«ԱՒՐՈՐԱ»Ի ԱՌԱՋԻՆ ԴԱՓՆԵԿԻՐԸ ԿԸ ՊԱՏԿԵՐՈՒԻ ՆԱՄԱԿԱՆԻՇԻ ՎՐԱՅ

«Հայ­փոստ»ը Մա­յի­սին պի­տի թո­ղար­կէ նոր նա­մա­կա­նիշ՝ «Աւ­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ:

Նա­մա­կա­նի­շին  վրայ պատ­կե­րուած պի­տի ըլ­լայ Մար­գա­րիտ Պա­րան­կի­ցէ՝ «Աւ­րո­րա» մրցա­նա­կի ա­ռա­ջին դափ­նե­կի­րը: Նա­մա­կա­նի­շին թո­ղարկ­ման հա­ւա­նու­թիւ­նը տուած է Հա­յաս­տա­նի Փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու, կա­պի եւ տե­ղե­կա­տուա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թիւն­նե­րու նա­խա­րա­րու­թիւ­նը:

«Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղորդ­մամբ, նա­մա­կա­նի­շին թո­ղար­կու­մը եւ մա­րու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 2017 թուականին՝ «Աւ­րո­րա» մրցա­նա­կի ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս:

Նա­մա­կա­նի­շին հետ միա­սին «Հայ­փոստ»ը պի­տի թո­ղար­կէ 150 հայ­կա­կան դրամ ար­ժո­ղու­թեամբ նուի­րա­տուու­թեան կտրօն­ներ, ո­րոնց վա­ճառ­քէն գո­յա­ցած հա­սոյ­թը պի­տի ուղ­ղուի  «Աւ­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան մի­ջո­ցով ի­րա­կա­նա­ցուող նա­խա­գի­ծե­րուն:

«Մենք հիմ­նադ­րած ենք «Աւ­րո­րա» նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը՝ ի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յատ­կա­պէս ա­նոնց, ո­րոնք վտան­գի կ՚են­թար­կէին ի­րենք-զի­րենք՝  փրկե­լու Ե­ղեռ­նէն վե­րապ­րած­նե­րը: Եւ մենք  կ՚ու­զենք ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն ար­տա­յայ­տել՝ շա­րու­նա­կե­լով բա­րին գոր­ծել, ա­ջակ­ցե­լով մե­րօ­րեայ հե­րոս­նե­րուն, որ­պէս­զի ա­նոնք նոյն­պէս կա­րե­նան յու­սադ­րել եւ ձեռք մեկ­նել մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան խիստ կա­րիք ու­նե­ցող­նե­րուն: Այս­պէ­սով, մենք կ՚ը­սենք, որ այդ վե­րապ­րող­նե­րը այ­սօ­րուան փրկող­ներն են: Սա ոչ միայն կա­րե­ւոր կը դարձ­նէ յի­շո­ղու­թիւ­նը, այ­լեւ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը գոր­ծի կը վե­րա­ծէ: «Աւ­րո­րա»ի իւ­րա­քան­չիւր նա­խա­գիծ՝ նե­րա­ռեալ Մէ­կիի նա­մա­կա­նի­շը եւ նուի­րա­տուու­թեան կտրօ­նը, հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տան ընդ­լայ­նե­լու «Աւ­րո­րա»ի հա­մայն­քը՝ ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նե­լով եւ շա­րու­նա­կե­լով նուի­րա­տուու­թեան շղթան», ը­սած է «Աւ­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մա­հիմ­նա­դիր Ռու­բէն Վար­դա­նեան։

Մար­գա­րիտ Պա­րան­կի­ցէ, որ Maison Shalom խնամ­քի տան եւ REMA հի­ւան­դա­նո­ցի հիմ­նա­դիրն է, «Աւ­րո­րա» մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած է այն բա­ցա­ռիկ ազ­դե­ցու­թեան հա­մար, որ ու­նե­ցած է Պու­րուն­տիի մէջ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն: Ան փրկած է ե­րե­սուն հա­զար ե­րա­խայ՝ ա­նոնց տա­լով օ­թե­ւան եւ խնամք:

«Ին­ծի հա­մար մեծ պա­տիւ է այս­պի­սի ճա­նաչ­ման ար­ժա­նա­նա­լը, բայց նաեւ ո­գե­ւո­րիչ է գի­տակ­ցիլ, որ սէ­րը միշտ պի­տի յաղ­թէ ա­տե­լու­թեան եւ չա­րի­քին: Ես կը հա­ւա­տամ, որ այս նա­մա­կա­նի­շը պի­տի նպաս­տէ «Աւ­րո­րա» մրցա­նա­կի ա­ռա­քե­լու­թեան տա­րած­ման՝ ճա­նաչ­ման ար­ժա­նաց­նե­լով այն կի­ներն ու տղա­մար­դիկ, ո­րոնք բա­ցա­ռիկ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցած են մար­դա­սի­րա­կան խնդիր­նե­րու լուծ­ման հա­մար», ը­սած է Մար­գա­րիտ Պա­րան­կի­ցէ:

Նա­մա­կա­նի­շը ու­նի 350 հայ­կա­կան դրամ ա­նուա­նա­կան ար­ժէք: Նա­մա­կա­նի­շին ձե­ւա­ւո­րո­ղը  Ալ­լա Մին­կա­լեօ­ւան է՝ «Աւ­րո­րա»  նա­խա­ձեռ­նու­թե­նէն: Նա­մա­կա­նի­շը պի­տի թո­ղար­կուի 40 հա­զար օ­րի­նա­կով:

Նա­մա­կա­նի­շին մար­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 2017 թուա­կա­նի Մա­յի­սին՝ Մար­գա­րիտ Պա­րան­կի­ցէի ներ­կա­յու­թեամբ, որ Ե­րե­ւան պի­տի ժա­մա­նէ՝ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար 2017-ի «Աւ­րո­րա» մրցա­նա­կի  ձեռ­նարկ­նե­րուն:

«Աւ­րո­րա» մրցա­նա­կի յա­ւակ­նորդ­նե­րուն ա­նուն­նե­րը պի­տի յայ­տա­րա­րուին Ապ­րի­լի 24-ին: Յա­ւակ­նորդ­նե­րէն մէ­կը Մա­յիս 28-ին Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի դառ­նայ 2017-ի «Աւ­րո­րա» մրցա­նա­կի դափ­նե­կիր: Ապ­րիլ 24-Մա­յիս 28 թուա­կան­նե­րու մի­ջեւ «Աւ­րո­րա» մար­դա­սի­րա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը աշ­խար­հով մէկ պի­տի  կազ­մա­կեր­պէ շարք մը ձեռ­նարկ­ներ՝ ներ­կա­յաց­նե­լով մրցա­նա­կի 2017 թուա­կա­նի յա­ւակ­նորդ­նե­րը ո­գեշն­չող պատ­մու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը աշ­խար­հի մէջ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2017