Բացում՝ Վերանորոգուած Ցուցասրահի
Նախագահութեամբ եւ ձեռամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի, Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքին մէջ բացումը կատարուեցաւ Արաքսի ազատ գօտիի նիւթական օժանդակութեամբ վերանորոգուած ցուցասրահին:
Առաջնորդ Սրբազանը վերանորոգուած ցուցասրահի մուտքի դրան ժապաւէնը կտրելով՝ հիւրերուն հետ մուտք գործեց սրահ, որ յատուկ լուսաւորութեան սարքերով օժտուած էր ցուցադրուած պատկերներուն կամ իրերուն վրայ լոյս ցոլացնելու նպատակով:
Իրանի Եկեղեցիներու պահպանման պետական հիմնարկի տնօրէն եւ շինարարական սոյն աշխատանքներու համակարգող Շերլի Աւետեան ներկաներուն բացատրութիւն տուաւ աշխատանքի սկզբնաւորութեան եւ աւարտին, ինչպէս նաեւ ապագայ հեռանկարներուն մասին: Այնուհետեւ ներկաները դիտեցին պատերուն վրայ զետեղուած լուսանկարները, որոնք կը ներկայացնէին վանքին տարբեր մասերը՝ օրուան տարբեր ժամերուն: Ներկայ արուեստագէտ լուսանկարիչներէն ոմանք անձամբ բացատրութիւն տուին իրենց լուսանկարներուն մասին, որոնց շարքին՝ թաւրիզահայ Կարօ Ջորջեան:
Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց վանքի նախկին ախոռը արդիական ցուցասրահի վերածելու Շերլի Աւետեանի ծրագիրն ու իրականացուած աշխատանքը, մասնագէտներու կողմէ պատերուն հնութիւնը պահպանելու բծախնդիր մօտեցումը եւ վայրը առաւել եւս գրաւիչ ու վայելուչ դարձնելու անոնց նախանձախնդրութիւնը: Բացման հանդիսութենէն ետք վանքի պարտէզին մէջ տեղի ունեցած սիրոյ սեղանի ընթացքին Սրբազան Հայրը իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Արաքսի ազատ գօտիի ղեկավարութեան, որ Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքի, Հովուի մատուռի եւ Դարաշամբի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հանդէպ հոգածու վերաբերում ցոյց կու տայ: