ԱՆՄԱՀՈՒԹԵԱՆ ԿԵՐԱԿՈՒՐԸ

Մարդ­կա­յին մար­մի­նը իր գո­յու­թիւ­նը պա­հե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար պա­հանջ­քը կը զգայ սնուն­դի եւ այս պատ­ճա­ռով, բնա­կա­նա­բար, երկ­րա­ւոր-նիւ­թա­կան սնունդ կը փնտռէ երկ­րի վրայ, քա­նի որ մար­մի­նը երկ­րա­յին է եւ ան­շո՛ւշտ որ երկ­րա­յին սնուն­դով պի­տի սնա­նի։

Բայց մարդ քա­նի որ միայն մար­մին չէ, նաեւ հո­գի եւ մի՛տք, ու­րեմն հո­գին ալ ի­րեն յա­տուկ կե­րա­կու­րով պէտք է սնու­ցա­նել եւ միտքն ալ նոյն­պէս, մտա­ւոր պա­շա­րով պէտք է ա­պա­հո­վել։ Այս յա­տուկ կե­րա­կուրն է՝ գե­րա­գոյն բա­րին, ճշմար­տու­թիւ­նը եւ ի­մաս­տու­թիւ­նը։ Հո­գին կը սնու­ցա­նի բա­րու­թեամբ եւ ճշմար­տու­թեամբ, իսկ միտ­քը՝ ի­մաս­տու­թեամբ եւ գի­տու­թեամբ։

Հո­գիին ա­մե­նէն ա­պա­հով «կե­րա­կուր»ն է՝ Աս­տու­ծոյ ճա­նա­չու­մը եւ Աս­տու­ծոյ սէ­րը։ Եւ մար­դուս միտ­քը եւ սիր­տը ճի՛շդ ա­սոր հա­մար ստեղ­ծուած է ար­դէն։

Եւ մար­դուս եւ ամ­բողջ տիե­զեր­քին Ա­րար­չին հան­դէպ ծա­նօ­թու­թիւ­նը եւ սէ­րը՝ մարդս ան­մա­հու­թեան, այ­սինքն հրա­շա­փառ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի հասց­նող «կե­րա­կուր»ն է, որ անհ­րա­ժե՛շտ է մար­դուս հա­մար, որ­քան ա­տեն որ մա՛րդ է եւ մարդ կ՚ապ­րի։

Իւ­րա­քան­չիւր ան­հա­տի կա­րո­ղու­թեան հա­մա­ձայն, ա­հա­ւա­սիկ, ա՛յս է կա­րե­ւոր զբա­ղու­մը մարդ էա­կին հո­գիին եւ սրտին, թէ՛ այս ժա­մա­նա­կա­ւոր-մահ­կա­նա­ցու երկ­րա­յին կեան­քին մէջ եւ թէ՛ գե­րա­զան­ցէն ան­դին՝ երկ­նա­յին յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի ըն­թաց­քին։

Երկ­րա­ւոր կեան­քին՝ մար­դուս ժա­մա­նա­կա­ւոր շրջա­նին մէջ ա­մէն ինչ սահ­մա­նա­ւոր է եւ չա­փա­ւոր։ Հոս, այս աշ­խար­հի վրայ, մար­դուս շնոր­հուած ժա­մա­նա­կա­մի­ջոց մըն է միայն կեան­քը, ու­րեմն պէտք է ա՛յն­պէս օգ­տա­գոր­ծել այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը՝ որ երբ Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թեան ել­լէ մարդ, ար­ժա­նա­նայ այդ պա­հուն զա­նա­զան ար­ժա­նիք­նե­րո­վը՝ վար­ձատ­րուի ա­նանց եւ յա­ւի­տե­նա­կան, ան­վերջ եր­ջան­կու­թեամբ։

Աշ­խար­հա­յին կեան­քի ընդ­հան­րա­պէս խա­ւա­րի տի­րա­պե­տու­թե­նէն վերջ, երբ լոյ­սի իշ­խա­նու­թեան հաս­նի մարդ, ան­դին՝ Աս­տուած, մար­դուն գե­րա­գոյն Բա­րի­քը եւ Սէ­րը, պի­տի ճանչ­նայ եւ պի­տի տես­նէ ի՛նչ­պէս որ է Ան։ Աս­տուած տես­նել, Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թեան ար­ժա­նա­նալ, Ա­նոր ներ­կա­յու­թիւ­նը վա­յե­լել, ար­դա­րեւ մար­դուն վարջ­նա­կան նպա­տակն է, ո­րուն մի­ջո­ցով ան պի­տի հաս­նի ե­րա­նու­թեան։

Աս­տուած չճանչ­նալ՝ մար­դուս դժբախ­տու­թեան սկիզբն է՝ այն ի՛նչ որ բո­լո­րո­վին կորսնց­նել կը նշա­նա­կէ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի յոյ­սը։ Ան­մա­հու­թեան պէտք է պատ­րաս­տուիլ այս աշ­խար­հա­յին երկ­րա­յին կեան­քին մէջ՝ սնու­ցա­նե­լով հո­գին հո­գե­ւոր սնունդ­նե­րով, երկ­նա­յին «կե­րա­կուր»նե­րով։

Ուս­տի Աս­տու­ծոյ հան­դէպ սէ­րը մար­դուս հա­մար քաղցր անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն է։

Մար­դուս երկ­րա­յին կեան­քի ըն­թաց­քին՝ մարդ­կա­յին մարմ­նա­կան աչ­քը չի կրնար տես­նել զԱս­տուած, ծած­կուած կը մնայ Ան եւ ու­րեմն Ա­նոր մա­սին այն­քան տե­ղե­կու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ մարդ, ո՛ր­քան հա­ւատ­քը եւ զգա­յա­րան­նե­րը կը յայտ­նեն, կը սոր­վեց­նեն ի­րեն։

Թէ­պէտ Աս­տուած ան­տե­սա­նե­լի է աչ­քին, բայց, կը փնտռէ զԱյն մարդ, կը սի­րէ, քա­նի որ միշտ ներ­կա՛յ է Ան եւ պատ­րա՛ստ։ Մարդ, աշ­խար­հի վրայ, երբ միայն մարմ­նա­ւոր աչ­քով կրնայ դի­տել միայն, յու­սա­լով կրնայ ստա­նալ զԱս­տուած։ Յոյ­սը՝ հո­գե­ւոր աչք կ՚ըլ­լայ մար­դուն հա­մար։ Եւ յոյ­սը կ՚ամ­բող­ջաց­նէ հա­ւատ­քը, կը զօ­րաց­նէ զայն։ Հա­ւատ­քի փա­ռա­ւոր լոյ­սը մի՛շտ մար­դուն մէջ կեն­դա­նի պա­հել, վառ պա­հել, այս «աս­տուա­ծա­յին կրակ»ը մի՛շտ իր մէջ սնու­ցա­նել, այս՝ մար­դուն գե­րա­զանց զբա­ղու­մը պի­տի ըլ­լայ հոս, երկ­րի վրայ, թէեւ դժուա­րին եւ ծանր զբա­ղում, որ սա­կայն ի­րեն, իր կեան­քին վերջ ան­մա­հու­թեան պսա­կը կ՚ա­պա­հո­վէ։

Նուազ ճանչ­ցուած գե­ղեց­կու­թիւն մը, միայն տկար կեր­պով կ՚ազ­դէ մար­դուս վրայ, իսկ բո­լո­րո­վին ան­ծա­նօթ գե­ղեց­կու­թիւն մը բնաւ չի տպա­ւո­րեր։

Բնա­կա՛ն է ա­սի­կա։

Ո՛ր­չափ միտ­քը իր սի­րած ա­ռար­կա­յին ար­ժէ­քը լաւ կշռէ, ա՛յն­քան ա­ւե­լի սի­րով կը լե­ցուի ա­նոր սիր­տը։ Մարդ իր ամ­բողջ զօ­րու­թեամբ՝ զԱս­տուած, Գե­րա­գոյն Գե­ղեց­կու­թիւ­նը, սի­րե­լու հա­մար ստեղ­ծուած է, իր սկզբնա­կան կո­չո՛ւմն է ա­սի­կա. ու­րեմն մար­դուն կը վի­ճա­կի կա­րե­լին ը­նել, ջա­նայ փոր­ձել կա­րե­լին եւ հասկ­նալ, լաւ ըմբռ­նել Աս­տու­ծոյ ան­սահ­ման ար­ժէ­քը՝ որ ա­նի­մա­նա­լի է եւ ան­հա­սա­նե­լի՛։

Այս ձե­ւով, Աս­տու­ծոյ սէ­րը՝ ո՛չ միայն կը գրա­ւէ մար­դուն սիր­տը, այլ նաեւ՝ իր սիր­տը եւ եր­կուքն ալ կ՚եր­ջան­կա­նան Ա­նոր ծա­ռա­յե­լով։

Մարդ, միայն ա՛յն ժա­մա­նակ ճշմար­տա­պէս կ՚ապ­րի, երբ իր մտքով երկն­քի ան­հո՜ւն վայ­րե­րը կը բնա­կի եւ «բարձ­րա­գոյն լոյս»ին կը ձգտի, որ ի­րեն իբր ա­ռաջ­նորդ եւ ու­ղե­ցոյց տրուած է եւ յա­րա­ճուն սի­րով՝ հա­ւատ­քի լոյ­սին հետ­քե­րուն կը հե­տե­ւի։

Զգա­յա­րան­նե­րը եւ ար­տա­քին ի­րե­րը, ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը պէտք չէ՛ մարդս ցրուեն, այլ մա­նա­ւանդ զինք աս­տուա­ծու­թեան ան­տե­սա­նե­լի՜ մե­ծու­թեան խո­րե­րը տա­նին։ Ուս­տի մարդ, պէտք է հա­ւատ­քով ապ­րի, հա­ւատ­քին զօ­րու­թեամբ զօ­րա­նայ։ Եր­կին­քի ան­հո՜ւ­նու­թիւ­նը, որ մարդս այն­քան կը զար­մաց­նէ, կը հրա­պու­րէ, տե­սա­նե­լի կեր­պով իր առ­ջեւ կը դնէ Աս­տու­ծոյ ան­չա­փե­լի եւ ա­նի­մա­նա­լի զօ­րու­թիւ­նը՝ որ հա­ւատ­քը՝ ան­տե­սա­նե­լի ձե­ւով կը յայտ­նէ եւ կը ծա­նու­ցա­նէ ի­րեն։ Այս ի­մաս­տով հա­ւատ­քը՝ հո­գե­ւոր աչքն է մար­դուն։

Օ­րուան ու գի­շե­րուան մշտա­տեւ շրջա­նը, տար­ւոյն ե­ղա­նակ­նե­րը՝ ո­րոնք ան­տե­սա­նե­լի Գե­րա­գոյն Էա­կին, Բարձ­րեա­լին ակ­նար­կով միշտ կը փո­խուին, մար­դուս աչ­քե­րուն՝ ի­րենց տե­սա­նե­լի ար­դիւն­քով, կը պատ­կե­րաց­նեն այս վսեմ ու ա­նի­մա­նա­լի ի­մաս­տու­թիւ­նը, որ հա­ւատ­քը կը սոր­վեց­նէ ի­րեն, որ տա­կա­ւին քօ­ղար­կուած է սա­կայն իր աչ­քե­րուն։ Ան ծած­կուած կը մնայ մարմ­նա­կան աչ­քե­րէն։

Ար­դա­րեւ եր­կին­քը շո­ղա­ցող ան­հա­մար աստ­ղե­րը, ա­րե­ւը՝ ո­րուն գա­լուս­տը վար­դա­գոյն ար­շա­լոյ­սը կը ծա­նու­ցա­նէ, կը յայտ­նէ եւ վեր­ջա­պէս զուար­թա­դէմ ցե­րե­կը՝ ա­րեւ­շող երկն­քի հո­րի­զո­նին վրայ կ՚իշ­խէ եւ այս բո­լո­րը կը պատ­մեն Աս­տու­ծոյ փառ­քը։

Գո­հա­րե­ղէն­նե­րը, ոս­կին, ա­դա­մանդ­նե­րը շատ տկար, եւ սա­կայն, յայտ­նա­բե­րող նշան­ներ են յա­ւե­տա­նա­կան գե­ղեց­կու­թեան, ճշմար­տու­թեան եւ բա­րու­թեան՝ ո­րոնց մա­սին հա­ւատ­քը կը վկա­յէ, որ սա­կայն միշտ ան­թա­փան­ցե­լի խա­ւա­րի մէջ ծած­կուած կը մնայ։ Խոր­հուր­դը միշտ կը մնայ ա­նի­մա­նա­լի եւ ա­նըմբռ­նե­լի եւ կը յայտ­նուի ա՛յն­քան՝ որ­քան կ՚ու­զէ յայտ­նել Աս­տուած մար­դուն՝ ի­մա­ցա­կա­նու­թեան եւ բա­նա­կա­նու­թեան մի­ջո­ցով։

Գա­ղա­փա­րը, միտ­քը, հո­գին կա­րող են ա՜յն­քան մեծ բա­ներ դի­տել եւ ա՛յն­պէս վեր բարձ­րա­նալ։ Աչ­քե­րը, ո­րոնց մի­ջո­ցով այս­քան զար­մա­նա­լի ա­րա­րած­նե­րու կը ծա­նօ­թա­նայ մարդ, կեան­քը, ա­ռող­ջու­թիւ­նը, օ­դը, որ կը շնչէ մարդ, ջու­րը, որ ի­րեն հա­մար ժայ­ռե­րու ե­րակ­նե­րէն կը հո­սի, եր­կի­րը, որ մեզ հա­րուստ գան­ձե­րով կը սնու­ցա­նէ, բո­լո­րը ակ­նե­րեւ պար­գեւ­ներն են ան­սահ­մա՜ն եւ ա­նի­մա­նա­լի՜ բա­րու­թեան, ո­րուն, մարդ­կա­յին հա­ւատ­քին հա­մա­ձայն, սիր­տը նուի­րե­լու է, զԻնք, օր մը, դէմ յան­դի­ման, ե­րես առ ե­րես տես­նե­լէ ա­ռաջ։ Եւ մարդ ստեղ­ծուած է այդ ե­րա­նե­լի՜ պա­հը ապ­րե­լու, այդ վա­յել­քին ար­ժա­նա­նա­լու հա­մար։

Երկ­րի վա­ղան­ցիկ, ժա­մա­նա­կա­ւոր ա­ռար­կա­ներն ան­գամ, որ կը տես­նուին մար­դուն շուր­ջը՝ այն­պի­սի ճշդա­պահ եւ ան­սայ­թաք կա­նո­նա­ւո­րու­թեամբ տե­ւա­պէս կը շար­ժին, կը գոր­ծեն, որ իր միտքն ու սիր­տը՝ մե­ծա­գոյն Ա­րար­չին կը ներ­կա­յաց­նեն ա­ռաջ­նոր­դե­լով զա­նոնք ի­րենց հրա­շա­լի՜ լոյ­սով…։

- Մեծ մա­սամբ օգ­տուե­ցանք եւ ներշն­չե­ցանք՝ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս Աւ­րե­լիո­սի (354-430) «Գի­շե­րա­յին Խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ»էն՝ Հ. Մի­քա­յէլ Վրդ. Ա­գեա­նի թարգ­մա­նու­թեամբ։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 13, 2017, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017