ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ՝ ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
«Անոնք, որոնք Յիսուսի առջեւէն կ՚երթային կամ կը հետեւէին իրեն, կ՚աղաղակէին. Ովսաննա՜ Բարձրեալին, օրհնեալ ըլլաս դուն, որ կու գաս Տիրոջ անունով. օրհնեա՜լ ըլլայ քու թագաւորութիւնդ, մեր հօր թագաւորութիւնը, որ կու գայ» (ՄԱՐԿ. ԺԱ. 9-10)։ «Եւ երբ Յիսուս աւելի մօտեցաւ Երուսաղէմի եւ տեսաւ զայն, լացաւ անոր վրայ եւ ըսաւ.- Գոնէ այսօր գիտնայիր, թէ ի՛նչ բանի մէջ կը կայանայ խաղաղութիւնդ։ Բայց այլեւս պիտի չկրնաս տեսնել» (ՂՈՒԿ. ԺԹ. 41-42)։
Առաջին հերթին Մարկոսի Աւետարանէն մէջբերուած մեր բնաբանին մէջ կը գտնենք մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի շռնդալից Երուսաղէմ մուտքով յարուցուած համաժողովրդային ցնծութեան արձագանգը, բարձրաղաղակ արտայայտութիւնը դարերով իր ազատարարին՝ Մեսիայի գալուստին սպասող ժողովուրդի մը կաշկանդուած զգացումներուն։ Տակաւին, հոն կը գտնենք պոռթկումը երկարօրէն զսպուած, բայց միշտ քաղցրօրէն փայփայուած համազգային ձգտումի մը։ Իսկ Ղուկասի Աւետարանին լոկ մէկ համարին մէջ կը տեսնենք խտացած ամբողջ հոգեկան խռովքը, ներքին տագնապը Աստուածորդւոյն, որ շատ լաւ գիտէր, թէ այդ ովսաննաներուն շուտով պիտի յաջորդէին նոյն ամբոխէն արձակուած «Ի խաչ հան զդա, ի խաչ հան զդա» աղաղակները։
Անշուշտ չորս աւետարաններուն, տար-բեր մտահոգութիւններով ու միջավայրերու ազդեցութեանց տակ գրի առնուած, Քրիստոսի երկրային օրերու շղթային վերջին օղակները կազմող նկարագրութիւնները իրենց մանրամասնութեանց մէջ հասկնալիօրէն կը տարբերին իրարմէ։ Բայց եթէ փորձենք Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքի պատմութիւնը ներկայացնել իր գլխաւոր գիծերուն մէջ, զայն կախող Ղազարոսի յարութեան զգայացունց հրաշքին լոյսին տակ, կ՚ունենանք հետեւեալ պատկերը։
Արդէն անցեր էին շուրջ երեք տարիներ այն օրէն, երբ բոցեղէն բառերով Մեսիային գալուստը պատգամող մարգարէէն՝ անապատին մէջ ամբոխները իրեն հրապուրող Յովհաննէսէն մկրտուելէ ետք, Յիսուս ձեռնարկած էր երկինքի թագաւորութիւնը երկրի վրայ հաստատելու իր առաքելութեան։ Աստուածային առաքելութիւն մը, արդարեւ, որուն նպատակն էր Արարիչին պատկերը իր մէջ աղարտած մարդկութիւնը սրբել մեղքերէն, վերականգնել ու վերամիացնել Աստուծոյ։ Իր այս առաքելութիւնը իրագործելու համար ան ի գործ էր դրած ի վերուստ ստացուած հեղինակութեամբ արտասանուած ճշմարտութեան խօսքին ուժը։ Կեանքին, մահուան ու յաւիտենականութեան խորհուրդներուն եւ իմաստութեանց մասին խօսած ատենն իսկ, վերցնելով իր օրինակները մարդոց ամէնօրեայ կեանքէն ու մտահոգութիւններէն, ան ամէն ինչ պատմեր ու բացատրեր էր, յաճախ՝ առակներով։ Իսկ երբ խօսքէն անդին իր բուժիչ հպումին կարիքն էր զգացուեր, մղուած իր գթառատ մարդասիրութենէն, խուլերուն լսողութիւն, բորոտներուն անբիծ մարմին, անդամալոյծներուն նոր կեանք, կոյրերուն լոյս եւ մեռելներուն յարութիւն էր շնորհեր։
Ի պատասխան այդ բոլորին, եթէ ամէն օր աւելի մեծ թուով բազմութիւններ կը հաւատային գալիլեցի բարի Վարդապետին քարոզած երկնային վարդապետութեան, միաժամանակ սակայն օրէ օր աւելի կը շեշտուէին թշնամութիւնները անոր նկատմամբ։ Որովհետեւ Քրիստոս, որպէս աստուածային մեծագոյն միջամտութիւնը մարդկութեան պատմութեան մէջ, եկած էր հռչակելու, թէ իր Երկնաւոր Հօր թագաւորութիւնը պիտի չկառուցուէր այս աշխարհի վրայ բռնի ուժին, սուրին հզօրութեան կամ հրէական Թովրային՝ Հին Կտակարանի օրէնքներուն ու մարգարէներու գիրքերուն վայելած հեղինակութեան վրայ, այլ՝ մարդոց սրտերէն դէպի ուրիշ մարդեր եւ դէպի Աստուած երկարող սիրոյ, խաղաղութեան, համերաշխութեան, հեզութեան, անանձնական ու սրբակրօն զգացումներու անկապուտ առաքինութեանց վրայ։ Այլ բառերով, տիեզերական ու համամարդկային եղբայրութեան մը տանող աստուածահաճոյ կեանքի մը սկզբունքներուն անժխտելի հիմքերուն վրայ, որոնք պիտի չըլլային պայմանաւորուած, ինչպէս Քրիստոսի ժամանակակիցները կը դաւանէին, հռոմէական լեգէոններու զօրութեամբ եւ ո՛չ ալ կաշկանդուած ու խեղդուած՝ հրէական օրէնքին տառացիօրէն գործադրութեամբ։
Արդարեւ, Քրիստոս որպէս Աստուածորդի եկած էր հռչակելու, թէ իրմով կը փակուէր մարդկութեան պատմութեան մէկ գիրքը ու կը բացուէր իր անձին ընդմէջէն դուռը, նոր ճանապարհը մարդերը Աստուծոյ եւ յաւիտենական երջանկութեան առաջնորդող։ Բայց սա արդէն շատ անսովոր, խիզախ ու չլսուած հաստատում մըն էր՝ հնչող իր ժամանակակից հրեաներու ականջին։ Ուստի զարմանալի չէր, որ հրէական կրօնին պաշտպանները, արմատացած Երուսաղէմի տաճարին շուրջ, Քրիստոսի անձին մէջ տեսնէին իրենց հեղինակութեան սպառնացող մեծագոյն վտանգը։
Հրէական Զատիկը՝ Պասէքի մեծ տօնը կը մօտենար։ Այդ տօնը կը խորհրդանը-շէր հրեայ ժողովուրդին համար Մովսէսի առաջնորդութեամբ Եգիպտոսի բռնատիրութենէն դուրս գալուն, ազգային ազատագրութեան պատմական մեծ դէպքը։ Այդ առիթով ո՛չ միայն ամբողջ Հրէաստանի զանազան վայրերէն ժողովուրդը Երուսաղէմ կը խռնուէր իր սրբազան պարտականութիւնները կատարելու, այլեւ սփիւռքի բոլոր անկիւններէն ուխտաւորներ կը փութային Երուսաղէմ՝ իրենց սրբազան ուխտը կատարելու։ Այդ օրերուն շաբաթ մը ամբողջ տաճարին ներսն ու դուրսը հազարաւոր ժողովուրդ կը խայտար տօնական զուարթ մթնոլորտի մը մէջ։
Այդ օրերուն Յիսուս կը զգար, թէ հասած էր ժամը այլեւս՝ իր մեսիական առաքելութիւնը ամբողջականօրէն աշխարհին յայտնելու։ Ուստի, նախօրօք պատրաստուած ծրագրի մը համաձայն, առնելով իրեն հետ իր աշակերտները, ճամբայ ելաւ դէպի Երուսաղէմ։ Ան լաւ գիտէր, որ հոն՝ դարերով իր մարգարէները քարկոծող այդ ամբարտաւան քաղաքին մէջ կ՚ապրէին քաղաքական ու կրօնական պետերը այդ երկրին։ Սակայն քաղաքներու քաղաքին հասնելու նախօրեակին, Բեթանիոյ մէջ տեղի ունեցեր էր Մարիամի եւ Մարթայի եղբօր՝ երեք օրերէ ի վեր մեռած Ղազարոսի յարութեան զարմանահրաշ դէպքը։ Այս լուրը մեծ յուզում ու յոյսեր արթնցուցեր էր ժողովրդական լայն խաւերէ ներս եւ մասամբ կը բացատրէր, թէ ինչո՛ւ Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքին ծերերը ձիթենիի ոստերով եւ երիտասարդները արմաւենիի ճիւղերով եւ առհասարակ ամբողջ ուխտաւոր բազմութիւնը ովսաննաներով «Յիսուսի առջեւէն եւ ետեւէն կ՚երթային, կ՚աղաղակէին եւ կ՚ըսէին. Ովսաննա բարձրեալին, օրհնեալ ես, որ կու գաս Տիրոջ անունով, օրհնեալ եկեալ մեր հօր Դաւթի թագաւորութիւնը»։
Դարերով իր ազատարարին սպասող հրեայ ժողովուրդին՝ տօնական օրերուն պատճառած կրօնական եւ ազգային զգացումներէն բոցավառած երեւակայութիւնը, Յիսուսի հրաշագործ ուժին մէջ, մեռելներուն իսկ յարութիւն տալու չափ հզօր, յանկարծ տեսած էր, իր ըմբռնած ձեւով, Դաւիթի ցեղէն խոստացուած Մեսիան։ Ան, որ պիտի գար Մակաբայեցւոց եղբայրներուն պէս կրակի, սուրի, արեան, յեղափոխութեան, մէկ բառով՝ ապստամբութեան ճամբով փշրելու շղթաները Հռոմի գերութեան եւ վերականգնելու կործանած գահը Սողոմոնի, վերադարձնելու հրեայ ժողովուրդին իր անցեալի շքեղ փառքերը։
Այդ բոլորին ականատես՝ Մատթէոս Աւետարանիչ կը վկայէ, թէ՝ «Ի մտանել նորա յԵրուսաղէմ դղրդեցաւ քաղաքն ամենայն» (Մատթ. ԻԱ. 10)։
Իսկ Ղուկասի աւետարանը կ՚ըսէ.- «Եւ իբրեւ մերձեցաւ, տեսեալ զքաղաքն ելաց ի վերայ նորա»։ Յիսուս, ի տես ժողովրդային այդ ինքնաբուխ պոռթկումին, որ փրփրած, զայրացած գետի մը նման ամբարտակները քանդած կը սպառնար ամէն ինչ իր յորձանքին մէջ առնել, գրկելով իր նայուածքին մէջ Ձիթենեաց լերան լանջէն իր առջեւ փռուող քաղաքին գմբէթները, սիւները, աշտարակներն ու պարիսպները, կու լար ներսէն արիւնող արցունքի կայլակներով։ Կու լար ան իր պատգամներուն վախճանական նպատակին, իր աստուածային առաքելութեան Երուսաղէմի կողմէ չհասկցուելով մերժուած ըլլալուն համար։ Կու լար ան, որովհետեւ գիտէր որ իր արեան ծարաւի այդ քաղաքին մէջ շուտով քար քարի վրայ պիտի չմնար եւ բուեր իրենց բոյները պիտի դնէին։
Այլ առիթով մը, իր ճամբուն վրայ դէպի Երուսաղէմ, երբ Յիսուս կը քարոզէր Հրէաստանի քաղաքներուն եւ գիւղերուն մէջ, նախատեսելով Երուսաղէմի սպառնացող ողբերգական վախճանը, իր խորունկ վիշտը արտայայտեր էր հետեւեալ կերպով.- «Երուսաղէ՜մ, Երուսաղէ՜մ, դուն որ սպաննիչն ես մարգարէներուդ եւ քարկոծողը առաքեալներուդ, քանի անգամներ կամեցայ քու զաւակներդ իրարու մօտ հաւաքել, ինչպէս մայր հաւը իր թեւերուն տակ կը հաւաքէ իր ձագուկները եւ դուն մերժեցիր զիս։ Ահաւասիկ աւերակ է քու տունդ։ Այլեւս պիտի չտեսնես զիս մինչեւ որ ըսես. Օրհնեալ է ան որ Տիրոջ անունով կու գայ» (Տե՛ս Ղուկ. ԺԳ. 34-35, հմմտ. Մատթ. ԻԳ. 37-39)։
Որքան Վարդապետին շուրջ կազմուած թափօրը կը մօտենար տաճարին, Յիսուսին հետեւող մարդկային ալիքը ա՛լ աւելի կը մեծնար։ Եւ երբ մտաւ տաճարին գլխաւոր դռնէն ներս, տեսաւ լումայափոխներն ու ամէն տեսակի վաճառորդներ, որոնք մեծ աղմուկով լեցուցած էին մթնոլորտը։ Հոն կը ծախուէին Տաճարին նուիրուելիք ամէն տեսակի զոհի կենդանիներ, յիշատակի եւ զարդի առարկաներ, կը կատարուէին փոխանակութիւններ, սակարկութիւններ եւ վէճեր։ Առուծախի, վաճառականութեան ու շահագործումի այս ժխորալից պատկերին դիմաց ա՛լ չկրցաւ ան համբերել։ Վերցուց կենդանիներու վաճառքով զբաղողներու քովէն քանի մը պարաններ ու վերածելով զանոնք խարազանի, շաչեցուց զայն բոլորին գլուխներուն վրայ։ Շուտով շուրջը հաւաքուեցաւ դպիրներու, փարիսեցիներու եւ հետաքրքիրներու բազմութիւն մը։ Դառնալով այդ բոլորին՝ բարձրաղաղակ յայտարարեց. «Գրուած է, որ իմ տունս աղօթքի տուն պիտի ըլլայ. մինչ դուք աւազակներու որջի վերածեր էք զայն» (Ղուկ. ԺԹ. 46)։ Ոչ ոք համարձակեցաւ երկնքի պատգամները մարդոց ականջներուն պայթեցնող այս ճշմարտութեան ձայնին դէմ խօսիլ։
Թէեւ այսպէսով, գէթ անգամի մը համար, Յիսուս մաքրագործեց տաճարը, դուրս վտարեց սրբապիղծները իր Հօր տունէն եւ համարձակօրէն շարունակեց քարոզել Սողոմոնի տաճարին մէջ, սերմանել Աւետարանին ոսկի հատիկները մարդոց սրտի ակօսներուն մէջ, սակայն չարիքի ուժերը տակաւին շատ հեռու էին պարտուած ըլլալէ։ Ընդհակառակը, այս ձեւով ան առաւել չափով իր վրայ հրաւիրած էր ճշմարտութեան ձայնէն սարսափող մարդոց ամբողջական ատելութիւնն ու վրէժի թոյնը։ Այդ վայրկեանէն սկսեալ այլեւս տրուած էր իր մահուան վճիռը։ Հրեայ ժողովուրդին կրօնական պետերը միայն յարմար ժամուան ու պատեհութեան կը սպասէին՝ ընդմիշտ լռեցնելու եւ գերեզմանելու՝ Աստուծոյ անունով խօսող ու տաճարին հեղինակութիւնը արհամարհող այս գալիլեցի Վարդապետը։
Սիրելի՛ հաւատացեալներ, ահա Աստուած-մարդը, որ բաշխելէ ետք մարդոց այն, ինչ որ մարդկայնօրէն կարելի էր տալ, կու գայ այսօր գիտակցաբար եւ յատուկ առաքելութեամբ մը զոհելու՝ աշխարհի մէջ ամենէն թանկագին բանը՝ իր կեանքը։ Իր մահը դաւող գայլերու որջին մէջ քալողը մարմնացած Աստուածորդին է, որ կը սորվեցնէ մեզի մեծագոյն դասը կեանքին, թէ գաղափարի մը, վեհ իտէալի մը, սրբազան նպատակի մը իրագործման ճամբուն մէջ պէտք չէ վախնալ մարդոց մեզի սպառնացող թունաւոր նետերէն։ Մեր սէրն ու հաւատքը մեր իտէալին նկատմամբ պէտք է ըլլայ այնքա՜ն հզօր, որ կարենայ պարտութեան մատնել մեր մահը նիւթողներուն դաւադրութիւնները։
Ծաղկազարդի այս առաւօտ Քրիստոս կու գայ ու կը բախէ սրտին դռները իւրաքանչիւր հայ հաւատացեալի, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, լսելի ընելու իր պատգամը, հասկցնելու համար բոլորիս իր յաւիտենական առաքելութիւնը, վերահաստատելու համար այնտեղ Աստուծոյ անվախճան թագաւորութեան հիմերը։
Նայեցէ՛ք ձեր շուրջ, մանուկներու ժպիտին, պատանիներու ցնծութեան, չափահասներու եւ ծերերու աղօթքին ու հաւատքին մէջ է ան, ձիթենիի եւ արմաւենիի ճիւղերով զարդարուած եւ յոյսերու երփներփեան ծաղիկներով պսակուած մեր խորաններուն ու սրտի կամարներուն վրայ է ան։ Լայն բանանք մեր եկեղեցիներու դռներուն հետ նաեւ մեր սրտերուն դռները։
Ան կը պատգամէ մեզի քաջ ըլլալ իրեն պէս, չվախնալ մեր հոգեւոր եւ ազգային սրբութեանց դէմ գործող չարագործներէն եւ խաբեբաներէն. դուրս շպրտել մեր մէջէն Աստուծոյ եւ հայութեան բոլոր թշնամիները. մաքրագործել մեր մարմնական տաճարները եւ ընդունիլ Աստուածորդին գրկաբաց, որպէսզի ան տեսնելով մեր անփութութիւնները, մեր անիրաւութիւնները, չարիքներն ու մեղքերը՝ ամէն Ծաղկազարդի տօնին իր չհասկցուած առաքելութեան համար չլայ մեր եկեղեցիներու ճակատագրին վրայ։
Գարնանային այս զուարթ բնութեան գիրկը, եկո՛ւր, Տէր, եւ ծաղկազարդէ՛ մեր հոգիներն ալ Հաւատքիդ, Յոյսիդ եւ Սիրոյդ անթառամ ծաղիկներով, լեցո՛ւր մեր սրտերը քու աւետաբեր պատգամներով եւ իմաստութեամբ, որպէսզի մենք ալ օրհնելով քու սուրբ անունդ՝ փառք տանք ամենասուրբ Երրորդութեանդ։
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ