ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԻԿ

Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց...

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ զան­գե­րը կը ղօ­ղան­ջեն դար­ձեալ՝ ա­ւե­տե­լով տօ­նա­կան մեծ ա­ւե­տի­սը։ Այդ ղօ­ղանջ­նե­րը մեր սրտե­րուն մէջ կ՚ար­ձա­գան­գեն՝ հա­ւաս­տե­լով Տի­րոջ յաղ­թու­թիւ­նը, մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան մե­ծա­գոյն հրաշ­քը։ Սուրբ Զա­տի­կը ա­մէն տա­րի մեր ե­կե­ղեց­ւոյ աշ­խար­հաս­փիւռ զա­ւակ­նե­րը կը հա­մախմ­բէ նոյն հրաշ­քին եւ ա­նով պայ­մա­նա­ւո­րուած նոյն ա­ւե­տի­սին շուրջ։ Հայ-քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ա­հա կը հա­մա­կուին տօ­նա­կան այն վե­րա­նո­րոգ տրա­մադ­րու­թեամբ, որ իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ յոյ­սը, հա­ւատ­քը եւ սէ­րը։

Յոյ­սը լե­ցուած է մեր սրտե­րուն մէջ այ­սօր, դար­ձեալ, Քրիս­տո­սի դա­տարկ լոյս գե­րեզ­մա­նի պատ­կե­րը մեր աչ­քին առ­ջեւ։ Հա­ւատ­քը հա­մա­կած է մեր ամ­բողջ էու­թիւ­նը, դար­ձեալ, Տէր Յի­սու­սի հրա­շա­փառ սուրբ յա­րու­թեան պատ­կա­ռե­լի խոր­հուր­դին դի­մաց։ Սի­րով տո­գո­րուած ենք բո­լորս ի­րա­րու նկատ­մամբ, դար­ձեալ, մա­հուան յաղ­թած մեր Տի­րոջ նկատ­մամբ վե­րա­նո­րոգ հա­ւա­տար­մու­թեամբ։

Խայ­տաբ­ղէտ պատ­կեր մը կ՚ու­րուագծուի մեր աչ­քին առ­ջեւ։ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը, Միած­նաէջ սուրբ սե­ղա­նը, Ե­րու­սա­ղէ­մի սուրբ գե­րեզ­մա­նը, լու­սա­շող մեր տա­ճար­նե­րը, մեր խո­րա­խոր­հուրդ շա­րա­կան­նե­րուն եւ սրբա­զան ե­րաժշ­տու­թեան առ­թած ան­բա­ցատ­րե­լի զգա­ցում­նե­րը, մեր հա­յա­շունչ ծէ­սին հմայ­քը ու մեր ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն ճո­խու­թիւ­նը։ Մեր ե­կե­ղե­ցին, Մայր ե­կե­ղե­ցին, մե­զի կու տայ բո­լոր բա­նա­լի­նե­րը, կը մա­տու­ցէ շռայ­լօ­րէն բո­լոր խորհր­դան­շան­նե­րը՝ որ­պէս­զի թա­փան­ցենք Սուրբ Յա­րու­թեան խոր­հուր­դին։ Այդ խայ­տաբ­ղէտ պատ­կե­րի խոր­քին կը ճա­ռա­գայ­թէ Քրիս­տո­սի ճշմա­րիտ լոյ­սը։ Այդ պատ­կե­րի խոր­քին կը շո­ղայ Տի­րոջ յաղ­թու­թիւ­նը։ Եւ մեր սուրբ ե­կե­ղե­ցին այ­սօր հեր­թա­կա­նօ­րէն իր հօ­տին կը պատ­գա­մէ՝ որ այդ ճա­ռա­գայթ­նե­րէն ու շո­ղե­րէն ա­ռա­ւե­լա­գոյն բա­ժի­նը պի­տի վի­ճա­կի հա­յոց փոքր ա­ծուին, որ­քան որ ամ­րապն­դուինք մեր հա­ւատ­քին մէջ, որ­քան որ լիար­ժէք ձե­ւով վե­րա­նո­րոգ պա­հենք մեր հայ­րե­րու լոյս, ան­խախտ հա­ւատ­քը։ Եւ տա­կա­ւին՝ որ­քան որ ա­ւե­լի սէր տա­ծենք ի­րա­րու նկատ­մամբ ու այդ սի­րով ե­րաշ­խա­ւո­րենք մեր յոյ­սի կեն­սու­նա­կու­թիւ­նը։

Կ՚ապ­րինք աշ­խար­հի մը մէջ, ուր մարդ­կու­թեան մե­ծա­գոյն ձգտումն ու բաղ­ձանքն է խա­ղա­ղու­թիւ­նը։ Սա կը նշա­նա­կէ, որ երկ­նա­ւոր ա­րար­չի կամ­քէն ան­կախ մա­հե­րը շրջա­պա­տած են մարդ­կա­յին կեան­քը։ Եւ այս վի­ճա­կին մէջ հայ-քրիս­տո­նեայ մար­դը ի՛նչ ա­պա­ւէն կրնայ ու­նե­նալ՝ ե­թէ ոչ Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սը, որ յաղ­թեց մա­հուան։ Տի­րոջ հրա­շա­փառ Սուրբ Յա­րու­թեան լոյ­սը թող ա­ռա­տօ­րէն սփռուի մեր վրայ ու բո­լորս տա­ղա­ւա­րի բերկ­րան­քով զի­րար ող­ջու­նենք ի սրտէ բա­րե­մաղ­թան­քով։

Քրիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց։

Ձե­զի, մե­զի մե՜ծ ա­ւե­տիս...

Շաբաթ, Ապրիլ 15, 2017