ԿԱՐԿԱՆԴԱԿԸ
-Հէ՛յ, արթնցէք, ասքան քնանա՞լ մը կ՚ըլլայ, այսօր գործի օր է, պէտք է կանուխ սկսինք ու վերջացնենք մեր գործը: Հիմա կու գայ աղջիկս ալ ուր որ է, խօսեցաւ հետս քիչ առաջ հեռաձայնով, կը հարցնէր, թէ բանի մը պէտք ունի՞նք, որ յետոյ վար իջնել չըլլայ: Հատէ ելէք, սուրճին ջուրը դրէք, իրեն ալ հաշիւը ըրէք՝ կը հասնի: Խմենք ու սկսինք մեր գործին: Արդէն գիշերուընէ թրջուած են ալիւրները կարագով ու կաթով, համեմներն ալ աւելցուած են, հիմա դիւրին կ՚ըլլայ շաղելը:
Սաթենիկ խօսելով ու մէկ կողմէն ալ սուրճին ջուրը կրակին դնելով կ՚արթնցնէ իր աղջիկները: Սաթենիկ երեք աղջիկ զաւակներու մայր, հալէպցի, Հալէպի մէջ իր առօրեայ պարտաւորութիւնները կը կատարէր: Բայց ոչ, այսօր տարբեր բան մը կար, Զատիկը մօտ է ու գալ շաբաթ Աւագ շաբաթ է, պէտք է կարկանդակը պատրաստեն, որպէսզի զատկուան մաքրութիւնն ալ աւարտեն, Աւագ շաբթուան արարողութիւններուն հանգիստ մասնակցելու ու Ոտնլուային պնակ մը զատկուան կարկանդակն ալ օրհնութեան տանելու համար: Ամէն տարի այս շրջանին շատ մեծ խանդավառութիւն մը կը պատէ Սաթենիկը: Քրիստոսի Յարութեան խորհուրդը մեծ նշանակութիւն ունի իրեն համար:
Ահա արթնցան աղջիկները, եկաւ նաեւ հարս աղջիկը՝ Սիրունը, խմեցին սուրճն ու լծուեցան աշխատանքի: Սեղանին վրայ արդէն պատրաստ էր ամէն ինչ՝ կարկանդակին միջուկները՝ պիստակով, ընկոյզով ու արմաւով, բոլորն ալ առանձին պնակներու մէջ շարուած, կասիայով, մեխակով ու փոշի շաքարով համեմուած՝ պատրաստ են արդէն խմորին մէջ դրուելու ու ապա եփելու: Անդին կաղապարները կողք-կողքի շարուած, ափսէները իրարու վրայ դասուած՝ կը սպասեն լեցուելու:
Ահա Սիրունը ձեռքերը սոթտած կը սկսի շաղել խմորը: Մայրն ալ հալած տաք կարագը պատրաստած, կողքը կանգնած է, որ քիչ-քիչ աւելցնէ, խմորը տաք կարագով գրգռէ ու ջերմութիւնը տեսած ալիւրը դիւրին շաղուի:
Այսպէս մինչեւ երեկոյ իւրաքանչիւրը իր ստանձնած պաշտօնին պատասխանատու, կը զրուցեն, կը պատմեն հոսկէ-հոնկէ, շէնքին դրացիները մէկիկ-մէկիկ կ՚այցելեն, մէկ կողմէն ալ կարկանդակը կը պատրաստեն ու կ՚եփեն տան մէջ: Եփելու աշխատանքն ալ կը վստահուի փոքր աղջկան, մինչ միջնեկը՝ կը սկսի մաքրութեան արարողութեան: Եփած կարկանդակին բոյրը կը լեցնէ ամբողջ շէնքը, ու տաք տաք պնակներով կ՚այցելէ դրացիներուն տուները. «Մեր հին ու նոր ննջեցեալներուն հոգիներուն համար, համին նայեցէք», կ՚ըսէ Սաթենիկ իր դրացիներուն, մինչ շէնքին աստիճաններուն վրայ կը հանդիպի իր ամուսնոյն ու անոր ալ կը հրամցնէ հատ մը. «Կեր նայինք, համով եղա՞ծ է այս տարուան կարկանդակը»:
Կարկանդակին բոյրը ռունգերուն մէջ կարծես կ՚արթննայ Սիրուն խոր քունէն: Երազ մ՚էր, որ տեսած էր, սպասուած երազ մը, որ ամէն տարի այս օրերուն կ՚այցելէ իր ենթագիտակցութիւնը ու երազի տեսքով ալ կ՚երեւի: Տարիներ առաջուան խանդավառութեան կարօտն է, որ ներքուստ կը կրծէ զինք, քանի ալ երազ է անցեալը, անվերադարձ ուղի մը երանիներով լի: Միայն երազով կ՚ապրի ան անցեալի քաղցրութիւնը: Երազը այցելողներէն շատեր անվերադարձ ճամբորդած են, ոմանք հողը գլխեր են, ուրիշներ կը գտնուին աշխարհի տարբեր անկիւններ, հեռակայ հաղորդակցութիւն մը միայն, անկենդան պատկերներն ու ձայնը միայն կան, որոնք երբեմն կը զուարճացնեն զինք, երբեմն ալ աւելի կը խորացնեն կարծես մենութիւնը Սիրունին:
Բայց պահ մը կը խորհի ան, թէ արդեօք երազը բացի կարօտէն, հաղորդելիք մը ունի՞ իրեն: Երազի տեսքով աւանդութիւնն է նաեւ որ կը վերապրի ան, հինէն, տասնեակ տարիներէ ի վեր յարգուած աւանդութիւն մը, որ պարտաւորութիւն մըն է նաեւ, զայն շարունակելու, ապրեցնելու, շունչ հաղորդելու, կոչ մը՝ թերեւս, իմաց մը: Այո, կը խորհի աւելի յստակօրէն, ճիշդ է, երազս այս ըսել կ՚ուզէր ինծի, ես իրաւունք չունիմ իմ երիտասարդներս զրկելու այս սովորութենէն: Ինչ որ պատահած է, անցեալին մէջ կը մնայ, լաւն ալ, վատն ալ: Մայրս ննջեցեալներու հոգիներուն համար ալ կը բաժնէր կարկանդակը դուռ-դրացիներուն: Գոնէ աս ձեւով ես եւս բան մը ըրած կ՚ըլլամ անոնց հոգիները հանգչեցնելու համար:
Ու Սիրուն աճապարանքով կը հագուի, կ՚երթայ մօտակայ հանրախանութը, պէտք եղած ապրանքը առնելու ու երեկոյեան երիտասարդներուն գեղեցիկ անակնկալ մը պատրաստելու համար: Հանրախանութին մուտքը՝ հաշուիչ մեքենաներուն մօտ խճողուած է: Սիրուն կ՚իմանայ, որ մեքենաները նորոգութեան մէջ են ու իսկոյն կ՚աւարտի անոնց նորոգութիւնը: Ապրանքը կ՚առնէ ու ինք ալ կարգի կը կենայ հաշուիչ մեքենաներուն մօտ:
Դէմը երկու վաթսունը անց երեւանցի կիներ կը զրուցեն իրարու հետ: Սիրունին լսողութեան մէջ կ՚արձագանգեն անոնց խօսքերը.
-Երեւանը մեզ չի սիրում, այո, չի՛ սիրում: Առաջ ինչ լաւն էր ան, իջնում էիր ու քայլում փողոցներում: Բոլորը ժպտում էին: Մարդիկ երջանիկ էին: Բոլորը, բոլորը երջանիկ էին, ո՛չ միայն մշակութային ասպարէզում աշխատողները: Բոլոր, բոլոր ասպարէզներում աշխատողները հանգիստ էին, ապրում էին, էլի: Ես հիմի 63 տարեկան հասակումս եմ, թոշակ եմ ստանում, որը մեզ մի-երկու օր էլ չի հերիքի: Ամուսինս ստիպուած 70 տարիքում աշխատում ա, որ ընտանիք պահի: Բայց ես հոս եմ մեծացել, հոս եմ ապրել ու հասակ առել, գիտեմ ամէն մի քայլափոխի ի՞նչ կայ Երեւանում: Ապրում էինք Աբովեան փողոցում, վերջին տարիներին տեղափոխուեցինք Կոմիտասի աւելի էժան թաղամասերը:
Ընտրութիւններու շրջանն է, կարծես ժողովուրդին լաւատեսութիւնը խամրեր է, հիասթափութիւնը պատած է բոլորին ու ամէն ոք իր ձեւով կը գանգատի, առիթ մ՚է կարծես ցաւերը լալու ու բարձրաձայնելու, պոռթկալու, նոյնիսկ այն պարագային, երբ գիտէ ժողովուրդը որ լսող չունի, բայց ազատ խօսելու ու արտայայտուելու իրաւունքը ունի կ՚երեւի, քանի այս շրջանին բոլորին արծարծած նիւթն է, ոչ միայն այս մամիկն է, որ կը գանգատի, բայց այնքան համեստ է այս մամիկին գանգատը, որ ուղղուած է մայրաքաղաքին, քարերուն, բայց ոչ՝ անհատներուն: Կան նաեւ յոյսով ապագան տեսնողներ, ինչպէս աս մամիկին զրուցակիցը.
-Յիսուն տարի ա ինչ փայփայում ենք բարեփոխումների յոյսերը, բայց ես յուսով եմ, որ կը գայ մի օր, եթէ ոչ մենք, թէկուզ եւ մեր թոռները ականատես կը լինեն այդ բարեփոխումներին: Երեւանը մեզ կրկին կը սիրի:
-Ե՞րբ է լինելու այն, երբ Երեւա՞նն էլ ծերերու քաղաք լինի, ինչպէս Հայաստանի միւս բոլոր մարզերը:
Այ քեզ բան...: Մարդիկ ինչ մտածումներու մէջ են, մինչ Սիրուն մէյ մը կը նայի իր ձեռքի տոպրակներուն, մէյ մըն ալ դէմը կանգնած տարեցներուն:
Հաշուիչ մեքենաները աշխատիլ կը սկսին ու բազմութեան կարգը հետզհետէ կը նօսրանայ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ