ՄԵՌԵԱԼՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ
Երբ կ՚ապրինք տօնական օրերու ուրախութիւնը, պէտք չէ՛ մոռնանք նաեւ մեր սիրելիները՝ որոնք բաժնուած են այս աշխարհէն։ Արդարեւ «յիշել» կը նշանակէ՝ մոռցուած մէկը կամ իրողութիւն մը՝ առիթով մը մտաբերել եւ քանի որ մեր սիրելիները երբեք չե՛նք մոռնար, ապա ուրեմն, անոնց համար չըսենք «յիշել», այլ ըսենք՝ տօնական օրերու եւ կամ որոշ օրերու ուրախութեան, հրճուանքին, ցնծութեան անոնք ալ կերպով մը «մասնակից» ընել. աղօթքի եւ պաշտամունքի մէջ միասին ըլլալ։
Ահաւասիկ «մեռելոց յիշատակ» եւ կամ «հոգեհանգիստ»ի արարողութիւնները կ՚ուզենք ա՛յսպէս հասկնալ, ի՛նչ որ «սիրոյ անմահութեան» գաղափարին շատ աւելի՛ կը համապատասխանէ։ Քանի որ Աստուած սէ՛ր է, ապա ուրեմն սէրը յաւիտենական է, ինչպէս՝ Աստուած յաւիտենական է եւ «մահ» կոչուած «պա՛հ» մը չի՛ կրնար վերջացնել յաւիտենական, անժամանակ արժէք մը՝ սէրը։ Եւ ուրեմն մենք չե՛նք յիշեր մեր սիրելիները, այլ միշտ կ՚ապրինք անոնք սիրոյ անմահութեան մէջ։ Այս ապրումին մէջ, յատուկ օրեր հաւաքաբար կը բաժնենք մեր աղօթքները, ուրախութիւնները, հոգեւոր վայելքները եւ ապրումները եւ արարողութեամբ կ՚ապրինք անոնց հոգեւոր ներկայութիւնը։
Այս իմաստով յատուկ օրերու առթիւ մասնակից կ՚ընենք անոնք մեր ապրումներուն, այլապէս անոնք արդէն միշտ մեզի հետ են հոգեպէս ե՛ւ մտապէս եւ թերեւս հեռացած մարմնապէս, ֆիզիքապէս։
Ուստի «Հոգեհանգիստ»ը աղօթքի արարողութիւն մըն է՝ որ կը կատարէ Եկեղեցին՝ Քրիստոսով ննջող իր անդամներուն հոգիներուն համար։ «Եկեղեցւոյ անդամ» եւ «Աստուծոյ որդեգիր» կը կոչուին բոլոր մկրտուողները։ Իսկ «Քրիստոսով ննջած» կ՚ըլլան հանդերձեալ կեանքի մեկնած՝ այս աշխարհի կեանքէն բաժնուած այն անդամները՝ որոնք իրենց երկրաւոր կեանքի ընթացքին հաւատքի մէջ՝ հաւատալիքներու հաւատարիմ մնացած են։ Նոյնպէս «Քրիստոսով ննջած» կը սեպուին եկեղեցւոյ այն անդամները, որոնք թէեւ մեղսալից կեանք ապրած ըլլան, սակայն իրենց վերջին շունչը չփչած դարձի կու գան։ Ուստի, Եկեղեցին կ՚աղօթէ ու կը խնդրէ Յիսուս Քրիստոսէ, որ վերջին դատաստանին օրը իր առատ ողորմութեամբ ներէ ննջեցեալներու մեղքերուն եւ արժանացնէ զանոնք երկինքի արքայութեան։
Վերջին դատաստանը անողորմ պիտի ըլլայ այն մեղաւորներուն հանդէպ՝ որոնք անբարտաւան եւ անզգամ են եղած իրենց երկրային կեանքին մէջ։
Անբարտաւան եղած են՝ շարունակ դէ՛մ կեցած են Սորբ Հոգիին՝ մահացու մեղքեր գործած եւ զղջումի, ապաշխարանքի նշան մը իսկ ցոյց չե՛ն տուած։
«Անզգամը իր սրտին մէջ ըսաւ, թէ՝ Աստուած չկա՛յ։ Ապականեցան ու պիղծ գործեր ըրին. մէկը չկայ որ աղէկութիւն ընէ։ Տէրը երկինքէն նայեցաւ մարդոց որդիներուն, որպէսզի տեսնէ, թէ կա՞յ արդեօք իմաստուն մէկը, որ Աստուած փնտռէ։ Ամէնքը խոտորեցան, մէկտեղ անպիտան եղան։ Աղէկութիւն ընող մը չկայ, հատ մըն ալ չկա՛յ» (ՍԱՂՄ. ԺԴ 1-3)։
Սակայն պարագան տարբեր է Քրիստոսով ննջող մեղաւորներուն համար, որոնք կոտրած սրտեր են ունեցած։
Արդարեւ Յիսուս կը յայտնէ, թէ մեղքերը՝ որ մարդկային տկարութեան հետեւանք են, զղջումով եւ ապաշխարութեամբ կը թողուին. սակայն ամբարտաւանութեամբ եւ կամակորութեամբ Սուրբ Հոգիին դէմ գործուած մեղքերը ներումի պիտի չարժանանան ո՛չ այս աշխարհի վրայ եւ ո՛չ իսկ հանդերձեալին մէջ։ Յիսուսի խօսքերէն յստակօրէն յայտնի է, թէ ննջեցեալներէն շատեր վերջին դատաստանին օրը ողորմութիւն գտնելով թողութիւն պիտի ստանան իրենց այն մեղքերուն՝ որոնց քաւութեանը համար չէին կրցած աղերս ներկայացնել երկրի վրայ երբ կ՚ապրէին։ Ուստի, Պօղոս Առաքեալ, Տիմոթէոսին ուղղած իր նամակին մէջ հետեւեալ մաղթանքը կ՚ընէ Քրիստոսով ննջած Ոնեսիփորոսի համար, երբ կ՚ըսէ. «Տէրը իրեն տայ որ այն օրը Տիրոջմէ ողորմութիւն գտնէ» (Բ ՏԻՄ. Ա 16-18)։
Սուրբ Գիրքին մէջ կարելի է կարդալ նաեւ, թէ շատեր վերջին դատաստանի օրը հազիւ թէ պիտի ազատին դժոխքի անշէջ կրակէն՝ Տիրոջ գթութեան եւ ողորմութեան շնորհիւ, որոնց համար Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Իսկ եթէ մէկուն գործը այրի՝ ան պիտի տուժէ թէեւ ինք պիտի ազատի, բայց նման մէկու, որ կրակի մէջ ինկած ըլլար» (Ա ԿՈՐՆ. Գ 15)։ Իսկ Պետրոս Առաքեալ կ՚ըսէ. «Եթէ արդարը դժուարաւ կը փրկուի, հապա ամբարիշտը եւ մեղաւորը ո՞ւր պիտի գտնուին» (Ա ՊԵՏՐ. Դ 18)։
Ըստ վերոյիշեալ համարներուն՝ ննջեցեալները դատաստանի օրը Տիրոջ ողորմութեան շնորհիւ պիտի արժանանան երկինքի արքայութեան եւ յուսով կը սպասեն իսկ ստանալու այդ ողորմութիւնը։
Ի վերջոյ, պէտք չէ՛ մոռնալ որ Աստուծոյ սէրն ու ողորմութիւնը անչափ ու անսահման է, եւ վե՛ր կը մնայ մարդոց բոլոր չափանիշներէն։
Եկեղեցին կրնայ խնդրել որեւէ բան՝ որ Աստուծոյ կամքին հակառակ չէ։ Ամէնուրեք եւ ամէն ժամանակ՝ ուր Տիրոջ կողմէ ողորմութիւն կը շնորհուի, հաւատացեալը արտօնութիւն ունի համարձակօրէ՛ն զայն խնդրելու իրեն եւ ուրիշներուն օգտին համար։
Եւ ահաւասի՛կ, հոգեհանգստեան արարողութիւններու իմաստը հոս է. ննջեցեալներու հոգիին համար հաւաքաբար աղօթել։ Եւ քանի որ վերջին օրը Տէրը իր անսահման ողորմութիւնը պիտի բաշխէ իրեն յուսացող ննջեցեալներուն, Եկեղեցին ալ իր կարգին անտարբեր չի կրնար մնալ անոնց նկատմամբ եւ միշտ կ՚աղօթէ որ այն օրը անոնք Ոնեսիփորոսի եւ անոր նմաններուն հետ ողորմութիւն գտնեն Տիրոջմէ։
Այս իմաստով, հոգեհանգստեան արարողութիւնը կրնայ կատարուիլ միա՛յն Քրիստոսով ննջողներուն համար։ Եկեղեցւոյ քահանայ հայրը կամ պաշտօնէութիւնը իւրաքանչիւր ննջեցեալի ներքին ապրումներուն՝ ներաշխարհին թափանցած չեն կրնար ըլլալ, ի՛նչ որ բնական է։ Ուստի սիրտերը եւ հոգիները քննողը եւ դատաւորը Տէ՛րն իսկ է եւ միա՛յն Ան է։
Եկեղեցին որպէս «մայր» պարտականութիւն կը սեպէ իրեն՝ աղօթել իր ննջող բոլոր զաւակներուն համար եւ կը յանձնէ զանոնք Աստուծոյ արդար կամքին՝ ինչպէս որ կ՚ընէ երկրի վրայ ապրող իր զաւակներուն։
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը կ՚արգիլէ Եկեղեցին անհաւատներու, չմկրտուած անձերու, անձնասպաններու եւ կախարդական գործերով զբաղողներու համար, ուստի անոնց նկատմամբ հոգետանգստեան արարողութիւն չի՛ կատարուիր։
Հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւններէն անկախ, Եկեղեցին իր առօրեայ ժամերգութիւններուն եւ Սուրբ Պատարագի ընթացքին կը մտաբերէ նաեւ ննջեցեալները իր աղօթքներուն եւ շարականներուն մէջ։ Ուստի անմոռաց են բոլոր ննջեցեալները, բոլոր սիրելիները, որոնց համար, որոնց հետ կարելի է միշտ, ամէն առիթով աղօթե՛լ, ինչպէս ամէն անոնց համար որ կ՚ապրին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 12, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 02/05/2025
- 02/05/2025