ՀՈԳԻԻՆ ԵՂԱՆԱԿՆԵՐԸ
Մարդկային հոգին ալ իրեն յատուկ եղանակները ունի։
Առաջին ակնարկով թերեւս տարօրինակ թուի հոգիին եղանակներ ունենալու իրողութիւնը, բայց ունի՛, կեանքի ընդհանուր ընթացքին մէջ մարդկային հոգին «եղանակ»ներ կ՚ապրի՝ երբեմն զուարթ գարուն, երբեմն ջերմ ու եռանդուն ամառ, երբեմն տխուր եւ տրտում աշուն եւ երբեմն ալ խստաշունչ եւ յուսաբեկիչ ձմեռ…։
Ո՜վ չէ ապրած իր կեանքին մէջ այս չորս եղանակները ատեն ատեն, նոյն մարդը, նոյն հոգին տարբեր տրամադրութիւններով, տարբեր եղանակներով։
Մարդկային հոգիին եղանակները անոր հոգեվիճակներն են՝ տրամադրութիւնները, որ կը պայմանաւորուին այն ընկերային միջավայրէն՝ որուն մէջ կ՚ապրին, աւելի տեղին է ըսել՝ ապրելու կը ստիպուին։ Եւ մարդ մեծապէս ազդուելով իր միջավայրէն կ՚ապրի «եղանակ»ներ, տարբեր հոգեվիճակներ, տարբեր կեանքի պայմաններ։
Բայց այս չորս «եղանակ»ներուն, չորս տարբեր հոգեվիճակներուն մէջ հասարակաց գործակից մը, մասնակից մը կայ, որ ամէն տրամադրութեան մէջ մարդուս կ՚ընկերանայ, երբեմն կ՚ոգեւորէ, երբեմն կը տրտմեցնէ զայն, բայց հաւատարմօրէն կը շարունակէ իր ընկերակցութիւնը մարդկային կեանքին հետ։
Կարօտնե՜ր, ակնկալութիւննե՜ր, բաղձանքնե՜ր եւ բոլոր զգացումներուն կ՚ընկերանայ հաւատարիմ ընկեր մը՝ կը զօրացնէ կարօտը, բաղձանքը, ուրախութիւնը, կը խանդավառէ կամ կը տրտմեցնէ մարդը միջավայրին համեմատ՝ այդ պահուն տրամադրութեանը համաձայն, հոգիին «եղանակ»ին համապատասխան կերպով։ Սիրելի՜ բարեկամներ, ո՜վ իր որեւէ ուրախ կամ տրտում վիճակին մէջ չէ դիմած երգի մը մխիթարիչ, մեղմ եւ ոգեւորիչ ձայնին։
Այո՛, ամէն «եղանակ» ունի իր երգը, ամէն եղանակի կ՚ընկերացի ան, հաւատարմօրէն եւ ըստ հոգեվիճակին, միշտ մարդկային հոգիին մօտ՝ կը քաջալերէ զայն իր ուրախութեան կամ տրտմութեան պահերուն։ Երգը միայն գարնան յատուկ չէ՛, այլ՝ ձմրան համար ալ ընկերակից մը, մասնակից մըն է։ Չէ՞ որ երգեր կան ուրախութիւն, զուարթութիւն, կենսունակութիւն կը ներշնչեն, եւ երգեր ալ կան՝ տրտմութիւն, թախիծ կը տարածեն հոգիներու մէջ։
Երգը առաւել եւս «կարօտի ձայն»ն է՝ երգը կարօտներու, կարօտութեան զգացումն է, որ կը միանայ մարդուս զգացումներուն, կը զօրացնէ, կ՚ամրապնդէ եւ կը հաստատէ զանոնք։ Զգացումներուն արմատը կը զօրանայ երգով, քանի որ երգը աւի՛շն է զգացումներուն։ Զգացումները կ՚աճին, կը զարգանան եւ կ՚ապրին երգով, որ անհրաժեշտ սնո՛ւնդն է հոգիին։
Եւ մարդիկ ունին ընդհանրապէս «հասարակաց կարօտ» մը։ Երգել, մի՜շտ երգել, ամէն եղանակի երգել, ամէն հոգեվիճակի համեմատ երգ մը ունենալ, երգով աւելցնել իրենց ուրախութիւնը, երգով աւելի եւս խորանալ իրենց տրտմութեանը մէջ՝ աւելի զօրաւոր զգալու եւ ապրելու համար զանոնք։
Եւ մարդիկ կ՚ուզեն երգել նաեւ ձմրան եղանակին՝ հոգիին ձմրան մէ՛ջ, քանի որ ինչպէս բնութիւնը ունի իր ձմեռ եղանակը, հոգին եւս ունի իր ձմեռները՝ որոնք կու գան ու կ՚անցնին՝ յետոյ դարձեալ կու գան ու կ՚անցնին՝ դարձեալ վերադառնալու, դարձեալ տպաւորելու համար մարդը եւ հոգիին ձմեռները յաճախ շատ աւելի երկար, աւելի ցուրտ, աւելի խոր կ՚ըլլան քան բնութեան ձմեռը։
Հոգիին ձմեռը շա՜տ աւելի ցուրտ է եւ մո՛ւթ։
Հոգիին ձմեռը շատ աւելի խո՛ր կը տպաւորէ եւ կ՚ազդէ մարդուն՝ քանի որ հոն կայ չարիք, չարագործութիւն, անվերջ պատրանք, խաբէութիւն, յարատեւ տառապանք՝ որ կը ճնշեն անմեղ ու բարի հոգիներու վրայ։ Եւ այս բոլորը կը պատրաստեն այդ հոգիներուն ձմրան ցուրտ եղանակը՝ որ երբեմն կը տեւէ շա՜տ աւելի երկար քան բնութեան ձմեռը։ Եւ այդ չարութեան միջավայրին մէջ կը վխտան չարեր, վատեր նենգամիտներ, ստախօսներ, բամբասողներ, զրպարտիչներ, չարախօսներ եւ ամէն տեսակ մոլորուն նկարագրի տէր մարդիկ, որոնք կ՚ազդեն մարդուս «գարուն» եղանակին, լաւ տրամադրութեան վրայ եւ հոգին կը խռովեն՝ ուր կը սկսին ձմրան ցուրտ հովերը։
Եւ այդ եղանակին մէջ կ՚երեւին Յուդաներ՝ որոնք կ՚օգտագործեն ձմրան ցուրտէն արդէն մոլորած մարդը եւ կ՚աւելցնեն ձմրան ցուրտը անմեղ մարդոց հոգիին մէջ։ Յուդաներ՝ որոնք աւելի՛ կը սիրեն քիչ մը արծաթը քան թէ պատիւը, ազնուութիւնը, ճշմարտութիւնը, բարեկամութիւնը, բարիքը։ Եւ Յուդաներ, մարդկային կեանքի ձմրան, ցուրտ ու մութ եղանակին գուժկաններն են։
Կարճ խօսքով՝ «չար աշխարհ»ի մը մէջ կ՚ապրին մարդիկ, ուր ձմրան եղանակը երկար ժամանակ կը տեւէ, ցուրտը եւ մութը չի պակսիր, երգերը միշտ տրտմալի են եւ վրդովիչ։ Ուստի մարդ աւելի անմեղ ու երջանիկ կրնայ մնալ ինք իր մէջ, առանձին, քան՝ բազմութեան մէջ, ուր կան ամէն տեսակ նկարագիրներ, որոնք պատրա՛ստ կը սպասեն գարունը վերածելու ձմրան, լոյսը՝ խաւարի, բարիքը՝ չարիքի եւ ուղիղը՝ մոլորութեան։
Ձմեռը մութ է, իսկ հոգիին ձմեռը շատ աւելի թանձր, խաւար՝ ուր լոյսի ճառագայթները չեն տեսնուիր, մինչդեռ անոնք պատրա՛ստ են ձմեռը փոխելու գարուն եղանակի, փարատել, ցրուել խաւարը, բայց ո՜րքան դժուար է մութ միտքերը լուսաւորել եւ խաւար հոգիները պայծառացնել։ Ձմեռը պէտք չէ՛ ըլլայ մարդուն նպատակը, այլ՝ ձմեռէն անցնիլ գարուն եղանակի՝ կեանքի, երջանկութեա՜ն…։
Ուրեմն եթէ մարդուս շուրջը «ձմեռ» կը խոստանայ, ապա ուրեմն ան պէտք է «գարուն»ը պատրաստէ իր մէջ՝ իր հոգիին եւ մտքին մէջ եւ ապրի իր երջանիկ գարունը՝ ուր չե՛ն կրնար մտնել չարեր՝ ձմրան ցուրտ հովեր, մութ ու խաւար։ Մարդ պէտք է ինք իր մէջ ստեղծէ գարուն եղանակը, հոն՝ ներաշխարհին մէջ ապրելու համար երջանիկ եւ վայելելու իր իսկ ստեղծած գարունը։
Արտաքնապէս արդար, բայց ներքնապէս կեղծաւորութեամբ եւ անօրէնութեամբ լեցուն մարդիկ գարուն եղանակին ձմեռը ապրողներու կը նմանին, իսկ անկեղծ մարդիկ, օրինապահ մարդիկ, արդար եւ ուղղամիտ մարդիկ միշտ կ՚ապրին գարունը, մինչեւ իսկ ձմրան ցուրտին եւ մութին մէջ անոնք ջերմ ու լուսաւոր կեանք մը կը վարեն։
Եւ անոնք, որ գիտեն միշտ գարունը ապրիլ, իր իսկական իմաստով, չարէն չեն յաղթուիր, այսինքն՝ բարութիւնը անառիկ եւ անվթար կը պահեն երբ չարութեան հետ դիմաւորուին եւ չարերու մէջ մնան։ Ուստի գարունը իր հոգիին մէջ ապրող մէկը երբեք չ՚ազդուիր իր շուրջը զինք շրջապատող չար ու նենգամիտ հոգիներէ՝ անողորմ, անհաւատարիմ եւ անարդար մարդոցմէ։ Արդարեւ իր հոգիին մէջ գարունը ապրողը՝ արդար է, ողորմած է եւ հաւատարի՛մ է։ Արդա՛ր ըլլալու է, որպէսզի արդարութիւն տիրէ, թէեւ ուրիշներ՝ շուրջը անարդար ըլլան։ Մարդուն հոգիին տէրը եւ կառավարիչը ի՛նքն է, այսինքն իր նկարագրին, սկզբունքներուն տէրը եւ պաշտպանը, իր հոգիին եղանակը մարդ ի՛նք կ՚որոշէ եւ պէ՛տք է որոշէ՝ անկախ եւ ազատ զինք շրջապատող «խստաշունչ ձմեռ»էն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 3, 2017, Իսթանպուլ