Երկուշաբթի 23, Դեկտեմբեր 2024
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՁԵՒԱՉԱՓ
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն վերջ բանակցութիւններ սկսած են Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) միջեւ։ ՀՅԴ-ի խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ խորհրդարանին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ երկու կուսակցութիւնները բանակցութիւններու ձեռնարկած են համախոհական իշխանութիւն մը կազմելու համար։
Ըստ Ռուստամեանի բացատրութիւններուն, երկու կուսակցութիւններու ծանօթ համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի։ «Կը խօսինք նոր ստեղծուած իրավիճակին մէջ նոր որակով համագործակցութեան մասին», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան։
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 12, 2017