ԼՈՒՐՋ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐ

Վե­նե­տի­կի Ս. Ղա­զար կղզիէն՝ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան մայ­րա­վան­քէն շա­բա­թա­վեր­ջին պաշ­տօ­նա­պէս փո­խան­ցուե­ցան կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ։ Այս­պէս, Ապ­րի­լի 2-ին, Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան դի­ւա­նը հրա­պա­րա­կեց մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ո­րով կա­րե­ւոր տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը փո­խան­ցուին ներ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն եւ ա­նոնց դի­մագ­րաւ­ման հե­ռան­կար­նե­րուն շուրջ։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, 30 Ապ­րիլ 2016 թուա­կա­նին Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան հա­մար նշա­նա­կուած էր պա­պա­կան պա­տուի­րակ՝ լիա­զօր ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րով։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռի նշա­նակ­ման յա­ջոր­դած շրջա­նին տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րը կը ներ­կա­յա­ցուին այս հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նով։ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թիւ­նը ներ­կա­յիս ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն հա­շուի կ՚առ­նէ կո­չում­նե­րու նուա­զու­մը, բարձր պարտ­քե­րով պայ­մա­նա­ւո­րուած տնտե­սա­կան հար­ցե­րը եւ միա­բա­նու­թեան մէ­կէ ա­ւե­լի կա­լուած­նե­րու անպտ­ղա­բեր կա­ցու­թիւ­նը։ Փա­րի­զի «Նոր Յա­ռաջ» թեր­թէն ար­տատ­պե­լով ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան դի­ւա­նի մամ­լոյ հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը։

*

Դի­ւա­նիս 31 Մա­յիս 2016 թուա­կիր հա­ղոր­դագ­րու­թեամբ տե­ղեակ պա­հեր էինք պա­տուա­կան հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, որ վեր­ջին տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան դի­մագ­րա­ւած տնտե­սա­կան եւ այլ կարգ մը հար­ցե­րուն ա­ռըն­չու­թեամբ, իբ­րեւ նե­ցուկ եւ օ­ժան­դակ նման հար­ցե­րու լուծ­ման հա­մար՝ Հռո­մի Ս. Ա­թո­ռին կող­մէ կար­գուած էին հեր­թա­բար, 1977 թուա­կա­նէն սկսեալ, մաս­նա­ւոր խորհր­դա­կան­ներ եւ գոր­ծա­կա­տար­ներ, «այ­ցե­լու» տիտ­ղո­սով եւ տար­բեր ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րով օժ­տուած։ Այս ան­ձե­րը, ծա­նօթ՝ ի­րենց վար­չա­կան, գի­տա­կան, հո­գե­ւոր կամ մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թեամբ, յա­ճախ նաեւ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ, ոչ հայ կրօ­նա­ւոր­ներ էին, ե­կե­ղե­ցա­կան տար­բեր աս­տի­ճան­նե­րով։

Դժբախ­տա­բար, այդ հեր­թա­կան «այ­ցե­լու­թիւն»նե­րէն չէին քա­ղուած ակն­կա­լուած վերջ­նա­կան արդիւնք­նե­րը։ Ի տես այս ի­րադ­րու­թեան, 30 Ապ­րիլ 2016 թուա­կիր վճռագ­րով, Ն.Ս. Փրան­կիս­կոս Պա­պը Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան հա­մար Պա­պա­կան պա­տուի­րակ կը նշա­նա­կէր, լիա­զօր ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րով, Պոլ­սոյ Հայ կա­թո­ղի­կէ թե­մի ա­ռաջ­նորդ Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեա­նը։ Պա­տուի­րա­կի ի­րա­ւա­սու­թիւն­նե­րը լրիւ ի զօ­րու կը դառ­նա­յին, ստո­րագ­րու­թեան ի­րա­ւուն­քով՝ նաեւ քա­ղա­քա­կան ա­տեան­նե­րու առ­ջեւ, 1 Յու­նիս 2016 թուա­կա­նէն սկսեալ։

Հիմ­նա­կան հար­ցե­րը, ո­րոնք կը ծա­ռա­նա­յին Միա­բա­նու­թեան առ­ջեւ, զար­գա­ցող սրա­ծու­թեամբ, ան­ցեալ տաս­նա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին, կա­րե­լի է վե­րա­ծել խոր­քին մէջ հե­տե­ւեալ ե­րեք կէ­տե­րուն՝

Ա) Կրօ­նա­ւո­րա­կան եւ քա­հա­նա­յա­կան կո­չում­ներու նուա­զու­մը, որ ե­րաշ­խի­քը կը կազմէ գո­յա­տեւ­ման։

Բ) Տնտե­սա­կան հար­ցը, բնո­րոշուած յատ­կա­պէս բարձր պարտ­քե­րով։

Գ) Միա­բա­նա­կան մէ­կէ ա­ւե­լի ան­շարժ գոյ­քե­րու (կա­լուած­նե­րու) անպտ­ղա­բեր եւ տա­կաւ վատ­թա­րա­ցող վի­ճա­կը, ար­դիւնք նաեւ նիւ­թա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ անձ­նա­կազ­մի պա­կա­սի։

Հարկ է ըն­դու­նիլ, որ ա­ռա­ջին կէ­տը հա­մընդ­հա­նուր ե­րե­ւոյթ է՝ յատ­կա­պէս ա­րեւմտեան եր­կիր­նե­րու հա­մա­կար­գե­րուն մէջ, որ ուժգ­նօ­րէն ազ­դած է նաեւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի վրայ, ա­ւան­դա­բար գլխա­ւոր ծաղ­կա­նո­ցը Մխի­թա­րեան­նե­րու եւ ող­բեր­գա­կա­նօ­րէն թի­րա­խը՝ շուրջ կէս դա­րէ ի վեր քա­ղա­քա­ցիա­կան ա­ւե­րիչ պա­տե­րազմ­նե­րու։ Այս ուղ­ղու­թեամբ կը մշա­կուին ար­դէն ծրագ­րեր՝ թէ՛ ի տես կո­չում­նե­րու հնա­րա­ւոր բազ­մաց­ման եւ թէ յատ­կա­պէս կա­նո­նա­կան եւ ի­րա­ւա­կան մի­ջոց­նե­րու գո­յաց­ման, պահ­պա­նե­լու հա­մար յստա­կօ­րէն լրիւ եւ վճռա­կա­նօ­րէն Միա­բա­նու­թեան հա­յե­ցի եւ մխի­թա­րեան ինք­նու­թիւ­նը, նաեւ ո­րե­ւէ ա­նակն­կալ հա­ւա­նա­կա­նու­թեան պա­րա­գա­յին։

Ինչ կը վե­րա­բե­րի երկ­րորդ կէ­տին, անց­նող տա­սը ա­միս­նե­րու ըն­թաց­քին տե­ղի ու­նե­ցած է պարտ­քե­րու նուա­զում մը, թէ՛ ո­րոշ նուի­րատո­ւու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ եւ թէ վա­ճա­ռու­մո­վը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր լքուած ու ներ­կայ մի­ջոց­նե­րով շա­հա­գոր­ծու­մը ան­կա­րե­լի դար­ձած ինչ-ինչ դա­տարկ տա­րածք­նե­րու։

Տ. Լե­ւոն Ար­քե­պիս­կո­պո­սի նշա­նա­կու­մէն քիչ ժա­մա­նակ ա­ռաջ բա­ւա­կան շփոթ ստեղ­ծեր էր Լի­բա­նա­նի Հազ­միէ թա­ղա­մա­սին մէջ գտնուող Մխի­թա­րեան կա­լուա­ծին վա­ճառ­ման ծրա­գի­րը, ուր կը գոր­ծէ նաեւ հա­մեստ դպրոց մը։ Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան, հա­զիւ նշա­նա­կուած, միա­բա­նա­կից­նե­րուն պաշ­տօ­նա­պէս յայ­տա­րա­րեց, որ բա­ցար­ձա­կա­պէս չեն վա­ճա­ռուիր՝

ա) հաս­տա­տա­կար­գա­յին գոյ­քե­րը (օր. Վե­նե­տի­կի Մու­րատ-Ռա­փա­յէ­լեան եւ Սեւ­րի Սա­մուէլ Մու­րա­տեան վար­ժա­րան­նե­րը. ան­շուշտ բո­լո­րո­վին ա­ւե­լորդ իսկ է նոյն հաս­տա­տու­մը ը­նել Ս. Ղա­զա­րու մայ­րա­վան­քին եւ Վիեն­նա­յի մե­նաս­տա­նին նկատ­մամբ, քանի որ ա­սոնց բա­ցար­ձակ ան­ձեռնմ­խե­լիու­թիւ­նը գրա­ւա­կա­նը եւ խորհր­դա­նիշն է միան­գա­մայն Միա­բա­նու­թեան գո­յա­տեւ­ման),

բ) Հազ­միէն։

Ներ­կայ հա­ղոր­դագ­րու­թեան նպա­տակն է ո­րոշ տե­ղե­կու­թիւն­ներ հա­ղոր­դել հան­րու­թեան՝ ներ­կա­յիս մշակուած ծրագ­րե­րու մա­սին, փա­րա­տե­լու հա­մար նաեւ կարգ մը պա­տա­հա­կան թիւ­րի­մա­ցու­թիւն­ներ։

Ա) Մու­րատ-Ռա­փա­յէ­լեան

եւ Սեւ­րի Սա­մուէլ Մու­րա­տեան վար­ժա­րան­ներ

Եր­կու մե­ծա­գին կա­լուած­ներ, ո­րոնք ա­ւե­լի քան մէ­կու­կէս դար ծա­ռա­յած են իբ­րեւ ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի կրթարան­ներ, լոյս եւ սնունդ ջամ­բե­լով հայ ընտ­րա­նի մանկ­տիին -եւ յատ­կա­պէս ա­ռա­ջի­նը- ա­մե­նէն բախ­տո­րոշ դե­րը կա­տա­րած են Հայ Զար­թօն­քի շար­ժու­մին ծլար­ձակ­ման եւ ծա­ւալ­ման մէջ հա­նուր հայ գաղ­թօ­ճախ­նե­րու եւ մայր Երկ­րի տա­րած­քին։ Այդ կա­լուած­նե­րը բա­ւա­կան ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը գտնուին հա­մե­մա­տա­բար ան­բա­րօր պայ­ման­նե­րու մէջ, մերթ են­թա­կայ նաեւ վթա­րա­յին վտանգ­նե­րու։

Այս կա­լուած­նե­րուն ժամ ա­ռաջ, պատ­մա­կան շէն­քե­րու վե­րա­նո­րոգ­ման մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նի­շե­րու հա­մա­ձայն, գոր­ծա­ծու­թեան վերս­տաց­ման եւ հայ ժո­ղո­վուր­դի ծո­ցին մէջ ի­րենց պատ­մա­կան մշա­կու­թա­յին վիթ­խա­րի դե­րին վե­րար­ծարծ­ման պա­հան­ջը այ­սօր ան­յե­տաձ­գե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն է։

Ներ­կա­յիս Միա­բա­նու­թիւ­նը կը գտնուի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մէջ տնտե­սա­պէս կա­րող եւ ծա­նօթ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ, սա հիմ­նա­կան բնա­բա­նով՝ որ այդ կա­լուած­նե­րուն մէկ մա­սը վե­րա­նո­րո­գուի, ըստ պատ­շա­ճի, որ­պէս հա­սու­թա­բեր գոյք, ու ե­կած հա­սոյ­թին մէկ մա­սով, որ վճա­րուի Միա­բա­նու­թեան՝ իբ­րեւ տա­րե­կան վար­ձա­կա­լու­թիւն, ծա­ւա­լին մշա­կու­թա­յին, գի­տա­կան, կրթա­կան հա­մա­կար­գուած նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­ներ կա­լուա­ծի այն մա­սին մէջ, որ ըստ պայ­մանգ­րու­թեան, յատ­կա­ցուած պի­տի ըլ­լայ լոկ միա­բա­նա­կան գոր­ծա­ծու­թեան, ի տես սոյն նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րու մշակ­ման։

­Ծա­նօթ է, որ մեր Նախ­նիք, գրե­թէ միշտ, ի­րենց կա­ռու­ցած ե­կե­ղե­ցի­նե­րը եւ ու­սում­նա­րան­նե­րը օժ­տած են հա­սու­թա­բեր կա­լուած­նե­րով, որ­պէս­զի ի վի­ճա­կի ըլ­լա­յին ծա­ւա­լել ի­րենց կրօ­նա­կան եւ մշա­կու­թա­յին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։ Նոյ­նինքն Մու­րատ-Ռա­փա­յէ­լեան վար­ժա­րա­նը ու­նե­ցած է հա­սու­թա­բեր բազ­մա­թիւ կա­լուած­ներ Փա­տո­վա քա­ղա­քի եւ Վե­նե­թօ նա­հան­գի այլ վայ­րե­րուն մէջ, ո­րով՝ դար մը եւ ա­ւե­լի հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռած են նոյ­նիսկ անվ­ճար դաս­տիա­րա­կե­լու ան­հա­մար հայ սե­րունդ­ներ։ Այդ կա­լուած­նե­րը դժբախ­տա­բար վա­ճա­ռուած են Ի. դա­րու եօ­թա­նաս­նա­կան թուա­կան­նե­րէն սկսեալ, թող­լով հաս­տա­տու­թիւ­նը ա­ռանց մնա­յուն ե­կա­մու­տի։

Նա­խա­տե­սուած ծախ­սը բար­ւոք վե­րա­նո­րոգ­ման հա­մար, կը հաս­նի բարձր գու­մար­նե­րու։ Իսկ տա­րե­կան վար­ձա­կա­լու­թեան իբ­րեւ նուա­զա­գոյն սահ­ման կը նա­խա­տե­սուի գու­մար մը, որ ար­տօ­նէ Միա­բա­նու­թեան, այս եւ նման կա­լուած­նե­րու հա­սոյթ­նե­րով, ո՛չ միայն ծա­ւա­լել հայ ժո­ղո­վուր­դի ժա­մա­նա­կա­կից կա­րիք­նե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան գոր­ծու­նէու­թիւն­ներ, այլ նաեւ կա­րե­նայ ըստ ար­ժան­ւոյն պահ­պա­նել այն վիթ­խա­րի մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը -ձե­ռագ­րեր, նկար­ներ, հնա­տիպ գրքեր, հնադ­րոշմ կա­հոյք եւ ա­ռար­կա­ներ, եւ այլն- որ նաեւ կը կազ­մեն հայ ժո­ղո­վուր­դի հարս­տու­թիւ­նը։

Ներ­կա­յիւս կ՚ու­զենք յայ­տա­րա­րել միան­գա­մայն, որ ա­ռա­ջարկ­ներ, ինչ­պէս վե­րեւ յի­շուած­նե­րը, զորս կրնան ներ­կա­յաց­նել հայ կամ այլ ըն­կե­րու­թիւն­ներ եւ ան­հատ­ներ, նկա­տի պի­տի առ­նուին ա­մե­նայն լրջու­թեամբ -կը կրկնենք- ըստ վե­րա­նո­րոգ­ման մի­ջազ­գա­յին լա­ւա­գոյն չա­փա­նի­շե­րու եւ վար­ձա­կա­լու­թեան օ­րի­նա­կան պայ­ման­նե­րու, հա­մա­ձայն՝ միա­բա­նա­կան ծրագ­րին, պա­հե­լու եւ զար­գաց­նե­լու հա­մար կա­լուած­նե­րուն տա­րա­մեր­ժօ­րէն մշա­կոյ­թի յատ­կա­ցուած ան­ձեռնմ­խե­լի բա­ժին­նե­րը։

Նկա­տի ա­ռած ի­րադ­րու­թեան հար­կադ­րիչ հան­գա­մանք­նե­րը եւ գործ­նա­կան քայ­լե­րու հա­մար անհ­րա­ժեշտ ստու­գում­նե­րու, ար­տօ­նու­թիւն­նե­րու եւ տնօ­րի­նում­նե­րու եր­կար գոր­ծըն­թա­ցը, ա­ռա­ջարկ­նե­րու իբ­րեւ պայ­մա­նա­ժամ կը հաս­տա­տուի 30 Յու­նիս 2017 թուա­կա­նը։ Կը խնդրուի բո­լո­րէն, որ հար­ցին մօ­տե­նան գործ­նա­կա­նօ­րէն, ա­ռանց մնա­լու կա­ղա­պա­րուած, հռե­տո­րա­կան բա­նա­ձե­ւե­րու մէջ կամ կրկնե­լով բազ­մա­տաս­նա­մեայ յան­կերգ­ներ, ո­րոնք կը մնան ան­խու­սա­փե­լիօ­րէն ամ­լու­թեան սահ­ման­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս կը տես­նուի նաեւ մեր­ձա­ւոր պատ­մու­թե­նէն եւ ա­ռօ­րեա­յէն։

Բ) Հազ­միէ

Հազ­միէի կա­լուա­ծը կը վա­յե­լէ ար­դէն Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի չա­փա­նի­շով ծա­նօթ հայ գոր­ծա­կա­լու­թեան մը ար­հես­տա­վարժ հո­գա­տա­րու­թիւ­նը։ Նպա­տակն է այն­տեղ գոր­ծող դպրո­ցը փո­խադ­րել Ռաու­տա, յետ այս­տե­ղի կա­լուա­ծին վե­րա­նո­րոգ­ման, իսկ պա­հել Հազ­միէն որ­պէս նո­րա­շէն հա­սու­թա­բեր կա­լուած՝ ի նպաստ գլխա­ւո­րա­բար Միա­բա­նու­թեան Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ գոր­ծու­նէու­թեան։

Այս հա­ղոր­դագ­րու­թիւ­նը կը հրա­պա­րա­կուի ի գի­տու­թիւն եւ ի լու­սա­բա­նու­թիւն մեր ժո­ղո­վուր­դին եւ բո­լոր բա­րեա­ցա­կամ, հայ մշա­կոյ­թով եւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան բա­րի­քով հե­տաքրք­րուած ան­ձե­րուն եւ խում­բե­րուն։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 6, 2017