ՄԷԿ-ԵՐԿՈՒ ՕՐ ԵՒՍ…
Պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան գործընթացէն ներս ուշագրաւ իրադարձութիւնները կը շարունակեն իրարու յաջորդել՝ բնորոշելով մեր համայնքին օրակարգը։ Երէկ, օրուան սկիզբին տեղի ունեցան մտահոգիչ իրադարձութիւններ, սակայն օրուան վերջաւորութեան ստեղծուեցաւ ընդհանուր լաւատեսութիւն մը։ Արդարեւ, ըստ զանազան անպաշտօն լսումներու, Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միջեւ կը հասուննայ փոխըմբռնման մթնոլորտ մը։
Երէկ, առաւօտեան ժամերուն, Գումգաբուէն հասան լուրեր, ըստ որոնց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ դռները փակուած էին։ Այս լուրը զգայացունց էր, որովհետեւ յետմիջօրէին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գումգաբու պիտի մեկնէր՝ Պատրիարքարանի մէջ տեսակցելու համար Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Այդ հանդիպումէն առաջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախատեսած էր մտնել Մայր եկեղեցի։ Զուգահեռաբար շրջանառութեան մէջ մտած էին լսումներ, թէ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն մը։ Այս խառնաշփոթ վիճակին մէջ Պատրիարքարանը հրահանգած էր փակել Մայր եկեղեցւոյ դռները։ Ժամը շուրջ 15.00-ին, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ժամանեց Մայր եկեղեցի, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ուղեկցութեամբ։ Մայր եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած էին մեր համայնքի խումբ մը անդամներ։ Այնտեղ էին նաեւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ իր ընկերները։ Նախատեսուած ժամուն, բացի Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանէն եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանէն, ոեւէ հոգեւորական չկար Գումգաբուի մէջ։ Ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան տեղին ձեւով կատարեց նախաձեռնութիւն մը ու եկեղեցւոյ պաշտօնէութեան հրահանգեց՝ որպէսզի բացուին դռները։ Այս իրավիճակին մէջ նախ ներկայ ժողովուրդը մուտք գործեց եկեղեցի, աւելի վերջ ալ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան դէպի խորան առաջնորդուեցաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։ Տեղի ունեցաւ կարճ արարողութիւն մը։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան՝ որպէս Կրօնական ժողովի ատենապետ, ողջունեց Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանը՝ զայն անուանելով խաղաղութեան աղաւնի։ Իր կարգին, ընտրեալ-տեղապահը շնորհակալութիւն յայտնեց ու միեւնոյն ժամանակ արտայայտեց իր ուրախութիւնը այս աղօթքին համար։ Ան ըսաւ, որ երկար ժամանակէ ի վեր Պատրիարքական Աթոռը թափուր է ու կը սպասուի նոր գահակալի մը ընտրութեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ալ միշտ կը քննարկուէին այս բոլոր հարցերը։ «Եկեղեցի կը նշանակէ ժողովուրդ», ըսաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ աւելցուց, թէ ինքն ալ վերահասու դարձած է ժողովուրդի ընտրութեան փափաքին։ Ան ցաւալի համարեց Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին թափուր մնալը այսքան ժամանակէ ի վեր։ Իր խօսքերով, անհրաժեշտ է Պատրիարքական Աթոռը նոր գահակալով մը օժտել՝ որպէսզի ան կարենայ դիմագրաւել բոլոր պահանջները։ Ինքն ալ որպէս նախկին պոլսահայ անտարբեր չէ մնացած այդ բոլորին նկատմամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը յիշեցուց, որ կը գտնուինք Մեծ պահոց շրջանին մէջ եւ անոր ոգիին համապատասխան ձեւով պէտք է յառաջ տանիլ ներկայ գործընթացը։ Ան բոլորին յորդորեց՝ զերծ մնալ լարուածութենէ, որովհետեւ լարուածութիւնն ու կռիւները չեն կրնար յաղթական արդիւնք մը ապահովել։ Նորին Սրբազնութիւնը հերթական անգամ անհանգստութիւն յայտնեց նաեւ համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած անվայել գրութիւններուն շուրջ։ Իր խօսքերով, վիրաւորանքներ պէտք չէ ըլլան եւ ամէն ինչ ներդաշնակութեամբ պէտք է յառաջ տարուի։ «Մեր աղօթքն է, որպէսզի մեր ժողովուրդին առջեւ նոր շրջան մը բացուի։ Յառաջիկայ սերունդներուն պէտք է փոխանցենք մեր ժառանգութիւնը», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը եւ աւելցուց, որ պէտք չէ ըլլալ ջղային ու պէտք է ապաւինիլ Աստուծոյ օրհնութեան։
Արարողութեան աւարտին ներկաները ընտրեալ-տեղապահին Աջը առին եւ ան առաջնորդուեցաւ Մայր եկեղեցւոյ խորհրդարանը։ Նորին Սրբազնութիւնը նախ զրուցեց իր ներկայ համախոհներուն հետ, իսկ աւելի վերջ ներկայ հաւատացեալներն ալ իրեն մօտենալով հնարաւորութիւն ունեցան զրուցելու անոր հետ։ Ժամը շուրջ 16.00-ին, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցան Պատրիարքարան՝ իրենց հետն ունենալով մեր ազգայիններէն Թորոս Ալճանը, Յարութիւն Շանլըն եւ իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլը։ Պատրիարքարանի մէջ էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Նոյնիսկ նկարահանման համար ժողովի սկիզբին կամ վերջաւորութեան չընդունուեցան մամլոյ ներկայացուցիչները։ Դռնփակ քննարկումները տեւեցին շուրջ երեք ժամ։ Զանազան ձեւաչափերով յառաջ տարուեցան այդ աշխատանքները։ Կարգ մը փուլերու մէջ առանձնացան Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Կարգ մը փուլերու մէջ անոնց միացան Պետրոս Շիրինօղլու եւ Թորոս Ալճան։ Եղան նաեւ յարաբերաբար աւելի բազմանդամ քննարկումներ, վերոյիշեալ անուններուն մասնակցութեամբ, սակայն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընտրեց չմասնակցիլ այդ պահերուն։
Ընդհանուր առմամբ, արդիւնքը այն է, որ մէկ-երկու օր եւս պէտք է համբերել Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միջեւ գոյացած փոխըմբռնման մթնոլորտի վերջնական հասունացման համար։ Պատրիարքարանի խորհրդակցութիւններու աւարտին, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Մայր եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ հակիրճ զրոյց մը ունեցան մամլոյ ներկայացուցիչներուն եւ ընտրեալ-տեղապահի խումբ մը համախոհներուն հետ։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան այս առթիւ նշեց, որ Պետրոս Շիրինօղլու ըստ էութեան փոխանցած է պետութեան սպասումները։ Հաշուի առնելով, որ Պետրոս Շիրինօղլու երէկ մամլոյ միջոցով կոչ ուղղած էր ընտերալ-տեղապահի հրաժարականին համար՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան անդրադարձաւ նաեւ այս հանգամանքին։ Մեր հարցումին պատասխանելով՝ ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւրը ազատ է ունենալ իր կարծիքը։ Մայր եկեղեցւոյ խորհրդարանին մէջ ընտրեալ-տեղապահը բացատրեց, որ եթէ ինք մնայ Իսթանպուլի մէջ, ապա պէտք է գիտնայ, թէ ի՞նչ իրաւասութիւններ կրնայ ունենալ։ Ըստ իր բացատրութիւններուն, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի տեղապահ ընտրուած ըլլալու հանգամանքը վէճի առարկայ չէ, սակայն այս պահուն քննարկումները կը խտանան այն հանգամանքին վրայ, թէ ե՛րբ կրնայ սկսիլ իր հաւանական պաշտօնավարութիւնը՝ հաշուի առնելով պատկան իշխանութիւններուն վերաբերմունքը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան լրագրողներուն անկեղծօրէն տեղեկացուց, թէ կան նաեւ այլ մանրամասնութիւններ, սակայն անոնց հրապարակումը վաղ կը համարուի։ Ուստի, ան տեղեկացուց, որ մէկ-երկու օրուան ընթացքին իր եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միջեւ պիտի պատրաստուին ու պիտի փոխանակուին գրաւոր տուեալներ, որոնց հիման վրայ կարելի ըլլայ յստակութիւն ապահովել։
Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան իր յայտարարութիւններուն մէջ մասնաւորաբար շեշտեց, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յարգալիր վերաբերմունք ցոյց տուած է թէ՛ իրեն եւ թէ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նկատմամբ։ Քննարկումներու մթնոլորտը ատեն-ատեն թէեւ ելեկտրականացած է, սակայն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի վրայ որեւէ ճնշում չէ գործադրուած։ Ընտրեալ-տեղապահին խօսքով, թէ՛ իր, թէ՛ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ թէ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ նախատեսուած լուծման տարբերակները պիտի համադրուին յառաջիկայ օրերուն։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մատնանշեց, որ արդիւնքէն տեղեակ պիտի պահուի նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը, որովհետեւ այս գործընթացը սկիզբ առած է Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։
Երէկուան տեսակցութիւնը, ընդհանուր առմամբ յարաբերաբար լաւատես մթնոլորտ մը ստեղծած է համայնքէն ներս եւ հիմա բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այդ արդիւնքին վրայ։