ՈՒՇԱԴԻՐ ՍՊԱՍՈՒՄ
Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած տագնապալի կացութիւնը կը շարունակէ միշտ բնորոշել մեր համայնքի հրատապ օրակարգը։ Ուշադիր սպասումի մը մէջ են համայնքային շրջանակները։ Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միջեւ նախընթաց օր տեղի ունեցած հանդիպման հաւանական արդիւնքին կը սպասուի հետաքրքրութեամբ։ Երկու սրբազաններու երկխօսութեան նպատակն էր առկայ թնճուկին գտնել լուծում մը՝ առանց հակադրելու մեր եկեղեցական կանոններն ու պետութեան սպասումները։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախընթաց օր յայտնած էր, թէ մէկ-երկու օրէն յայտնի պիտի դառնայ Պատրիարքարանի իրենց տեսակցութեան արդիւնքը։ Ուստի, մեր համայնքէն ներս ներկայիս հիմնական հարցումը այն է, թէ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան պիտի կարենա՞ն հասնիլ համաձայնութեան մը։ Բնականաբար, բոլորը տրամադրուած են դրականօրէն։ Իսկ եթէ չգոյանայ այդ համաձայնութիւնը, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Այս հարցումն ալ կը մնայ ի զօրու, սակայն համայնքային շրջանակները կը սիրեն յուսալ, որ այդ հաւանականութիւնը չդառնայ իրականութիւն։
Միւս կողմէ, Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան անցեալ շաբաթավերջին կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մասին երէկ ուշ երեկոյեան հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։ Ան այդ տեսակցութենէն անմիջապէս վերջ գրի առած էր տպաւորութիւններ, իսկ այժմ մամուլին ուղարկած է զեկոյց մը, որով կը յայտնէ, թէ կուսակալութեան մէջ իրենց չէ ըսուած, որ յաչս պաշտօնական մարմիններու ներկայիս Պատրիարքական Աթոռի միակ երկխօսն է Տ. Արամ Արք. Աթէշեան՝ իր բոլոր լիազօրութիւններով, մինչեւ նոր պատրիարքի մը ընտրուիլը։ Ըստ երեւոյթին Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը հերքէ կուսակալութեան մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն վերջ Պատրիարքարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցը։ «Եթէ հանդիպման ընթացքին մեր ուշադրութենէն սպրդած հանգամանք մը եղած է եւ կամ պետական մարմինները այլ տեսակցութեան մը ընթացքին նման յայտարարութիւն մը ըրած են, ապա իրաւասուները այս մէկուն իրաւական ու սահմանադրական հիմնաւորումները պէտք է մեզի բացատրեն», ըսած է Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Կրօնական ժողովի ատենապետը, միեւնոյն ժամանակ, այս կէտին տեսակէտէ տարակարծութիւն յայտնած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի վերջին յայտարարութեան մէջ հրապարակած տեսակէտներուն եւ մօտեցումներուն։