ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԳՈՐԳԻ ԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի մէջ 2017 թուա­կա­նի Յու­նուար-Փետ­րուար ա­միս­նե­րուն նա­խորդ տա­րուան նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծի հա­մե­մատ գոր­գե­րու եւ գոր­գե­ղէ­նի ար­տադ­րու­թեան ծա­ւա­լը ա­ճած է 60 տո­կո­սով:

Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին վի­ճա­կագ­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւ­նը, ե­թէ 2016 թուա­կա­նի Յու­նուար-Փետ­րուար ա­միս­նե­րուն երկ­րին մէջ ար­տադ­րուած է 0.5 թոն գորգ եւ գոր­գե­ղէն, ա­պա այս տա­րուան նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին՝ 0.8 թոն: Յու­նուար-Փետ­րուար ա­միս­նե­րուն  Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­տադ­րուած է 648.7 հա­զար հատ հա­գուս­տե­ղէն, իսկ 2016 թուա­կա­նի Յու­նուար-Փետ­րուար ա­միս­նե­րուն՝ 500.1 հա­զար հատ: Այս­տեղ ար­տադ­րու­թեան ծա­ւալ­նե­րը ա­ճած են 29.7 առ հա­րիւ­րով: Ա­ւել­ցած են նաեւ բամ­պա­կեայ գոր­ծուածք­նե­րու ար­տադ­րու­թեան ծա­ւալ­նե­րը: Ե­թէ 2016 թուա­կա­նի Յու­նուար-Փետրուար ա­միս­նե­րուն ար­տադ­րուած է 0.2 թոն բամ­պա­կեայ գոր­ծուածք, ա­պա այս տա­րուան նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին՝ 0.4 թոն, որ կրկնա­պա­տի­կէն ա­ւե­լի է: Վի­ճա­կագ­րա­կան տուեալ­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ այս ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին 36.9 առ հա­րիւ­րով նուա­զած է միայն գուլ­պա­յի ար­տադ­րու­թեան ծա­ւա­լը: 2016 թուա­կա­նի Յու­նուար-Փետ­րուար ա­միս­նե­րուն ար­տադ­րուած է 1.592.1  հա­զար զոյգ գուլ­պայ, իսկ 2017 թուա­կա­նի նոյն ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին՝ 1.004.8 հա­զար զոյգ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017