BBC-ի Անդրադարձը. Հայաստանը՝ Առաջին Քրիստոնեայ Երկիր

BBC հե­ղի­նա­կա­ւոր լրա­տուա­կան կայ­քը՝ զբօ­սաշր­ջու­թիւն բաժ­նի մէջ՝ «Ա­ռա­ջին քրիս­տո­նեայ եր­կիր» խո­րագ­րով յօ­դուած մը հրա­պա­րա­կած է՝ պատ­մե­լով Հա­յաս­տա­նի մա­սին:

ԿՐՕ­ՆԻ ՊԱՏ­ՄՈՒ­ԹԻՒՆ

3 մի­լիոն բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող Հա­յաս­տա­նը Եւ­րո­պա­յի ա­մե­նա­փոքր պե­տու­թիւն­նե­րէն մէկն է: Բայց եր­կի­րը զգա­լի տեղ կը զբաղց­նէ հո­գե­ւոր պատ­մու­թեան մէջ. պատ­մա­բան­նե­րուն մեծ մա­սը հա­ւա­տա­ցած է, որ 301-ին Հա­յաս­տա­նը դար­ձաւ ա­ռա­ջին եր­կի­րը, որ պաշ­տօ­նա­պէս ըն­դու­նեց քրիս­տո­նէու­թիւ­նը իբ­րեւ պե­տա­կան կրօն: Այ­սօր, հա­յե­րուն 95 տո­կո­սը քրիս­տո­նեայ է:

ՀՈ­ԳԵ­ՒՈՐ Ա­ՌԱՋ­ՆՈՐԴ

Ա­ռաս­պե­լի հա­մա­ձայն՝ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­ջին ղե­կա­վա­րը Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչն է, ո­րուն հայ­րը՝ Ա­նա­գը, սպան­նած է հա­յոց Խոս­րով Բ. թա­գա­ւո­րը: Գրի­գո­րը կը պատ­ժուի կա­տա­րուած յան­ցա­գոր­ծու­թեան հա­մար: Գրի­գոր, սա­կայն, կը յա­ջո­ղի փախ­չիլ Կա­պա­դով­կիա:

Ո­րոշ ժա­մա­նակ անց, Գրի­գոր կը վե­րա­դառ­նայ հայ­րե­նիք՝ յոյս ու­նե­նա­լով թա­գա­ւորն ու հայ ժո­ղո­վուր­դը քրիս­տո­նեայ դարձ­նել: Ի­մա­նա­լով Գրի­գո­րի վե­րա­դար­ձին մա­սին՝ սպան­նուած Խոս­րով Բ. թա­գա­ւո­րի որ­դին՝ Տրդատ Գ. թա­գա­ւո­րը, կը բան­տար­կէ Գրի­գո­րը: Թա­գա­ւո­րը կը պնդէր, որ­պէս­զի ան հրա­ժա­րի քրիս­տո­նէու­թե­նէն: Շուրջ տաս­նե­րեք տա­րի ա­նա­զա­տու­թեան մէջ ան­ցը­նե­լէ ետք՝ Գրի­գոր կը յա­ջո­ղի Տրդա­տը հա­մո­զել, որ հա­ւատ­քը մեծ ուժ ու­նի: Իբ­րեւ ար­դիւնք՝ թա­գա­ւո­րը 301-ին քրիս­տո­նէու­թիւ­նը կ՚ըն­դու­նի իբ­րեւ պե­տա­կան կրօն:

ԱՆ­ՑԵԱ­ԼԻ ՀԵՏ­ՔԵՐ

Գառ­նիի ամ­րո­ցը կը գտնուի Կո­տայ­քի մար­զին մէջ՝ Գառ­նի գիւղ: Ա­նի­կա կա­ռու­ցուած է Ն.Ք. ա­ռա­ջին դա­րուն՝ Տրդատ ա­ռա­ջի­նի կող­մէ: Տա­ճա­րը կա­ռու­ցուած է հայ­կա­կան դի­ցա­բա­նու­թեան Ա­րե­ւի որ­դիին հա­մար: Երբ Տրդա­տը քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ճանչ­ցաւ իբ­րեւ պե­տա­կան կրօն, հե­թա­նո­սա­կան շատ տա­ճար­ներ քան­դուե­ցան, բայց Գառ­նին այն քի­չե­րէն է, որ կան­գուն է մին­չեւ այ­սօր: Այ­սօր ա­նի­կա հայ­կա­կան հե­թա­նո­սու­թեան խորհր­դա­նիշ է, տա­րե­կան կ՚ու­նե­նայ ա­ւե­լի քան 136 հա­զար այ­ցե­լու: Գառ­նին հայ­կա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեան ա­մե­նա­յայտ­նի վայ­րե­րէն մին է:

ՍՈՒՐ­ԲԻ Ե­ԿԵ­ՂԵ­ՑԻ

Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ե­րե­ւա­նէն ա­րեւ­մուտք կը գտնը-ւի Վա­ղար­շա­պա­տը, որ յայտ­նի է «Սուրբ մայ­րա­քա­ղաք» ա­նու­նով: Այս­տեղ տե­ղա­կա­յուած է Սուրբ Գա­յիա­նէ ե­կե­ղե­ցին, որ կա­ռու­ցուած է 630-ին եւ այժմ նե­րա­ռուած է ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին մէջ: Սուրբ Գա­յիա­նէ ե­կե­ղե­ցին կա­ռու­ցուած է Գա­յիա­նէի կոյ­սի մա­հա­պա­տի­ժի վայ­րին մէջ։ Կոյ­սը սպան­նած է Տրդատ Գ. թա­գա­ւո­րը՝ քրիս­տո­նեայ ըլ­լա­լուն հա­մար: Գա­յիա­նէի ա­ճիւ­նը ամ­փո­փուած է ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ:

ՆԱԽ­ԿԻՆ ՓՈՍ

Խոր Վի­րա­պի վան­քը տե­ղա­կա­յուած է Ա­րա­րա­տեան դաշ­տա­վայ­րին մէջ: Այս­տեղ է, որ բան­տար­կուած է Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չը Հա­յաս­տան վե­րա­դառ­նա­լէն ետք: Խոր Վի­րա­պի մա­տու­ռը կա­ռու­ցուած է 642 թուականին՝ ի յի­շա­տակ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի: Այ­սօր Խոր Վի­րա­պը Հա­յաս­տա­նի ա­մե­նա­շատ այ­ցե­լուող վայ­րե­րէն մին է:

Ա­ՂՕԹՔ ՔԱ­ՐԱՆ­ՁԱ­ՒԻ ՄԷՋ

Գառ­նիէն հիւ­սիս-ա­րե­ւելք կը գտնուի Գե­ղար­դի վան­քը, որ նոյն­պէս նե­րա­ռուած է ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին վրայ: Ըստ ա­ւան­դու­թեան՝ ա­ռա­ջին վան­քը հիմ­նուած է չոր­րորդ դա­րուն սկիզ­բը, երբ Հա­յաս­տա­նի մէջ քրիս­տո­նէու­թիւ­նը հռչա­կուած է պե­տա­կան կրօն: Ա­նի­կա յայտ­նի է իբ­րեւ «Այ­րի­վանք» կամ «Քա­րայր­նե­րու վանք»: Վան­քին հիմ­նադ­րու­մը ա­ւան­դա­բար կը վե­րագ­րեն հա­յոց ա­ռա­ջին կա­թո­ղի­կոս Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չին: «Գե­­-ղարդ» ա­նուա­նու­մը կը բա­ցատ­րուի այն­պէս, թէ այն­տեղ հինգ հա­րիւր տա­րի պա­հուած էր սուրբ Գե­ղար­դը՝ այն նուի­րա­կան նի­զա­կը, ո­րով Գող­գո­թա­յի մէջ հռո­մէա­ցի հա­րիւ­րա­պե­տը խո­ցած էր խա­չուած  Յիսուս Քրիս­տո­սի կո­ղը:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, BBC-ն կ­՚անդ­րա­դառ­նայ նաեւ Զօ­րաց ե­կե­ղե­ցիին, խաչ­քա­րե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Սի­սիա­նի մէջ գտնուող Քա­րա­հուն­ջին, որ կը հա­մե­մա­տէ անգ­լիա­կան Սթոուն­հեն­ջի հետ:

Ուրբաթ, Ապրիլ 7, 2017