ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ՔԷՐՄԷՍ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ապ­րե­ցաւ թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած քէր­մէ­սին հրճուան­քը։ Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս Ս. Զատ­կի ըն­դա­ռաջ քէր­մէս մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ ի նպաստ Մէ­րա­մէթ­ճեա­նի վար­ժա­րա­նին։ Տօ­նա­կան օ­րե­րու ըն­դա­ռաջ այս ձեռ­նար­կը հա­մախմ­բեց թէ՛ թա­ղե­ցի­նե­րը եւ թէ զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած հա­մա­կիր­ներ։ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի Ծնո­ղաց միու­թեան եւ Քէր­մէ­սի կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բի հա­մա­տեղ ջան­քե­րով տե­ղի ու­նե­ցաւ այս աշ­խա­տան­քը։ Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեա­նի եւ Թա­նիա Պալ­ճըի կող­մէ գլխա­ւո­րուած խում­բե­րը մեծ աշ­խա­տանք տա­րած էին՝ այ­ցե­լու­նե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ դնե­լու հա­մար ճոխ տե­սա­կա­նի մը։ Ի­րենց զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը ար­դա­րա­ցան՝ այն ի­մաս­տով, որ տա­ղա­ւար­նե­րուն վրայ կա­յին Ս. Զատ­կի տօ­նին բնո­րոշ բազ­մա­թիւ ի­րեր ու ճա­շա­կա­ւոր ձե­ռա­գործ­ներ, ո­րոնք սպա­ռե­ցան այ­ցե­լու­նե­րուն կող­մէ։

Մինչ այդ, Ֆէ­րի­գիւ­ղի քէր­մէ­սի պա­տուոյ հիւ­րը հան­դի­սա­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ շրջե­ցաւ քէր­մէ­սի տա­ղա­ւար­նե­րով եւ իր բարձր գնա­հա­տան­քը ար­տա­յայ­տեց ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պած տի­կին­նե­րուն նկատ­մամբ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ու­ղեկ­ցե­ցան Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ քա­րո­զիչ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն Ազ­նիւ Մե­ծա­տու­րեան, Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան, Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեան եւ Թա­նիա Պալ­ճը։ Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը քէր­մէ­սի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րուն ու թա­ղի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն փո­խան­ցեց իր օրհ­նու­թիւն­նե­րը ու մաղ­թեց, որ այս ծրա­գի­րը պսա­կուի յա­ջո­ղու­թեամբ ի նպաստ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի։

Ֆէ­րի­գիւ­ղի քէր­մէ­սի կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թեամբ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն ստանձ­նած են հե­տե­ւալ ա­նուն­նե­րը.

Ժա­նէթ Ար­ծի­ւեան (ա­տե­նա­պե­տու­հի), Սի­րա­նոյշ Քե­շի­շօղ­լու, Նա­թա­լի Օք­թայ, Սե­դա Պէ­շիկ­թաշ­լեան, Է­լիզ Ահ­ճը, Մաք­րու­հի Աշ­ճը, Հայ­րի­յէ Փէք, Լո­ռա Օք­թայ, Լու­սի Չը­նար, Սիլ­վա Քը­րա­լըմ, Զիւ­պէյ­տէ Կէօք­չէ, Ան­նա Սա­րըօղ­լու, Դա­լար Տո­լար, Պրի­ժիտ Իս­քեն­տէ­րօղ­լու, Շի­լա Մի­նաս, Լե­տա Խրի­մեան, Ա­րի Թաշ, Թա­նիա Պալ­ճը (ա­տե­նա­պե­տու­հի), Շա­քէ Սիմ­քե­շեան, Այ­տա Տի­տո­նեան, Նուարդ Խա­չե­րե­սօղ­լու, Ա­լիս Մատ­ղա­շեան, Ժիւ­լիէթ Տէօ­նէր, Նաժ­տա Ֆոս­քո­լօ, Լի­զա Թուր, Լու­սին Քը­յը­ճը, Իս­կու­հի Չո­լաք, Մա­թիլ­տա Սու­լուօղ­լու, Սիւ­զան Չե­լիք­թոփ, Սուլ­թան Ու­լուաք։

 

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017