ՃՀՓ-Ի ԿՈՂՄԷ ՊԱՀՔԻ ՍԵՂԱՆ
ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի մասնաճիւղի ղեկավարութիւնը երէկ պահքի սեղան մը սարքեց քաղաքիս փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն համար։ Շիշլիի «Մարիոթ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որ անցաւ հաճելի մթնոլորտի մը մէջ։ Կուսակցութեան Իսթանպուլի մասնաճիւղի ղեկավար Ճեմալ Ճանպոլաթի տանտիրութեամբ կազմակերպուեցաւ այս ձեռնարկը, որուն մասնակցեցան Իսթանպուլի երեսփոխաններ Սելինա Տողան եւ Սեզկին Թանրըքուլու, Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ, Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանէն Մարգրիտ Տիքմէ եւ Նուրհան Չեթինքայա, Պէշիկթաշի քաղաքապետարանէն Նուրհան Փալաքօղլու, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Սիրան Սուրքի եւ ընդդիմադիր կուսակցութենէն այլ ներկայացուցիչներ։ Համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ դէմքեր հրաւիրուած էին այս հաւաքոյթին։ Ելոյթներով հանդէս եկան Սելինա Տողան, Սեզկին Թանրըքուլու, Ճեմալ Ճանպոլաթ եւ Հայրի Ինէօնիւ։
Հաւաքոյթի տեւողութեան Սելինա Տողան, Ճեմալ Ճանպոլաթ եւ Հայրի Ինէօնիւ շրջեցան սեղանները եւ իրենց ուրախութիւնը բաժնեցին հիւրերու մասնակցութեան համար։ Անոնք բոլորին այժմէն շնորհաւորութիւններ փոխանցեցին Ս. Զատկի մօտալուտ տօնին առթիւ։