ՄՆԱՑ ՔԱՆԻ ՄԸ ՕՐ

Բո­վան­դակ Թուր­քիոյ ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է շա­բա­թա­վեր­ջին նա­խա­տե­սուած հան­րա­քուէին վրայ։ Երկ­րի Սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փոխ­ման եւ կա­ռա­վար­ման նա­խա­գա­հա­կան դրու­թեան հաս­տատ­ման ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ կը կազ­մա­կեր­պուի այս հան­րա­քուէն եւ ժո­ղո­վուր­դը ար­դէն «ա­յո»ի եւ «ոչ»ի մի­ջեւ կողմ­նո­րո­շուե­լու հա­մար ու­նի եւս քա­նի մը օր։ Երբ հա­զիւ քա­նի մը օր մնա­ցած է հան­րա­քուէին հա­մար, բո­լոր քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րը շար­ժման ան­ցած են ի­րենց պատ­գա­մը ա­մե­նաազ­դու ձե­ւով փո­խան­ցե­լու հա­մար ժո­ղո­վուր­դին ու մա­նա­ւանդ հա­մո­զե­լու եւ տար­հա­մո­զե­լու հա­մար այն զան­գուա­ծը, որ տա­կա­ւին չէ կողմ­նո­րո­շուած։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էրտո­ղան շա­բա­թա­վեր­ջին հսկայ հան­րա­հա­ւաք­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Իս­թան­պու­լի եւ Իզ­մի­րի մէջ։ Իս­թան­պու­լի հան­րա­հա­ւա­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ե­նի­գա­բուի հրա­պա­րա­կին, իսկ Իզ­մի­րի հան­րա­հա­ւա­քը՝ Կիւն­տող­տուի հրա­պա­րա­կին վրայ։ Այս եր­կու ա­ռիթ­նե­րով Էր­տո­ղան խօսք ուղ­ղեց ծո­վա­ծա­ւալ բազ­մու­թեան։

Իզ­մի­րի ե­րէ­կուան ե­լոյ­թին մէջ Էր­տո­ղան բուռն ձե­ւով քննա­դա­տեց նաեւ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րը եւ ա­ւել­ցուց, թէ մօ­տա­լուտ հան­րա­քուէէն վերջ Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան խնդրին շուրջ ալ վերջ­նա­կան խօսք մը ը­սե­լու ա­ռի­թը պի­տի ներ­կա­յա­նայ։

Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ա­ւել­ցուց, որ եւ­րո­պա­կան եր­կիր­նե­րը կը հրահ­րեն «ոչ»ի կողմ­նա­կից­նե­րը եւ Ապ­րի­լի 16-ը ա­ռիթ պի­տի դառ­նայ հա­շուե­յար­դար մը կա­տա­րե­լու հա­մար նաեւ ա­նոնց հետ։

Միւս կող­մէ, Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ, ՃՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու եւ ՄՀՓ­-ի կու­սակ­ցա­պետ Տեւ­լէթ Պահ­չե­լի ալ ե­րէկ շա­րու­նա­կե­ցին ի­րենց հան­րա­հա­ւաք­նե­րը։

Քը­լըչ­տա­րօղ­լու յա­մա­ռօ­րէն կը պա­հան­ջէ կու­սակ­ցա­պետ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ հե­ռա­տե­սի­լի վրայ ու­ղիղ ե­թե­րով բա­նա­վէ­ճի մը կազ­մա­կեր­պուի­լը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 10, 2017