ԻՇԻՊ-Ի ՆՈՐ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԸ
Ֆրանսան ու ամբողջ աշխարհը երէկ երեկոյեան ցնցուեցան Փարիզէն հասած հերթական ահաբեկչութեան վերաբերեալ լուրերով։ Այսպէս, ԻՇԻՊ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) նոր բռնարարք մը իրականացուց Փարիզի սրտին վրայ։ ԻՇԻՊ-ի անդամ երկու ահաբեկիչներ երէկ երեկոյեան Շան զ՚Էլիզէի աշխարհահռչակ պողոտային վրայ հեռահար հրացաններով իրականացուցին այս յարձակումը։ Ոստիկան մը զոհ գնաց դէպքին, որու հետեւանքով երկու հոգի ալ վիրաւորուեցաւ։ ԻՇԻՊ-ի անդամ ահաբեկիչներէն մին մահացաւ, իսկ միւսը յաջողեցաւ խոյս տալ։
Հանրապետութեան Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտ այս յարձակումէն անմիջապէս վերջ արտահերթ ժողովի հրաւիրեց Ֆրանսայի կառավարութիւնը։ Ըստ ֆրանսական իրաւապահ մարմիններուն կոմէ հաղորդուած մանրամասնութիւններուն, դէպքը պատահեցաւ այն պահուն, երբ ահաբեկիչներուն ինքնաշարժը կանգ առած էր կարմիր լոյսին։ Ֆրանսայի ոստիկանութիւնը գործողութեան մը ձեռնարկած է՝ խոյս տուած ահաբեկիչը գտնելու նպատակով։ Ան Պելժիայէն գնացքով Ֆրանսա անցած է ու կը գտնուի որոնուողներու ցուցակին վրայ։ Ֆրանսայի Ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փիէռ-Անրի Պրանտէ յայտնեց, որ այս յարձակման շարժառիթներուն շուրջ խօսելու համար տակաւին վաղ է, սակայն ոստիկանը թիրախ ընտրուած է դիտումնաւոր ձեւով։
Փարիզի ահաբեկչական այս յարձակումը կը նախորդէ Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն, որոնց առաջին փուլը նախատեսուած է այս շաբաթավերջին։ Դէպքն ալ պատահեցաւ ճիշդ այն պահուն, երբ նախագահական թեկնածուները կը մասնակցէին ուղիղ եթերի մը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Տանըլտ Թրամփ Փարիզի ահաբեկչական յարձակումէն անմիջապէս վերջ վշտակցութիւն յայտնեց Ֆրանսայի ժողովուրդին։ Ան սարսափելի որակեց պատահարը եւ կոչ ուղղեց՝ ամուր ու վերապահ ըլլալու ուղղութեամբ։