ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՊԻՏԻ ԴԱՌՆԱՅ ԱՄՆ-Ի ՀԱՄԱՐ
«Սուրիոյ զարգացումները տեղի չեն տար համաշխարհային պատերազմի մը», նման յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ երէկ Երեւանի մէջ վաստակաւոր դիւանագէտ Արման Նաւասարդեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դեսպան Նաւասարդեան համոզուած է, որ հետագային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն տեսակէտէ կարեւոր ուղղութիւններէն մին պիտի ըլլայ Հարաւային Կովկասը։ Արման Նաւասարդեանի կարծիքով, ներկայիս ստեղծուած իրավիճակը հաւանական կը դարձնէ Սուրիոյ մասնատումը։
«Այն ձեռքբերումները, որոնք կային ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ միջազգային, աշխարհաքաղաքական խնդիրներու համատեսքին մէջ՝ պիտի յետաձգուին քանի մը տարիով։ Ներկայիս կարծես Պաղ պատերազմի մը տպաւորութիւնը կայ եւ յարաբերութիւնները սրուած են միանշանակ, ինչ որ առաջին հերթին պիտի անդրադառնայ Սուրիոյ գործընթացներուն վրայ։ Կը կարծեմ՝ Պեշար Էսատ այլեւս ապագայ չունի այդ խնդիրներուն մէջ, որովհետեւ, ըստ իս, այնտեղ աշխատեցան այնպիսի գործօններ՝ քիմիական զէնք եւ այլն, փաստօրէն Սուրիոյ այսօրուան իշխանութիւններուն դէմ դուրս եկաւ ամբողջ քաղաքակիրթ աշխարհը», ըսաւ Նաւասարդեան։
Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան վաստակաւոր դեսպանը յոռետես կանխատեսումներ ըրաւ ու յայտնեց, որ ԻՇԻՊ-ի («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) արարքները կրնան սաստկանալ։ Նաւասարդեանի կանխատեսումներով, վերոյիշեալ զարգացումները պիտի անդրադառնան նաեւ Հարաւային Կովկասի վրայ։ «Կար այնպիսի կարծիք մը, թէ ԱՄՆ ուշադրութիւն չի ցուցաբերեր Հարաւային Կովկասի նկատմամբ եւ տարածքաշրջանը Ռուսաստանի ազդեցութեան ոլորտին մէջ էր։ Այս կարծիքը հիմա կարծես, թէ կը մղուի երկրորդ փլանի վրայ։ Գրեթէ համոզուած եմ՝ ԱՄՆ-ի կարեւոր ուղղութիւններէն մին պիտի ըլլայ տարածքաշրջանը, որովհետեւ այստեղ այնպիսի թնճուկ մը ստեղծուած է, որ կրնայ պատճառ դառնալ բոլորովին նոր քաղաքական իրավիճակ մը։ Հայաստանի քայլերը պէտք է ըլլան ճիշդ», եզրափակեց Նաւասարդեան։