ՋԵՐՄ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Շիշ­լիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ միշտ կը պահ­պա­նէ իր ջերմ բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը մեր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն հետ։ Եր­կար տա­րի­նե­րու իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան ի շա­րու­նա­կու­թիւն՝ այդ ան­մի­ջա­կան շփու­մը կեն­դա­նի կը մնայ փո­խա­դարձ նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ, Սա­րը­կիւլ միշտ կը յի­շէ մեր հա­մայն­քին տօ­նե­րը եւ յատ­կան­շա­կան բո­լոր ա­ռիթ­նե­րով զգա­լի կը դարձ­նէ, թէ ան այ­լեւս պաշ­տօ­նի գլուխ չըլ­լա­լով՝ մոռ­ցած է մեր հա­մայն­քը։ Նոյն ո­գիով ան ե­րէկ պահ­քի սե­ղան մը սար­քեց մեր հա­մայն­քէն իր շրջա­նա­կին հա­մար։

Մաչ­քա­յի «Պոր­սա» ճա­շա­րա­նին մէջ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւ­լի տան­տի­րու­թեամբ սար­քուած պահ­քի սե­ղա­նը ան­ցաւ մտեր­միկ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Սա­րը­կիւլ այս հա­ւա­քոյ­թը կազ­մա­կեր­պած էր մեր հա­մայն­քի շատ սի­րե­լի դէմ­քե­րէն մէ­կուն՝ Վազ­գէն Պա­րը­նի օգ­նու­թեամբ։ Ծա­նօթ է, որ Վազ­գէն Պա­րըն եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւ­լի ան­մի­ջա­կան գոր­ծա­կից­նե­րէն մին է։ Ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Շիշ­լի գա­ւա­ռա­կէն ներս գոր­ծող մեր գրե­թէ բո­լոր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու եւ այլ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ քա­նի մը թա­ղա­պե­տեր։ Սե­ղան­նե­րուն շուրջ ստեղ­ծուե­ցաւ ջերմ զրոյ­ցի մը մթնո­լոր­տը։ Ող­ջոյ­նի խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ եւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր։

Իր խօս­քին մէջ Սա­րը­կիւլ ընդգ­ծեց, որ մեր հա­մայն­քը ա­ռանձ­նա­յա­տուկ տեղ մը ու­նի իր սրտէն ներս։ Ան ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ մեր հա­մայն­քին մա­սին եւ այժ­մէն շնոր­հա­ւո­րեց Ս. Զատ­կի տօ­նը։ Սա­րը­կիւլ ա­ւել­ցուց նաեւ, որ մեր հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րը միշտ զգա­լի կը դարձ­նեն ի­րեն նկատ­մամբ ան­կեղծ սէ­րը։ Ա­ւար­տե­լէ ա­ռաջ իր խօս­քը ան բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Վազ­գէն Պա­րը­նի մա­սին, որ տա­րի­նե­րէ ի վեր հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քով յա­ջո­ղած է մեր հա­մայն­քին եւ իր մի­ջեւ ստեղ­ծել ոս­կեայ ա­մուր կա­մուրջ մը։

Իր կար­գին, Մա­նուկ Էօ­ղէրն ալ մատ­նան­շեց, որ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ մեր հա­մայն­քի մեծ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րու շար­քին կը դա­սուի։ Իր պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան տա­րի­նե­րուն Սա­րը­կիւլ օ­րի­նա­կե­լի գոր­ծիչ մը ե­ղած է հան­դուր­ժո­ղա­կան ո­գիով եւ ա­ռանց խտրա­կա­նու­թեան բո­լո­րին ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցե­լու հե­տա­մուտ սկզբուն­քով։ Մա­նուկ Էօ­ղէրն ալ բարձր գնա­հա­տան­քով ու ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­նե­րով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Վազ­գէն Պա­րը­նի մա­սին՝ միշտ շեշ­տե­լով, որ ա­նոր նուի­րեալ աշ­խա­տան­քով ու մեծ ջան­քե­րով մշա­կուած է այս դրա­կան յա­րա­բե­րու­թիւ­նը։

Ընթ­րի­քի տե­ւո­ղու­թեան Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ մի առ մի շրջե­ցաւ սե­ղան­նե­րը, ող­ջու­նեց բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն ներ­կա­յու­թիւ­նը ու դի­տել տուաւ, թէ իւ­րա­քան­չիւ­րին մաս­նակ­ցու­թիւ­նը մեծ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռած, խո­րա­պէս տպա­ւո­րած է զին­քը։

  

 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 4, 2017