ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ս. Զատկի հանդէս մը։ Մասնաւորապէս նախակրթարանի փոքրիկներուն համար առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցաւ այս ձեռնարկը։ Անոնք գոյնզգոյն տարազներով ներկայացուցին իրենց յայտագիրը։ Ծաղկազարդէն սկսեալ մինչեւ Աւագ շաբթուան իւրաքանչիւր օրուան իմաստը՝ փոքրիկները բացատրեցին ամենայն մանրամասնութեամբ, եկեղեցիներու մէջ կատարուած արարողութիւններուն շուրջ տեղեկութիւններով հանդերձ։ Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ արտասանութիւններ եւ խմբերգներ։ Աշխատանոցի բաժին մըն ալ ունէր Ս. Զատկի այս խրախճանքը, որու ընթացքին տղաքը ներկեցին հաւկթաձեւ բարձեր։
Տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու հանդէսի աւարտին շնորհաւորեց բոլոր փոքրիկները եւ գնահատեց հանդէսի պատրաստութիւնները վերահսկած կրթական մշակները։