ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՎԱՐՁՈՒ ՏՈՒԱՒ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՆ ՇԷՆՔԸ

Պա­քըր­գիւ­ղի Ծնունդ Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, որ վար­ձու տրո­ւած է Տա­տեան վար­ժա­րա­նի հին շէն­քը։ Ա­տե­նա­պետ Մե­սուտ Էօզ­տե­միր եւ իր ըն­կեր­նե­րը եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր բազ­մա­կող­մա­նի աշ­խա­տանք կը տա­նէին այս շէն­քը ար­ժե­ւո­րե­լու հա­մար։ Ի լրումն այդ բո­լո­րին թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ո­րո­շեց վար­ձա­կա­լա­կան պայ­մա­նա­գիր կնքել «Տիլ­քօ» խմբա­կին հետ, ո­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ գոր­ծող «Քատ­րօ» լի­կէո­նը 2017-2018 ու­սում­նա­կան շրջա­նէն սկսեալ պի­տի տե­ղա­կա­յո­ւի այդ շէն­քին մէջ։ Հարկ է նշել, որ այս դպրո­ցի տնօ­րէնն է Ա­լէն Պիւ­յիւ­քէր։ Այս վեր­ջի­նը Տա­տեա­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րէն մին է։

Այս վար­ձա­կա­լա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան ար­դիւն­քով Պա­քըր­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը կը նա­խա­տե­սէ փա­կել առ­կայ պարտ­քե­րը եւ ստեղ­ծել նիւ­թա­կան նոր մի­ջոց­ներ, ո­րոնք պի­տի յատ­կա­ցո­ւին Տա­տեան վար­ժա­րա­նի կրթա­կան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման նպա­տա­կին։ Սոյն գոր­ծար­քին առ­թիւ թա­ղա­յին խոր­հուր­դը ար­տա­յայ­տած է իր խո­րին ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը մեր հա­մայն­քի այն անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն նկատ­մամբ,  ո­րոնք ի­րենց գա­ղա­փար­նե­րով ու­ղե­ցոյց ե­ղած են այս պա­տաս­խա­նա­տու ո­րո­շու­մը կա­յաց­նե­լու ճա­նա­պար­հին։

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017