Եռօրեայ Այցելութիւն դէպի Գամիշլի
Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան հովուապետական եռօրեայ այցելութիւն տուաւ Գամիշլի՝ ընկերակցութեամբ Սուրիոյ խորհըր-դարանի երեսփոխան եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Ժիրայր Ռէիսեանի:
Նախ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ «Կանոնական աղօթք» տեղի ունեցաւ, որմէ ետք սրբազան հայրը ողջունեց ներկաները՝ իր ուրախութիւնը յայտնելով այս այցելութեան առիթով: Ան դիտել տուաւ, որ այցը առիթ պիտի հանդիսանայ մօտէն հետեւելու գաղութի իրավիճակին:
Երեկոյեան Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան այցելեցին գաղութին մէջ գործող բոլոր միութիւններու պատասխանատու մարմինները: Հանդիպումներուն ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցաւ տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ՝ միութենական աշխատանքի առկայ խոչընդոտները:
Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց Գամիշլիի կրօնական, ազգային եւ միութենական մարմիններու գործունէութիւնը՝ այսպիսի դժուար պայմաններու մէջ:
Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի նախագահութեամբ, Կիրակի օր, մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ Աստուածամօր պատկերի օծման արարողութիւնը: Սրբապատկերը պիտի զետեղուի եկեղեցւոյ խորանին վրայ:
Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ շեշտեց պահեցողութեան հոգեւոր նշանակութիւնը՝ ըսելով. «Աւետարանը կ՚ըսէ՝ նախ քու աչքիդ մէջի գերանը տես, յետոյ՝ դիմացինիդ աչքին մէջի պզտիկ շիւղը: Պահոց քառասուն օրերը սրտի մաքրութեան, ինքնասրբագրումի եւ անդրադարձի օրեր են: Մեծ պահքի քառասուն օրերուն ընթացքին եկեղեցւոյ արարողութեան մէջ հիմնականը Աստուծոյ խօսքն է: Հիմնականը Ս. Գիրքի ընթերցումներն են, որոնք Տիրոջ խօսքին վրայ կը կեդրոնացնեն մեր ամբողջ ուշադրութիւնը»: Ապա սրբազան հայրը կրկնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հալէպ այցելութեան ընթացքին արտասանած քարոզին գլխաւոր միտքերը՝ ըսելով. «Վերանորոգում, վերականգնում, վերաշինութիւն բառերուն մէջ խտացուած էր կաթողիկոսին քարոզը: Սուրիական պատերազմի ընթացքին նահատակներ ունեցանք, կառոյցներ քանդուեցան, տուներ փլատակ դարձան, եկեղեցիներ եւ դպրոցներ հրկիզուեցան… Այսուհետեւ վերաշինութեան ծրագիրը գործի դրուեցաւ ու ինկածները պէտք է ոտքի կանգնեցնել, մարդու արժանապատուութիւնը վերականգնել, որովհետեւ վերանորոգուած մարդը միայն կրնայ երկիրը, համայնքը վերականգնել: Վերաշինութեան ծրագիրը պիտի շարունակուի Աստուծոյ առաջնորդութեամբ եւ եկեղեցական, ազգային, միութենական աշխատանքով՝ մեր ժողովուրդին մասնակցութեամբ»:
Պատարագէն ետք սրբազան հայրը այցելեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ դպրոց, տեսակցութիւն ունեցաւ տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ, մեծ ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ հետեւեցաւ փոքրիկներու աշխատանքին:
Իսկ յաջորդ օրը, սրբազան հայրը, Ժիրայր Ռէիսեանի, Գամիշլիի Ազգային Եփրատ վարժարաններու հոգաբարձութեան եւ թաղականութեան կազմերուն ու Գամիշլիի քահանայ հօր հետ այցելեցին Գամիշլիի ազգային երեք վարժարանները: Աշակերտներուն հետ աղօթելէ ետք, սրբազան հայրը ողջունեց հայ ապագայ սերունդի ներկայացուցիչները, որոնց փայլուն աչքերուն մէջ կը ցոլայ հայու փայլուն ապագան: Ապա ան յաջողութիւն մաղթեց անոնց իրենց եւ գաղութի մէջ գործող բոլոր միութիւններուն, որոնք մարդ կերտելու պարտականութիւնը ստանձնած են պատերազմի տագնապալի այս տարիներուն: Եզրափակելով՝ սրբազան հայրը Աստուծմէ խնդրեց, որ խաղաղութիւն, բարգաւաճում եւ մշտական վերելք պարգեւէ Հայաստանին ու սուրիական հայրենիքին: