ՄԱՆԿԱՆՑ ՅՈՅՍԵՐՈՎ

Ապ­րիլ 23-ի Ազ­գա­յին գե­րա­կա­յու­թեան եւ ման­կանց տօ­նին առ­թիւ այ­ս շա­բա­թա­վեր­ջին մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծո­ւած է բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ։ Տօ­նին զու­գա­հեռ կը նշուի նաեւ Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վի հիմ­նադ­րու­թեան 97-րդ տա­րե­դար­ձը։

Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, այս տա­րի եւս յա­տուկ մթնո­լոր­տի մը մէջ կը տօ­նախմ­բուի Ապ­րի­լի 23-ը։ Բո­լոր ազ­գա­յին տօ­նե­րուն նման, այս ան­գամ եւս ժո­ղո­վուր­դը ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ կ՚ո­գե­կո­չէ Հան­րա­պե­տու­թեան մե­ծա­նուն հիմ­նա­դիր Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Ա­թա­թիւր­քը։ Եր­կի­րը կը վե­րա­նո­րո­գէ նաեւ իր գի­տակ­ցու­թիւ­նը՝ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան ա­նան­ջա­տե­լի ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, ազ­գա­յին միաս­նա­կա­նու­թեան, աշ­խար­հա­վար ու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հա­մա­կար­գի պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ։ Ինչ­պէս միշտ, պե­տա­կան ա­ւա­գա­նին ալ հրա­պա­րա­կած է շնոր­հա­ւո­րա­կան պատ­գամ­ներ՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի։ 23 Ապ­րի­լի պատ­գա­մին մէջ Էր­տո­ղան նշեց, թէ այս տօ­նը ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան, ազ­գա­յին կամ­քի եւ ազ­գի գե­րա­կա­յու­թեան ա­մե­նայս­տակ ցու­ցա­նիշն է։ Այս­պի­սի տօ­նի մը մա­նուկ­նե­րուն ձօ­նուած ըլ­լա­լը կը նշա­նա­կէ, որ Թուր­քիա մեծ յոյս դրած է մա­նուկ­նե­րուն ու ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն վրայ, ո­րոնք կը հա­մա­րուին երկ­րի ա­պա­գան եւ եր­կի­րը մեծ վստա­հու­թիւն կը տա­ծէ ա­նոնց նկատ­մամբ։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը շեշ­տեց, թէ եր­կի­րը մեծ ակն­կա­լու­թիւն­ներ ու­նի իր ե­րի­տա­սարդ­նե­րէն եւ հա­մո­զուած է, որ ա­նոնք լա­ւա­գոյնս պի­տի ար­ժե­ւո­րեն ի­րենց ըն­ձե­ռուած հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ապ­րիլ 23-ի ման­կանց տօն ըլ­լա­լու ե­րե­սա­կին բե­րու­մով ա­մէն տա­րի ա­ռանձ­նա­յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն կ՚ըն­-ծայուի այս հան­գա­ման­քին նկատ­մամբ։ Սա շատ կա­րե­ւոր պա­րա­գայ մըն է եւ այս հի­ման վրայ Թուր­քիա տա­րի­նե­րէ ի վեր կը շա­րու­նա­կէ աշ­խար­հի զա­նա­զան պե­տու­թիւն­նե­րէն մա­նուկ­ներ հիւ­րըն­կա­լել։ Մի­ջազ­գա­յին առ­կայ պայ­ման­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ, սա իս­կա­պէս դրա­կան ու տե­ղին ա­ռիթ մըն է հա­մայն աշ­խար­հին պատ­գա­մե­լու հա­մար, թէ մարդ­կու­թեան ա­պա­գան խա­ղա­ղու­թեան, հաշ­տու­թեան եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մէջ է եւ այ­սօր մա­նուկ­նե­րուն հան­դէպ ցու­ցա­բե­րուե­լիք նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ է, որ կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ այդ ա­պա­գան ա­պա­հո­վել։ Ման­կանց խրախ­ճան­քին հա­մար Թուր­քիա հրա­ւի­րուած հա­րիւ­րա­ւոր մա­նուկ­նե­րը հիւ­րըն­կա­լուե­ցան նաեւ Պեշ­թե­փէի պա­լա­տին մէջ։

Ապ­րիլ 23-ի առ­թիւ տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ տե­ղի կ՚ու­նե­նան մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի, Թուր­քիոյ բո­լոր քա­ղաք­նե­րուն, ար­տա­սահ­մա­նեան ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Հիւ­սի­սա­յին Կիպ­րո­սի Թուրք Հան­րա­պե­տու­թեան մէջ։

Ազ­գա­յին գե­րա­կա­յու­թեան այս տօ­նը ներ­կա­յիս կը ստա­նայ այլ բա­ցա­ռիկ ի­մաստ մը։ Ար­դա­րեւ, տա­կա­ւին շա­բաթ մը ա­ռաջ տե­ղի ու­նե­ցած հան­րա­քուէով Թուր­քիա ո­րո­շած է փո­փո­խու­թեան են­թար­կել իր կա­ռա­վար­ման հա­մա­կար­գը՝ անց­նե­լով խորհր­դա­րա­նա­կա­նէն դէ­պի նա­խա­գա­հա­կան դրու­թիւն։ Սա եւս յատ­կան­շա­կան հան­գա­մանք մըն է թէ՛ ազ­գա­յին գե­րա­կա­յու­թեան եւ թէ խորհր­դա­րա­նի հիմ­նադ­րու­թեան տա­րե­դար­ձին տե­սա­կէ­տէ։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017