«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԽՄԲԱԳՐԱՏՈՒՆՍ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ։ Մեր հիւրերը եղան այս տարուան աւարտական դասարանէն Ճուլիա Բերգամալեան, Արթուր Նորիկեան, Անահիտ Ադամեան, Ճուլիեթթա Պօղոսեան, Ժաննա Միքայէլեան։ Իրենց կ՚ընկերանային փոխ-տնօրէն Դաւիթ Խաչատրեան, ուսուցչական կազմէն Լիլիթ Պօղոսեան եւ Թաթիանա Դաւթեան, ինչպէս նաեւ դպրոցի բարերար Արթօ Հորոզօղլու, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ կամաւորներէ բաղկացեալ հոգաբարձութիւնը։ Հարկ է նշել, որ դպրոցի այս տարուան շրջանաւարտները կը պատրաստուին Հայաստան մեկնիլ՝ յանձնելու համար քննութիւններ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, անոնց այս տարուան աւարտական հանդէսն ալ կազմակերպուած է աւելի վաղ՝ այս նոյն քննութիւններուն բերումով։
Երէկուան այցելութեան ընթացքին Դաւիթ Խաչատրեան եւ ուսուցչուհիները մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին դպրոցի գործունէութեան ու ներկայ վիճակին շուրջ։ Աշակերտներն ալ յուզումի մէջ էին՝ իրենց ուսումնական կեանքէն ներս նոր փուլ մը թեւակոխելու բերումով։ Տղաքը տեղեկութիւններ քաղեցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պատմութեան ու գործունէութեան շուրջ։ Անոնք զրուցեցին թերթիս հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի եւ լրահաւաքի պատասխանատու Արի Թաշի հետ։
Հարկ է նշել, որ «Հրանդ Տինք» դպրոցի շրջանաւարտները Հայաստան վերադառնալով քննութիւններ կը յանձնեն՝ իրենց ուսումը շարունակելու համար երկրի լիսէներուն մէջ։ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան կողմէ նախատեսուած քննութիւններուն կը մասնակցին անոնք եւ իրենց արձանագրած յաջողութիւնը միշտ կը ստեղծէ լայն արձագանգ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք «Հրանդ Տինք» վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։