ՊԻՇՔԷՔԻ ՄԷՋ ՈՐՈՇՈՒՄ
Պիշքէքի մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու ղեկավարներուն անպաշտօն ձեւաչափով հանդիպումը։ Ժողովներուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Խորհրդակցութիւններու ընթացքին որոշուեցաւ, որ յառաջիկայ շրջանին ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար դառնայ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Եուրի Խաչատուրով։ Հարկ է նշել, որ երկար ժամանակէ ի վեր ՀԱՊԿ-է ներս ընդհանուր ըմբռնում մը չէր ապահովուած նոր ընդհանուր քարտուղարի անուան շուրջ։ Ներկայիս վերջապէս այդ անունը յայտնի դարձաւ եւ յառաջիկայ Մայիսի 2-էն սկսեալ Եուրի Խաչատուրով պիտի ստանձնէ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը։
Պիշքէքի ժողովին ընթացքին պետութիւններու ղեկավարները քննարկեցին ՀԱՊԿ-ի պատասխանատուութեան գօտիէն ներս ռազմաքաղաքական եւ ռազմական-ռազմավարական իրավիճակին վերաբերեալ հարցեր։