ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՇՐՋԱՅՑ

Հա­յաս­տա­նի Դի­ւա­նա­գի­տա­կան դպրո­ցի ու­սա­նող­նե­րը վեր­ջերս մէկ շաբ­թուան այ­ցե­լու­թիւն մը տուին դէ­պի Պրիւք­սել եւ Վիեն­նա։ Դպրո­ցի տնօ­րէ­նին՝ դես­պան Վա­հէ Գաբ­րիէ­լեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բին մաս կազ­մե­ցին նաեւ աշ­խա­տա­կից­ներ։ Հա­յաս­տա­նի Դի­ւա­նա­գի­տա­կան դպրո­ցի սա­նե­րը Եւ­րո­միու­թեան, ԵԱՀԿ-ի, ՆԱ­ԹՕ-ի կեդ­րո­նա­կա­յան­նե­րը եւ ՄԱԿ-ի գրա­սե­նեա­կը այ­ցե­լե­ցին, ինչ­պէս նաեւ գտնուե­ցան այդ քա­ղաք­նե­րու հայ­կա­կան դի­ւա­նա­գի­տա­կան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րէն ներս։ Հարկ է նշել, որ 2013 թուա­կա­նէն ի վեր Հա­յաս­տա­նի Դի­ւա­նա­գի­տա­կան դպրո­ցի ու­սում­նա­կան ծրագ­րին մէջ ընդգր­կուած է այս շրջայ­ցը։

Ա­պա­գայ դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը ծա­նօ­թա­ցան Եւ­րո­միու­թեան հիմ­նա­կան կա­ռոյց­նե­րուն՝ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վին, խոր­հուր­դին, ար­տա­քին գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան եւ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նին։ Բաց աս­տի, Պրիւք­սե­լի մէջ, ՆԱ­ԹՕ-ի կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս ա­նոնք լսե­ցին դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, դա­շին­քի հան­րա­յին դի­ւա­նա­գի­տու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան նոր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն շուրջ։ 

Վիեն­նա­յի մէջ ալ, ԵԱՀԿ-ի կեդ­րո­նա­կա­յա­նէն ներս ա­նոնց հա­մար նա­խա­տե­սուած էին դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կա­ռոյ­ցի գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։ Այս ամ­բող­ջին մէջ մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րուե­ցաւ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սէ ներս ԵԱՀԿ-ի գոր­ծու­նէու­թեան, ինչ­պէս նաեւ կազ­մա­կեր­պու­թեան առ­կայ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն շուրջ։ Ա­պա­գայ դի­ւա­նա­գէտ­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան ներ­կայ գտնուիլ ԵԱՀԿ-ի մշտա­կան խոր­հուր­դի նիս­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ունկն­դիր­նե­րը այ­ցե­լե­ցին նաեւ Ա­թո­մա­յին ու­ժա­նիւ­թի մի­ջազ­գա­յին գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը եւ Մի­ջու­կա­յին փոր­ձար­կում­նե­րու հա­մա­պար­փակ ար­գիլ­ման պայ­մա­նագ­րի կազ­մա­կեր­պու­թիւն, ո­րոնք ՄԱԿ-ի կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած կա­ռոյց­ներ են։

Վիեն­նա­յի կե­ցու­թեան օ­րե­րուն Հա­յաս­տա­նի Դի­ւա­նա­գի­տա­կան դպրո­ցի խում­բը այ­ցե­լեց նաեւ Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թիւ­ն։

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017