ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏ
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, իր Ֆրանսայի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ, Ստեփանակերտի մէջ սկսած է հենտպոլի (ձեռքի գնդակ) մարզահրապարակի կառուցման:
Ծրագիրը կ՚իրականացուի ֆրանսացի գործարարներու նիւթական աջակցութեամբ: Ստեփանակերտի կեդրոնը կառուցուող մարզահրապարակը պիտի ունենայ արհեստական խոտածածկով 800 քառակուսի մեթր դաշտ, 102 նստատեղի հանդիսատեսի համար, հանդերձարաններ: Մարզահրապարակին լուսաւորումն ու կահաւորումը պիտի իրականացուին արդի պահանջներուն համապատասխան: Մարզահրապարակը, ուր կրնան իրականացուիլ նաեւ ֆութպոլի փորձեր, պիտի սպասարկէ շրջակայ դպրոցներու աւելի քան երեք հազար աշակերտի:
«Անհամբերութեամբ կը սպասենք, թէ ե՛րբ պատրաստ պիտի ըլլայ մարզակառոյցը: Ֆրանսայի հենտպոլի հաւաքականը երկար տարիներ եղած է աշխարհի առաջատարը եւ, ո՛վ գիտէ, հաւանաբար, արցախցի պատանի հենտպոլիստները նոյնպէս դառնան վաղուան ախոյեաններ», ըսած է հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեան:
Միւս կողմէ, 2014 թուականին ալ ֆրանսացի գործարարներու միջոցներով հիմնադրամը ֆութպոլի փոքր դաշտ կառուցած էր Մարտունիի շրջանի Ճարտար քաղաքին մէջ, ուր իր փորձերը կ՚իրականացնէ Արցախի ֆութպոլի ամենազօրաւոր խումբերէն մէկը՝ Ճարտարի հաւաքականը: Ճարտարի մանկապարտէզը եւս ֆրանսացի բարերարներու նուէրն է համայնքին: