ: Այդ օ­րե­րուն Թու­մա­նեա­նը հրա­ւի­րե­ցին Լո­ռե­ցի­նե­րու հայ­րե­նակ­ցա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը եւ ա­նոր նուի­րե­ցին ար­ծա­թեայ նո­թա­տետր՝ վրան փո­րագ­րուած «Հայ­րե­նի Լո­ռու ան­զու­գա­կան եր­գիչ, սի­րե­լի Յովհան­նէս Թու­մա­նեա­նին»:

ՊԱ­ՀԱ­ՐԱ­ՆԸ ՊԱ­ՀՈՒՈՂ ԳԻՐ­ՔԵՐ

«Խնդրում եմ չծխել եւ գիրք չխնդրել»: Թու­մա­նեա­նը այս գրու­թիւ­նը փակ­ցու­ցած էր գրա­դա­րա­նի պա­տին: Բա­նաս­տեղ­ծը կա­նո­նաւոր կրթու­թիւն չէր ստա­ցած, բայց խոր գի­տե­լիք­ներ ու­նե­ցող գրա­գէտ էր: Այդ գի­տե­լիք­նե­րը ան ամ­բա­րած էր ինք­նակր­թու­թեամբ: Իր կար­ճա­տեւ եւ դժուար կեան­քին ըն­թաց­քին ան 10 հա­զար գիրք հա­ւա­քած էր: Ա­նոր 10 հազար գիր­քե­րէն 8150-ը պահ­պա­նուած են: Եր­կու հա­զար գիրք առ­նուած եւ չէ վե­րա­դար­ձուած: Որ­պէս­զի այ­լեւս չտես­նեն ու գիրք չխնդրեն, ան 13 պա­հա­րան­նե­րու ա­պա­կի­նե­րը ծած­կած էր նկար­նե­րով…

ՊԱ­ՏԻ ԴԵ­ՂԱ­ՏՈՒ­ՓԸ

Թու­մա­նեա­նի թիֆ­լի­զեան տան պա­տին կար դե­ղե­րու փոք­րիկ պա­հա­րան մը: Գրա­գէ­տին մա­հէն ետք, սա­կայն, տու­փին մէջ եր­կար տարի­ներ պահ­պա­նուե­ցաւ ա­նոր սիր­տը: Թու­մա­նեան մա­հա­ցաւ Մոս­կուա­յի հի­ւան­դա­նոց­նե­րէն մէ­կուն մէջ: Ա­նոր կող­քին էին տա­սը զա­ւակ­նե­րէն ե­րե­քը: Թու­մա­նեա­նի մա­հէն ետք ա­նոր որ­դին՝ Ա­րե­գը հօ­րը սիր­տը կը վերց­նէ եւ կը պա­հէ դե­ղա­տու­փին մէջ: «Ես չու­զե­ցի հայ­րի­կի բա­րի սիր­տը թա­փեն: Թա­քուն վերց­րե­ցի»: Թու­մա­նեան կը թա­ղուի Թիֆ­լիզ, իսկ սիր­տը ա­ւե­լի քան քսան տա­րի կը պա­հուի տու­նը:

Այն սե­նեա­կը, ուր դե­ղա­տու­փը զե­տե­ղուած էր, կը գի­շե­րէ գրա­գէտ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեանը: Ան կ՚այ­ցե­լէ Թու­մա­նեա­նի ըն­տա­նի­քին, զրոյ­ցի կը բռնուի, եւ ուշ ժա­մի պատ­ճա­ռով կ՚ո­րոշէ գի­շե­րը հոն ան­ցը­նել: Կը պառ­կի թախ­տին եւ ամ­բողջ գի­շե­րը քու­նը չի տա­նիր: Ա­ռա­ւօ­տեան Թու­մա­նեա­նի տղան սե­նեակ  կը մտնէ եւ կ՚ը­սէ, թէ դե­ղա­տու­փին մէջ հօ­րը սիր­տը պա­հուած է: Ի­սա­հա­կեան կը հասկ­նայ անք­նու­թեան պատ­ճա­ռը: «Ամ­բողջ գի­շեր Օհան­նէ­սի սրտի հետ էի, դրա հա­մար էլ չքնե­ցի»: Շատ յու­զուած դուրս կ՚ել­լէ սե­նեա­կէն եւ խոր­հուրդ կու տայ սիր­տը տու­նը չպա­հել:

Թու­մա­նեա­նի սիր­տը 1994-ին կը թա­ղուի Դսե­ղի հօ­րե­նա­կան տան բա­կին մէջ, բա­նաստեղ­ծին կնոջ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ:

ԹՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱ­ՆԸ Ը­ՍԱԾ Է…

- Աշ­խա­տե­ցէ՛ք ձեր սիր­տը պա­հել մա­քուր ու լի­քը ա­մե­նա­լաւ ու ա­մե­նա­բա­րի զգա­ցում­ներով եւ աշ­խար­հին ու մար­դուն նա­յե­ցէք բա­րի սրտով ու պայ­ծառ հա­յեաց­քով:

- Ա­րուես­տը պի­տի լի­նի աչ­քի նման թա­փանցիկ, պարզ եւ աչ­քի նման բարդ:

- Ինչ սքան­չե­լի բան է, երբ մարդ ար­դար է ու զի­նուած՝ իր լաւ գոր­ծե­րով:

- Տա­ղանդ­նե­րը ապ­րում են մի ո­րոշ ժա­մա­նակաշր­ջա­նում, իսկ հան­ճար­նե­րը՝ բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րում…

- Գե­ղա­րուես­տում ու կեան­քում ա­մե­նաէականն ու ա­մե­նա­թան­կը պար­զու­թիւնն է: Ու­ժը պար­զու­թեան մէջ է. դրա հա­մար Նից­չէ տկար է. նա չու­նի Կէօ­թէի պար­զու­թիւ­նը:

- Բա­նաս­տեղ­ծի ո­տը հա­րա­զատ ու ի­րա­կան հո­ղի վրայ պի­տի լի­նի, նրա­նից յե­տոյ կա­րող է միայն բարձ­րա­նալ, թէ­կուզ գլու­խը մին­չեւ եր­կինք հաս­նի:

- Ժո­ղո­վուրդ­նե­րի մե­ծու­թիւ­նը յայտն­ւում է ի­րենց հո­գե­ւոր կուլ­տու­րա­յի մէջ: Եւ ա­մէն մի ժո­ղովր­դի մե­ծու­թեան նշա­նը իր գրա­կա­նութիւնն է:

- Ա­մե­նա­լաւ ու ա­մե­նա­մեծ բա­նը, որ ես ու­նեցել եմ իմ կեան­քում, այդ ե­ղել է իմ հայ­րը: Նա ազ­նիւ մարդ էր եւ ազ­նուա­կան՝ բա­ռի բովան­դակ մտքով: Չա­փա­զանց մար­դա­սէր ու ա­ռա­տա­ձեռն, ա­ռա­կա­խօս ու զուար­ճա­բան, սա­կայն միշտ ու­նէր մի խոր լրջու­թիւն:

- Ինչ որ սա­րի բան կայ իմ մէջ, դա իմ մօ­րից է՝ նա­նից: Թռչող կին էր իմ մայ­րը, ար­ծի­ւի թռիչք ու­նէր: Ա­մե­նա­բարձր սա­րե­րում, ծաղկոտ տե­ղե­րում է պա­հել ինձ: Շատ բան է տուել ինձ մայրս, շա՜տ… շա՜տ էր սի­րում ինձ:

- Բնու­թիւնն ինձ հա­մար ա­մէն ինչ է: Գու­ցէ ման­կու­թեան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րից է, բայց ես ինձ թե­թեւ եմ զգում բնու­թեան մէջ, մա­նա­ւանդ՝ մեր սա­րե­րում:

ՄԵ­ԾԵ­ՐԸ ԹՈՒ­ՄԱ­ՆԵԱ­ՆԻ ՄԱ­ՍԻՆ

Թու­մա­նեա­նը  վար­պետ է ա­մէն կող­մով, մեծ գե­ղա­րուես­տա­գէտ եւ ժո­ղովր­դա­կան հո­գու իմաս­տուն ու վսեմ թարգ­մա­նը:

Թու­մա­նեա­նի պա­լա­տում

Ով որ քէ­ֆի չի նստել,

­Նա չի տե­սել դեռ խնդում,
­

Աշ­խարհ չի տե­սել:

­Թու­մա­նեա­նի պա­լա­տում

Կը գտնես, ո՜վ մարդ,
­

Ա­նուշ, Ար­փի-ար­բե­ցում,
­

Եւ վարդ, եւ նուարդ…

ՎԱ­ՀԱՆ ՏԷ­ՐԵԱՆ

 Կայ Մե­ծա­րենց, կայ Տէ­րեան, եւ բա­զում ու­րիշ պոէտ­ներ կան, բայց Թու­մա­նեանն է ան­հաս Ա­րա­րա­տը մեր նոր քեր­թու­թեան:

Ե­ՂԻ­ՇԷ ՉԱ­ՐԵՆՑ

ՇՈՒ­ՇԻԿ ՄԱ­ՒԻ­ՍԱ­ԳԱ­ԼԵԱՆ

«Ազ­դակ», Լի­բա­նան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 3, 2017