ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Լիբանանի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ վերջերս Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսերէն լեզուով հետաքրքրական դասախօսութիւն մը։ Լիբանանի Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած այս ձեռնարկին իր աջակցութիւնը բերած էր նաեւ Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը։ «Հայկական ճարտարապետութիւնը Լիբանանի մէջ. ինքնութեան մը հարցումը» խորագրեալ այս դասախօսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ ճարտարապետ Րաֆֆի Կերճեան։
Ներկայ էին ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղի գործադիր տնօրէնուհի Անիթա Լեւիար, Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան փոխ-նախագահ Յարութիւն Սամուէլեան, Լիբանանի Մշակոյթի նախարարութեան ներկայացուցիչ Նիզար Տահէր եւ այլ հիւրեր։
Օրուան ատենախօսը նշեց, որ եթէ Հայաստան հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան ակն է, ապա Լիբանան կը հանդիսանայ այն երկիրը, ուր կիլիկեան եւ այլ տեղական ազդեցութիւններով զարգացած է հայկական ճարտարապետութիւնը։