ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՋԱՏԱԳՈՎ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան այս ա­ռա­ւօտ Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քեց մամ­լոյ ա­սու­լիս մը, ո­րու ըն­թաց­քին յայտ­նեց, թէ եր­կի­րը խա­ղա­ղու­թեան ջա­տա­գով է։ «Հա­յաս­տան խա­ղա­ղու­թե­նէն եր­բեք չէ հրա­ժա­րած, մենք կը շա­րու­նա­կենք մնալ խա­ղա­ղու­թեան ջա­տա­գով եւ վստահ ենք, որ այս տա­րած­քաշր­ջա­նը այլ ա­պա­գայ չու­նի։ «Սա­կայն, ա­սոր հետ միա­սին, ան­կախ ա­մէն ին­չէ, մենք պէտք է քայ­լե­րու ձեռ­նար­կենք մեր անվ­տան­գու­թեան մա­կար­դա­կը բարձ­րաց­նե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Մենք պար­տա­ւոր ենք ա­մէն ինչ ը­նե­լու, որ­պէս­զի մեր անվ­տան­գու­թիւ­նը բարձր մա­կար­դա­կի վրայ ըլ­լայ», ը­սաւ Վի­գէն Սարգ­սեան։ Ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ազգ-բա­նակ 2017» հա­մա­ժո­ղո­վը, ո­րու ըն­թաց­քին ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան։ «Ազգ-բա­նակ» ծրագ­րի գլխա­ւոր հե­ղի­նա­կը կը նկա­տուի Վի­գէն Սարգ­սեան։ Այս ա­ռա­ւօ­տեան իր մամ­լոյ ա­սու­լի­սը յա­ջոր­դեց ե­րէ­կուան հա­մա­նուն հա­մա­ժո­ղո­վին։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Սերժ Սարգ­սեան ե­րէ­կուան հա­մա­ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին յայտ­նեց, թէ «Ազգ-բա­նակ» հա­յե­ցա­կար­գը ուղ­ղուած է անվ­տան­գու­թեան ո­լոր­տէ ներս պա­հան­ջա­տէր քա­ղա­քա­ցիի դաս­տիա­րակ­ման։

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 21, 2017