Դուրս գալ նեղ շրջանակէն

Պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թեան գոր­ծըն­թա­ցը կը շա­րու­նա­կէ մնալ փա­կու­ղիի մէջ։ Ս. Զատ­կի տօ­նի եւ հան­րա­քուէի ա­ւար­տին, թրքա­հայ  ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան կեան­քէն ներս հրա­տապ օ­րա­կար­գը վե­րա­կանգ­նուած է՝ բո­լոր բարդ ե­րե­սակ­նե­րով։ Ինն տա­րուան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ըն­թաց­քին կու­տա­կուած բո­լոր խնդիր­նե­րը ու­նին իս­կա­պէս մտա­հո­գիչ չա­փում­ներ։ Հե­տե­ւա­բար, այժ­մէն յայտ­նի է, որ համ­բե­րա­տար ու միաս­նա­կան ո­գիով աշ­խա­տան­քի մը անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը կայ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս։

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ կարգ ու կա­նոն­նե­րուն, Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռի ա­ւան­դու­թիւն­նե­րուն ու նա­խըն­թաց­նե­րուն եւ պե­տու­թեան սպա­սում­նե­րուն հա­մադ­րու­թեան հաս­նե­լու ճա­նա­պար­հին բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք կ՚են­թադ­րուի թրքա­հայ ի­րա­կա­նու­թեան պա­րա­գա­յին։ Գոր­ծը ինք­նին դժուար է։ Շուրջ եր­կու ամ­սուան այս վեր­ջին ճգնա­ժա­մը ե­կած է ա­պա­ցու­ցա­նել, թէ որ­քան որ հար­ցի բո­լոր կող­մե­րը ըլ­լան բա­րեա­ցա­կամ՝ ա­պա ար­դար ու ճկուն լուծ­ման մը հաս­նի­լը պի­տի ըլ­լայ իս­կա­պէս դժուար։ Ցարդ այն­պի­սի ան­հե­ռա­տես քայ­լեր առ­նուած են, որ բազ­մա­թիւ ի­րե­րա­մերժ գոր­ծօն­ներ սկսած են ուղ­ղա­կիօ­րէն պայ­մա­նա­ւո­րել ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն եր­թը։ Ա­ւե­լի՛ն, կա­տա­րուած ի­րո­ղու­թիւն­նե­րով եւ ա­նոնց­մով ստեղ­ծուած դժուա­րու­թիւն­նե­րով կ՚ուղ­ղոր­դուի այս ամ­բողջ գոր­ծըն­թա­ցը։ Այս բո­լոր փաս­տե­րը կ՚ար­ձա­նագ­րուին մէկ կող­մէ խոր մտա­հո­գու­թեամբ, իսկ միւս կող­մէ ալ տրա­մա­բա­նա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թեամբ։ Ար­դա­րեւ, խնդրին լու­ծու­մը պի­տի գտնուի ման­րակր­կիտ հա­շուի առ­նե­լով ա­ռար­կա­յա­կան ու են­թա­կա­յա­կան բո­լոր գոր­ծօն­նե­րը, ո­րոնց հե­տե­ւան­քով խնդի­րը հա­սած է ներ­կայ կա­ցու­թեան։

Ինչ­պէս ը­սինք, գոր­ծը ինք­նին դժուար է ու բարդ։ Բայց եւ այն­պէս, ներ­կայ պայ­ման­նե­րով պէտք է կան­խել նաեւ յա­ւե­լեալ դժուա­րու­թիւն­նե­րու ստեղ­ծուի­լը։ Բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րուն մի­ջեւ հու­նէ դուրս ե­կած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը ծան­րաց­նեն առ­կայ վի­ճա­կը։ Այս ե­րե­ւոյ­թին վրայ կու գան ա­ւել­նալ մեր աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րուն մի­ջեւ առ­կայ ազ­դե­ցու­թեան պայ­քար­նե­րը, ո­րոնք եւս կ՚անդ­րա­դառ­նան այս գոր­ծըն­թա­ցին վրայ։

Հա­մայն­քի աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը այս փու­լին պէտք է նոր մտա­հո­րի­զո­նով մը հան­դէս գան, իւ­րա­քան­չիւ­րը պէտք է բազ­մա­պատ­կէ իր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը։ Այ­լա­պէս, մեր հա­մայն­քի աշ­խար­հա­կան վա­րիչ­նե­րը չեն կրնար նպաս­տա­ւոր պայ­ման­ներ ստեղ­ծել, խթա­նել ճգնա­ժա­մի լու­ծու­մը։ Հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րը նեղշր­ջա­նա­կա­յին ըն­կա­լում­նե­րէ դուրս ու վեր մնա­լով պէտք է յա­ջո­ղին դի­տար­կել թրքա­հա­յու­թեան կեան­քի առ­կայ հա­մայ­նա­պատ­կե­րը ու պէտք է ըստ այդմ դիր­քա­ւո­րուին, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­գիով շարժ­ման անց­նին՝ ի­րենց­մէ ակն­կա­լուա­ծը ար­դա­րաց­նե­լու հա­մար։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2017