ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ Ս. ԶԱՏԿԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍ
Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները մեծ ոգեւորութեամբ տօնեցին Ս. Զատկի մօտալուտ գալուստը:
Երեքշաբթի առաւօտ վարժարանի հանդիսասրահը գեղեցկօրէն զարդարուած՝ սիրով կը դիմաւորէր իր Զատկի հիւրերը: Սրահին պատուհաններուն փակցուած, առաստաղէն կախուած էին մանկապարտէզի տղոց ձեռային աշխատութիւնները՝ ճուտիկներ, նապաստակներ, ստեպղիններ և գոյնզգոյն հաւկիթներ: Այս բոլորը նախքան հանդիսութեան սկսիլը՝ արդէն իսկ սրահին մէջ կը ստեղծէին Զատկի ուրախ մթնոլորտը: Իսկ բեմին խորքը կախուած վարագոյրին վրայ դէմ դիմաց կանգնած երկու հաւիկները իրենց արտակարգ գրաւչութեամբ աչք կը քթթէին հանդիսականներուն:
Եւ վերջապէս սկիզբ առաւ հանդէսը: Փոքրիկները նախ ներկայացուցին լուսնին եւ աստղերուն պարերը, չէ՞ որ հանդէսը կը բացուէր գիշերային տեսարանով մը: Վրայ հասան առաւօտեան առաջին շողերը եւ անշուշտ արշալոյսին հետ լսուեցաւ աքլորին կանչը: Աքլորին կանչին հետ միասին բեմ փութացին հաւիկները եւ սկսաւ հաւերուն պարը, որուն յաջորդեցին հաւկիթներուն եւ ճուտիկներուն պարերը: Այսպէս՝ իրերայաջորդ պարերով փոքրիկները հանդիսատեսներուն աչքերուն առջեւ պարզեցին բնութեան վերազարթնումը: Բեմին վրայ նկարագրուած ամէն մէկ պատկեր կ՚աւետէր գարունը իր ամբողջ կենսունակութեամբ: Ապա տղաքը հանդէս եկան արտասանութիւններով, երգերով ու պարերով: Տղաքը իրենց սիրուն զգեստներուն մէջ կատարեցին արտասանութիւններ եւ երգեցին Զատկի գողտրիկ երգեր թէ՛ հայերէնով եւ թէ անգլերէնով:
Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ վարժարանի նախակրթութեան տնօրէնուհի Գաթիա Վարկը: Ան շնորհաւորեց բոլոր ներկաներուն այս մեծ տօնը և շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի ժրաջան ուսուցչուհիներուն՝ մանկապարտիզպանուհիներ՝ Արշալոյս Ունճուի, Սիպիլ Աւագօղլուի, Ռեհան Եաղեազանի, Մելիսա Իփեքլիի, Մարալ Կիւլպայծառի, Միրելլա Կիւլէր Շուքուրովի, երաժշտութեան ուսուցչուհի Շուշան Գալաթաշի եւ անգլերէնի ուսուցչուհիներ՝ Իլոնա Քիւչիւքրէիսեանի եւ Բոլին Չանքարի, որոնք միասնաբար պատրաստած էին սոյն հանդէսը: Պարային աշխատանքներուն բծախնդրօրէն հսկած էր վարժարանի մանկապարտիզպանուհի Ռեհան Եաղեազան: Իսկ բեմի բծախնդիր յարդարանքը գործն էր վարժարանի գծագրութեան ուսուցչուհի Հիւմէյրա Թունալըի:
Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, որ ներկաներուն այս տաղաւար տօնը շնորհաւորելէ ետք գնահատանքով արտայայտուեցաւ կատարուած աշխատութիւններուն կապակցութեամբ: Վարժարանի ուսուցիչները եւ ծնողները ձեռք ձեռքի տուած էին, որպէսզի մանկապարտէզի աշակերտները իրենց այդ փոքր տարիքէն թափանցեն Ս. Զատկի խորհուրդին: Ահաւասիկ այդ սիրասուն զաւակները իրենց արտասանութիւններով, երգերով եւ պարերով կատարելապէս իւրացուցած էին այս մեծ տօնին միտքն ու գաղափարը, ապրած եւ ապրեցուցած էին Ս. Զատկի ոգին: Այդ փոքրիկները պիտի դառնային վաղուան մեծերը եւ այդ ոգին պիտի փոխանցէին գալիք սերունդներու: Այսպիսի հանդէսներու, կրօնական փոխանցումներու շնորհիւ է, որ պիտի զօրանար մատղաշ սերունդին կապը իր եկեղեցիին, իր բարոյական արժէքներուն նկատմամբ:
Շնորհաւորութիւններէ ետք տղաքը բարձրացան իրենց դասարանները, ուր անոնք բազմեցան Ծնողաց միւթեան կողմէ իրենց համար սարքուած սեղաններուն շուրջ եւ այնուհանդերձ սկսաւ հաւկթամարտը: Զատկի սեղանին վրայ տեղ գրաւած էին նաեւ մանկապարտէզի աշակերտներուն իրենց փոքրիկ թաթիկներով պատրաստած անուշեղէնները: Կերուխումէն ետք փոքրիկները վազեցին դէպի պարտէզ, ուր պիտի կատարուէր հաւկթորսը: Զատկի նապաստակը՝ Նապիկը նախապէս պարտէզի խոտերուն, ծառերուն, կանանչութիւններուն մէջ պահած էր գունաւոր հաւկիթներու տոպրակներ: Տղաքը մեծ ուշադրութեամբ հաւաքեցին հաւկիթները եւ զանոնք զետեղեցին իրենց կողովներուն մէջ: Այս հաճելի խաղին աւարտին պզտիկները յոգնած դադրած վերադարձան իրենց դասարանները: Մխիթարեան հայրեր՝ Մագ. Հայր Սարգիս Ծ. Վրդ. Էրմէն եւ Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան փոքրիկներուն նուիրեցին տուրմի ծրարիկներ: Իսկ վարժարանի Ծնողաց միւթիւնները տղաքը եւ ծնողները հիւրասիրեցին Զատկի խմորեղէններով: Իսկ յետմիջօրէին զատկուան ոգեւորութենէն իրենց բաժինը ստանալու կարգը այս հեղ նախակրթութեան, միջնակարգի եւ լիկէոնի աշակերտներունն էր: Անոնք ալ Ծնողաց միւթեան հիւրասիրութեամբ եւ հաւկթամարտով ապրեցան անմոռանալի զատկուան տօնակատարութիւն մը:
Այսպէս՝ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնը անգամ մը եւս իրեն վայել շքեղութեամբ տօնուեցաւ Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանի մէջ, իր շուրջ համախմբելով փոքրիկները եւ ծնողները՝ անոնց սրտերուն մէջ արծարծելով սիրոյ եւ ուրախութեան բարի զգացումները: