ԱՄՆ ՌՄԲԱԿՈԾԵՑ ՍՈՒՐԻԱՆ
Սուրիոյ ներքին պատերազմը հետզհետէ աւելի բարդ իրավիճակի մը ծնունդ կու տայ միջազգային բեմահարթակի վրայ։ Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զօրքերը ռմբակոծեցին Սուրիան։ Այսպէսով Ռուսաստանէն վերջ ԱՄՆ-ն ալ աստիճանաբար ներգրաւուած եղաւ Սուրիոյ ռազմական գործողութիւններուն։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Միջերկրականի ռազմանաւերուն միջոցաւ, Թուրքիոյ ժամով 03.45-ին ԱՄՆ-ի զօրքերը հրթիռներ արձակեցին Սուրիոյ Հումուս քաղաքի Շարիաթ ռազմաօդային խարիսխի վրայ։ Յարձակման զոհ գնաց հինգ հոգի, եօթն հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ Ռմբակոծեալ ռազմախարիսխը Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ կառավարական զօրքերուն կողմէ կ՚օգտագործուէր։ ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ այս գործողութիւնը անհրաժեշտ էր իր երկրի անվտանգութեան տեսակէտէ։ Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ ԱՄՆ-ի յարձակման ընդառաջ տեղեակ պահուած է Ռուսաստան։ Ուաշինկթընի աղբիւրները հաղորդեցին նաեւ, թէ այսպէսով աւարտած է գործողութեան առաջին փուլը։
Սուրիոյ կառավարական զօրքերը նախընթաց օր Իտլիպի մէջ մեծ յարձակում մը կատարած էին՝ քիմիական զէքներով, ինչ որ պոռթկում յառաջացուցած էր Ուաշինկթընի մօտ։ Նախագահ Թրամփ անմիջապէս սկսած էր ռազմական գործողութիւններու վարկածին մասին։ Մոսկուայի ղեկավարութիւնը պնդած էր, որ բաւարար փաստեր չկան՝ ապացուցանելու համար, թէ քիմիական զէնքերով այդ յարձակումները կատարուած են Սուրիոյ կառավարական ուժերուն կողմէ։ Ռուսական կողմը ԱՄՆ-ի կողմէ կատարուած վերջին ռմբակոծումներն ալ համարած է միջազգային իրաւունքի խախտում։
Միւս կողմէ, Թուրքիան ալ մօտէն կը հետեւի տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երէկ երեկոյեան հեռատեսիլի վրայ ուղիղ եթերի ընթացքին մեկնաբանեց Թրամփի խօսքերը։ Ան յայտնեց, որ Թուրքիա կ՚ակնկալէ այդ խօսքերուն գործնականութեան վերածուիլը եւ պատրաստ է իրականացնելու իրեն վիճակած դերը։ Էրտողանի այդ յայտարարութիւններէն քանի մը ժամ վերջ ամերիկեան զօրքերը արդէն ռմբակոծեցին Սուրիան։