ՋՈՒՐԻՆ ԱՂԲԻՒՐԸ ԳՏՆԵԼ
Ջուրը մարդուս կեանքին համար անհրաժեշտ տարր մըն է։ Արդարեւ, մարդկային մարմնին բաղադրիչներուն մէջ կարեւոր եւ բարձր համեմատութեամբ տեղ կը գրաւէ ջուրը։ Մարդ իր էութիւնը պահելու եւ կարենալ տեւականացնելու համար ջուրի պէտքը ունի եւ ինչպէս բոլոր կենդանի էակները։ Առանց ջուրի կեանք չկա՛յ եւ հոն ուր ջուր կայ, հոն կեանք կայ եւ փոխադարձաբար՝ եթէ կեանք կայ, հոն անպայման ջուր ալ կա՛յ։
Բոլոր այս խորհրդածութիւններէն կը հասկցուի, թէ՝ ջուրը անհրաժեշտ է ամէն կենդանի էակի կեանքին գոյապահպանմանը եւ գոյատեւմանը համար։ Եւ անշուշտ մարդո՛ւն համար։ Բայց մարդ, ընդհանրապէս երբ ջուրը որ եւ իցէ կերպով կ՚օգտագործէ, յատուկ ուշադրութիւն չի դարձներ ջուրի ակունքին՝ ակնաղբիւրին՝ ուրկէ կը բխի եւ կու գայ ջուրը։
Սակայն ջուրին չափ կարեւոր է անոր ակունքը, այն տեղը՝ ուրկէ կը բխի ջուրը։ Արդարեւ, ջուրը մաքուր է եւ օգտակար, եթէ անոր ակունքը մաքուր է եւ բարեբեր, այլապէս ջուրը պէտք չէ օգտագործել եթէ ակունքը աղտոտ է եւ վնասակա՛ր։
Ուրեմն ջուրին չափ կարեւո՛ր է անոր ակունքը։
Ուստի ջուրը իր արտաքին երեւոյթով կրնայ մաքուր ըլլալ, բայց երբ անոր ակունքը աղտոտ է, ջուրն ալ մաքուր չ՚ըլլար եւ ուրեմն վնասակար է եւ պէտք չէ օգտագործել զայն, քանի որ ո՛չ թէ օգուտ այլ վնա՛ս կը պատճառէ։ Մէկ խօսքով՝ էականը ակո՛ւնքն է ջուրին։
Մարդկային կեանքի մէջ ալ այդպէս է. մարդիկ արտաքնապէս կրնան բարի երեւիլ, բարի խօսիլ, հաճելի ըլլալ բոլորին, բայց եթէ ներքնապէս բարի չեն՝ պարզապէս խաբէութիւն է այդ երեւոյթը։ Մարդ կրնայ արտաքնապէս ոչխարի կերպարանք ունենալ բայց ներքնապէս գայլ մը ըլլալ, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս. (ՄԱՏԹ. Է 15)։ Ուրեմն կը հետեւի, թէ «անկեղծութիւն»ը մարդուս ամենակարեւոր առաքինութիւններէն մէ՛կն է՝ անհրաժե՛շտ՝ մարդկային փոխյարաբերութիւններուն առողջ պահպանման եւ տեւականացման համար։ Եւ երբ կա՛յ անկեղծութիւն, հոն կայ նաեւ «հաւատարմութիւն», որ կը զօրացնէ մարդկային փոխյարաբերութիւններու կապը՝ կ՚ամրացնէ եւ նոր կապերու հաստատման պատճառ կ՚ըլլայ։ Անկեղծութիւն եւ հաւատարմութիւն. ահաւասիկ երկու հիմնական առաքինութիւն, որ յաճախ կը պակսի, կը կորսուի ինքնամոլ եւ եսասէր մարդուն մոլորած ընթացքին մէջ։
Մարդիկ, ընդհանրապէս կը նախընտրեն «կեղծ»ը եւ ճշմարտութիւնը կը շեղեցնեն, կ՚այլափոխեն՝ աղտոտ եւ վնասակար ակնաղբիւրներէ բխած աղտոտ ջուրը՝ որպէս մաքուր եւ օգտակար «ջուր» կը մատուցանեն իրենց նմաններուն՝ մարդկութեան։
Բայց այս երեւոյթը, դժբախտաբար միակողմանի չէ, փոխադարձ է կեղծաւորութեամբ մօտեցողն ալ կեղծաւորութեամբ կը դիմաւորուի։ Եւ ցաւալին ալ ա՛յս է։ Մարդկութիւնը կեղծաւորութեան եւ անհաւատարմութեան շրջանի մը կ՚ենթարկուի եւ ամէն ինչ կեղծ կը դառնայ իր շուրջը։ Եւ երբ անկեղծ մէկը ընդդիմանալ փորձէ՝ երկու վտանգ կը սպառնայ իրեն. կա՛մ ինքն ալ ի վերջոյ քայլ կը յարմարցնէ այդ սխալ ընթացքին եւ կամ բոլորովին դասալիք կ՚ըլլայ, հեռանալու կը ստիպուի այդ շրջանէն՝ առանձին կը վարէ իր կեանքը, իրեն սահմանուած ժամանակամիջոցը։
Ուստի մարդ ո՛րքան ալ տեսնէ «ջուր»ին ջինջ երեւոյթը, պէտք է ուշադրութիւնը դարձնէ եւ քննէ անոր աղբիւրը, թերեւս աղտոտ աղբիւրէ մը բխած ըլլայ ան եւ չըլլայ իր տեսքին պէս մաքուր եւ յստակ։ Եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մէջ, ընդհանրապէս ծածուկ, գաղտնի եւ քօղարկուած մտածում մը կը գտնուի՝ խօսքը եւ խորհուրդը երբեք համապատասխան չեն ըլլար։ Ասիկա երբեմն անգիտակցաբար կ՚ըլլայ, երբեմն ալ դիտումնաւոր, բայց եւ առհասարակ, մտածումը, մտածուածը եւ խօսքը համապատասխան չեն ըլլար մարդոց։ Կարծես, մարդուն մտածումները անտեսանելի մաղէ մը կ՚անցնին եւ մաղուած դուրս կու գան որպէս խօսք։
Ահաւասի՛կ, անկեղծութիւնը կը յայտնուի այս կէտին՝ մտածուածը եթէ համապատասխան է խօսքին, հոն իրապէ՛ս անկեղծութիւն գոյութիւն ունի, ապա թէ ոչ՝ կեղծ է, խաբէական է ամէն խօսք, ամէն արտայայտութիւն։ Երանի՜ այդպէս չ՚ըլլար, ամէն խօսք, ամէն մարդկային արտայայտութիւն ներկայացնէր իսկական միտքը, խորհուրդը, ճշմարիտը, երանի՜ բոլոր ջուրերուն ակնաղբիւրը տեսնուածին պէս մաքուր եւ յստակ ըլլար, երանի՜ մարդիկ, զիրար խաբելը ճարպիկութիւն, հնարամտութիւն եւ մինչեւ իսկ տաղանդ մը չսեպէին։ Երանի՜ մարդիկ երեւէին այնպէս՝ ինչպէս որ են եւ իրենց արտաքինը համապատասխան ըլլար իրենց ներքինին հետ։ Մարդիկ ըլլային յստակ եւ թափանցիկ ապակիներու նման, երանի՜ այդպէս ըլլային եւ երջանիկ ու խաղա՜ղ ապրէին…։
Տեսա՞ք սիրելի՜ բարեկամներ, «ջուր»ը մեզի ուր տեղեր, ի՜նչ ջուրերու հոսանքներուն ենթարկեց։
Ահաւասի՛կ ջուրը ա՛յսպէս է, մարդս կ՚ենթարկէ իր հոսանքին՝ բարի կամ չար, օգտակար կամ վնասակար, ճշմարիտ կամ սուտ, ուղիղ կամ շեղ, բայց անպայմա՛ն կը տանի տեղ մը՝ համաձայն իր ակնաղբիւրին մաքուր կամ աղտոտ։ Եւ մարդ էակին՝ բանաւոր արարածին պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնն է քննել աղբիւրը եւ ըստ այնմ դիրք բռնել ջուրին հոսանքին դէմ։
Ջուրը, ըսինք, կեա՛նք է, ո՛չ միայն մարմնական, ֆիզիքական կեանք, այլ եւ մանաւա՛նդ բարոյական եւ հոգեւոր-մտային կեանք։ Ջուրը կը ստեղծէ երբ մաքուր ակնաղբիւրէ մը կը բխի, լոյսը կեանք կու տայ երբ կենսաբեր սկզբնաւորութիւն մը ունի, այլապէս կը լճանայ, կը ցամքի եւ կը ցամքեցնէ, կ՚ամլացնէ իր շուրջը՝ ի՛նչ որ կայ հոն։
Իրականը, ճշմարիտը խօսելու դժուարութիւնը հոն է, որ իւրաքանչիւր խօսող, իր մտածումը կը յայտնէ իր ուզած կերպով եւ կը պնդէ թէ՝ իր մտածածը ճի՛շդ է։ Մարդ երբեմն ինքնախաբէութեամբ՝ չ՚անդրադառնար որ սխալ է խօսածը եւ անհամապատասխան՝ իր իսկական խորհուրդին։
Մարդիկ մտածելու եւ խօսելու մէջ ալ ինքնամոլ են՝ կը կարծեն ուղիղ ըլլալ, շիտակ ըլլալ եւ ճիշդ ըլլալ, երբ կը փոխեն իրենց միտքը եւ տարբեր կերպով կը խօսին եւ իրենք ալ կը հաւատան յաճախ իրենց խօսքին։ Բայց աւելի կարեւոր է՝ խօսքին համապատասխան ըլլալը գործին, խօսքը եւ գործը պէտք է համընթաց ըլլան եւ մէկը միւսը չհակադրէ։
Ուրեմն կատարեալ է այն՝ որուն միտքը, մտածումը, խօսքը ե՛ւ գործը հապճեպով առաջացած ընթացք մը պէտք չէ՛ ըլլայ, այլ՝ բանականութեամբ ներդաշնակուած մարդկային հոգեվիճակ մը եւ ահաւասիկ այս կ՚ենթադրէ՝ անկեղծութի՛ւն։
Հնարագէտ է այն մարդը՝ որ ջուրը եւ անոր ակնաղբիւրը կրնայ զանազանել, կրնայ իր կեանքին ընթացք տալ հմտութեամբ եւ ողջախոհութեամբ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 14, 2017, Իսթանպուլ