ՄԻՋՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԱՅԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐԸ
Համայնքային նախակրթարաններուն մասնակցութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան մտախաղեր, որոնք կազմակերպուեցան առաջին անգամ։ Պէզճեան Մայր վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու կազմակերպչական աշխատանքներուն աջակցեցան Թուրք ուղեղի խումբը, «Akıl oyunları» եւ «Zeka oyunları» խումբերը։ Հիւրընկալ Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Նայիրի ողջոյնի խօսքով բացուեցան մտախաղերը, որոնց կանոններուն մասին բացատրութիւններ տուաւ Թուրք ուղեղի խումբի խմբապետ Ֆերհատ Չալափքուլու։ Աւելի վերջ համայնքային նախակրթարաններու խումբերը չափեցին իրենց գիտելիքները զանազան անուանակարգերու մէջ. ինչպէս՝ սուտոքու, մտքի խաղեր, մեքանիք խաղեր, տեսողական խաղեր ու բառախաղեր։ Արդիւնքին առաջին հինգ հորիզոնականները զբաղեցուցին՝ Գարակէօզեան, Գալֆաեան, Արամեան-Ունճեան, Էսաեան եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանները։ Անհատական գետնի վրայ դափնեկիր հանդիսացան՝ Արաս Էօզքայա (Գալֆաեան), Սելին Եուրթկիւլիւ (Արամեան-Ունճեան) եւ Տիրան Քէօսէ (Էսաեան)։
Մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնով մտախաղերը հասան իրենց աւարտին։