ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎԵՐՋՆԱԿԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ

Հա­յաս­տա­նի Կեդ­րո­նա­կան ընտ­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը ե­րէկ պաշ­տօ­նա­պէս ամ­փո­փեց խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւննե­րու վերջ­նա­կան ար­դիւն­քը։ «Ար­մէն­փ­րէս» հա­ղոր­դում­նե­րով, քուէար­կու­թեան վեր­ջին ար­դիւն­քի ամ­փոփ­ման զու­գա­հեռ՝ յայտ­նի դար­ձաւ նաեւ, թէ նուա­զա­գոյն պատ­նէ­շը յաղ­թա­հա­րած չորս կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը քա­նի՛ ա­թոռ պի­տի զբա­ղեց­նեն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վե­ցե­րորդ գու­մար­ման Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը (ՀՀԿ), որ ա­ռա­ջին կար­գի վրայ դուրս ե­կած էր ընտ­րու­թիւն­նե­րէն, նո­րըն­տիր խորհր­դա­րա­նին մէջ պի­տի ու­նե­նայ 58 ե­րես­փո­խան։ «Ծա­ռու­կեան» դա­շին­քը պի­տի ու­նե­նայ 31 պատ­գա­մա­ւոր, «ԵԼՔ» դա­շին­քը՝ 9 պատ­գա­մա­ւոր եւ Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը (ՀՅԴ) 7 պատ­գա­մա­ւոր։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017