ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ

Վե­նե­տի­կի «Viva Arte Viva» ա­րուես­տի մի­ջազ­գա­յին 2017-ի ցու­ցա­հան­դէ­սին, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մա­յիս 13-Նո­յեմ­բեր 26 թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ա­րուես­տա­գէտ­ներ Ռա­ֆա­յէլ Մե­կալ, Ժան Պօ­ղո­սեան եւ Մի­րօ Պեր­սո­լիա:

Ռա­ֆա­յէլ Մե­կալ պի­տի ներ­կա­յա­նայ «Յո­վազ­նե­րը իմ ծաղ­կած այ­գիին մէջ» ցու­ցադ­րու­թեամբ: Ռա­ֆա­յէլ Մե­կա­լի ա­րուես­տը ազ­գա­յին զար­դա­նախ­շե­րու եւ հայ մշա­կոյ­թին բնո­րոշ տար­րե­րու նո­րո­վի մօ­տեց­մամբ կը պատ­կե­րէ մար­դու եւ բնու­թեան փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը: 2013 թուա­կա­նին «Մա­րու­թայ սար» մե­ծա­ծա­ւալ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան հա­մար ան ար­ժա­նա­ցած է Ֆլո­րան­սա­յի ցու­ցա­հան­դէ­սի «Լո­րեն­ցօ Մե­տի­չի» ար­ծա­թէ մե­տայ­լին եւ Հա­յաս­տա­նի վաս­տա­կա­ւոր նկա­րի­չի կոչ­ման:

Պրիւք­սել բնա­կող լի­բա­նա­նա­հայ քան­դա­կա­գործ եւ նկա­րիչ Ժան Պօ­ղո­սեան պի­տի ներ­կա­յաց­նէ «Ան­շէջ կրակ» կո­չուող ցու­ցադ­րու­թիւ­նը: Ա­նի­կա կը խորհր­դան­շէ զօ­տա­լամ­բին կրա­կը, զոր Ժան Պօ­ղո­սեան կ՚օգ­տա­գոր­ծէ իբ­րեւ «Հու­րէ վրձին»՝ իր ան­շէջ գոր­ծե­րը կեր­տե­լու հա­մար: Ան բազ­մա­թիւ ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ ու­նե­ցած է աշ­խար­հի լա­ւա­գոյն պատ­կե­րաս­րահ­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս՝ Պրիւք­սել, Ա­պու Տա­պի, Պէյ­րութ:

Հայ­կա­կան տա­ղա­ւա­րի եր­րորդ մաս­նա­կի­ցը ի­տա­լաբ­նակ սլո­վե­նա­ցի Մի­րօ Պեր­սո­լիան է: Ա­նոր «Ա­ռանց սահ­մա­նի» ցու­ցադ­րու­թիւ­նը կար­միր եւ կա­պոյտ գոյ­նե­րու հա­մադ­րու­թեամբ կ՚ընդգ­ծէ ա­րուես­տի սահ­ման­ներ չու­նե­նա­լը:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին տա­ղա­ւա­րի յանձ­նա­կա­տա­րը Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւնն է, ի դէմս Սւետ­լա­նա Սա­հա­կեա­նի:

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017