51.41 % ԱՅՈ...
Բովանդակ Թուրքիա երէկ քուէատուփի մօտ փութաց հանրաքուէի համար, որու արդիւնքին երկար ժամանակէ ի վեր կը սպասուէր անհամբերութեամբ։ Նախագահական կառավարման դրութեան հաստատման նպատակով ժողովուրդին ներկայացուած սահմանադրական փոփոխութեան առաջարկը արժանացաւ հաւանութեան։ Աւելի քան 80 տոկոսի հասաւ մասնակցութեան համեմատութիւնը։ Հանրաքուէի արդիւնքին լոյսին տակ նոր շրջանի մը հորիզոնը կ՚ուրուագծուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան առջեւ։ Արդարեւ, 51.41 տոկոսի համեմատութեամբ ժողովուրդը «այո» ըսաւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան համար։ «Ոչ»երը կազմեցին 48.59 տոկոս։ Ինչպէս արդէն կը նախատեսուէր, բուռն մրցակցութենէ մը վերջ վերջնական արդիւնքը յայտնի դարձաւ չնչին տարբերութիւնով մը։ Միայն 1.3 միլիոն քուէի տարբերութեամբ յառաջ անցան «այո»ները։ Ուշագրաւ էր, որ երկրի գլխաւոր մեծ քաղաքներուն՝ Անգարայի, Իսթանպուլի եւ Իզմիրի մէջ, թէեւ նուազ տարբերութեամբ, սակայն «ոչ»երը անցան առաջ։ Երկրի եօթ շրջաններէն չորսին՝ Սեւ ծովու, Ներքին Անատոլուի, Արեւելեան Անատոլուի եւ Հարաւ-արեւելեան Անատոլուի մէջ Սահմանադրութեան փոփոխութեան առաջարկը ընդունուեցաւ ժողովուրդին կողմէ։ Իսկ Մարմարայի, Եգէականի եւ Միջերկրականի շրջաններուն մէջ ժողովուրդը «ոչ» ըսաւ փոփոխութիւններուն։
Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը շուրջ տասն օր վերջ պաշտօնապէս պիտի հրապարակէ հանրաքուէի վերջնական արդիւնքը։ Ընդդիմադիր ուժերը, մանաւանդ հաշուի առնելով շատ նուազ տարբերութիւնը, բազմաթիւ ընտրաշրջաններու պարագային պահանջած է քուէներու վերահաշուարկ։ Այս խորհուրդի վերջին պահուն կատարած կարգ մը կարգադրութիւններն ալ կը համարուին խնդրայարոյց, հետեւաբար վերջնական արդիւնքներու պաշտօնապէս հաստատումը որոշ ժամանակի մը պիտի կարօտի։
Երէկ երեկոյեան ժամերուն, արդիւնքներու հրապարկումէն վերջ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հանդէս եկան ելոյթներով։ Էրտողան յայտնեց, որ արդիւնքը պէտք չէ ստորագնահատուի։ Եըլտըրըմ ընդգծեց, որ քուէարկութիւնը պարտուող չունի։ Իր կարգին, ՃՀՓ-ի կուսակցապետ Քեմալ Քըլըչտարօղլուն ալ նշեց, որ Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը ստուեր ածած է արդիւնքին վրայ, իրենք իրաւական սահմաններու մէջ ջանքեր գործադրած են եւ ժողովուրդի կէսը արդէն «ոչ» ըսած է Սահմանադրութեան փոփոխութեան։ ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելին ալ յայտնեց, որ սա շատ կարեւոր յաջողութիւն մըն է եւ անկարելի է անոր ուրացումը։