Էտուարտ Սահակեան՝ «Habanos Man Of The Year»
Հաւանա քաղաքի «Habanos man of the year» հանրածանօթ մրցանակին կը տիրանայ այն անձը, որ ամենէն շատ ներդրում ունեցած է քուպական սիկառներու շուկայի շահաբեր արդիւնաբերութեան ու տարածման մէջ:
2017 թուականի Քուպայի Հաւանա քաղաքի մրցումին լոնտոնաբնակ Էտուարտ Սահակեան կ՚արժանանայ այդ մրցանակին:
Էտուարտ Սահակեան հանրածանօթ է սիկառի աշխարհին. ան շատ կանուխէն, երիտասարդ տարիքին կը ցուցաբերէ լուրջ հետաքրքրութիւն սիկառի նկատմամբ: 1979-ին Իրանի յեղափոխութեան պատճառով ամբողջութեամբ կը կորսնցնէ իր հօրենական զովացուցիչներու ու գարեջուրի «Սահակեան» ընկերութեան հսկայական գործարանները եւ կ՚որոշէ իր ընտանիքով հաստատուիլ Լոնտոն:
Արդէն իսկ երեսունհինգ տարեկանին իր հաւաքածոյին մէջ կրցած էր աւելցնել Ալֆրէտ Տանհիլի «Հապանոս» սիկառի բազմաթիւ հազուագիւտ նմոյշներ: Ծխախոտի ասպարէզին մէջ բաւականաչափ ծանօթութիւն ունենալուն շնորհիւ Լոնտոնի մէջ պատեհ առիթներ կը տեսնէ փոխելու իր հօրենական գործը եւ նետուելու սիկառի առեւտուրի ասպարէզին մէջ, ուստի կը հիմնէ «Տաւիտոֆֆ» հաստատութիւնը Լոնտոնի Սենթ Ճէյմս եւ Ճերմին Սթրիթ պատկառելի պողոտաներու անկիւնադարձին վրայ:
Գործը կը յառաջդիմէ կարճ ժամանակի մէջ. Լոնտոնի «Տաւիտոֆֆ» հաստատութեան յաջողութեան գաղտնիքները կ՚ըլլան Էտուարտի՝ առեւտրական անհրաժեշտ սկզբունքներուն հանդէպ ունեցած լուրջ մօտեցումը՝ սիկառի ընտրութիւն, որակ, այլազանութիւն, սպասարկութիւն եւ առանձնայատուկ ուշադրութիւն յաճախորդներու ճաշակին:
Քուպա կատարած յաճախակի ճամբորդութիւններուն ընթացքին Էտուարտ մօտէն կը ծանօթանայ սիկառի արհեստի մանրամասնութեան, յարաբերութիւններ կը մշակէ «Հապանոս» ընկերութեան տնօրէններուն հետ եւ կը յաջողի առաջին տարիներէն սկսեալ սերտ գործակցութիւն հաստատել անոնց հետ, մինչեւ իսկ կը ծանօթանայ նշանաւոր սիկառ փաթթող կիներու՝ մասնաւորապէս հանրածանօթ Նորմա Ֆեռնանտէզի հետ, որուն հետ բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի սերտ կապ մը ունի մինչեւ օրս:
Էտուարտ Սահակեանի Լոնտոնի «Տաւիտոֆֆ» խանութը այսօր օժտուած է նաեւ յաճախորդներու կողմէ փնտռուած սիկառի հազուագիւտ տեսականիով եւ ան իր մասնագիտութեան ու հիւրընկալութեան շնորհիւ դարձած է ճանչցուած հեղինակութիւն սիկառի սիրահարներուն համար: Էտուարտ տարիներէ ի վեր կը մասնակցի զանազան երկիրներու ցուցահանդէս-վաճառքներու, ինչպէս նաեւ իբրեւ հեղինակութիւն կը հրաւիրուի համագումարներու, որոնց ընթացքին սիկառի վաճառականներու եւ սիրողական ծխողներու քուպական սիկառներու բարդ այլազանութեան մասին բացատրութիւններ եւ ցուցմունքներ կու տայ:
Այսօր Էտուարտին միացած է իր զաւակը՝ Էտին, եւ անոնք միասին ընդլայնած են իրենց «Տաւիտոֆֆ» հաստատութեան սպասարկութիւնը: «Էտուարտ Տաւիտոֆֆ Սահակեան» անունը իբրեւ սիկառի մասնագէտ լաւ ճանչցուած է եւրոպացիներու եւ նոյնիսկ յատուկ ժողովրդականութիւն ունի ամերիկացիներուն քով, մինչեւ իսկ «Պուլկարի» պան-դոկին մէջ այժմ ունին առանձին, սիկառ ծխելու յատուկ սենեակներ, ուր անուանի դերասաններ, անձնաւորութիւններ կու գան իրենց երանութիւնը գտնելու՝ ըմբոշխնելով Սահակեաններուն առաջարկած տարբեր սիկառները:
Անակնկալ մը չէ տեսնել այս տարուան 2017-ի Մարտին Քուպայի «Habanos man of the year in business» պատկառելի մրցանակի վիճակուիլը Էտուարտ Սահակեանին: Արդարեւ, Լոնտոնի անգլիատառ թերթերը այս լուրին խանդավառութեամբ ու հպարտութեամբ անդրադարձան իրենց սիւնակներուն մէջ: Կ՚իմանանք Էտուարտէն, որ այս հանդիսութեան ընթացքին ուրիշ հաճելի անակնկալ մը եւս յուզած է զինք:
Էտուարտ անակնկալօրէն կը հանդիպի հայազգի Արա Մալիքեան տաղանդաւոր ջութակահարին, որ մասնաւորապէս հրաւիրուած է նուագելու Հաւանայի մրցանակաբաշխութեան հանդիսութեան:
Քուպայի մէջ տարբեր ասպարէզ ընտրած երկու սփիւռքահայեր, բոլորովին իրարու անծանօթ, աստղերն էին այդ երեկոյին եւ մեծ հրճուանքով ու յուզումով կը յայտնաբերէին զիրար:
Էտուարտ՝ պարսկահայ, հաս-տատուած Անգլիա, Արա՝ լիբանանահայ, հաստատուած Սպա-նիա, կու գան օտար երկինքներու տակ փայլեցնելու հայուն անունը:
«Ամէն տեղ հայ կայ», ըսած է Մավեան:
Եւ իրօք:
ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ