Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏԸ՝ ԴԷՊԻ ԷՄԻՐԿԵԱՆ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ պտոյտ մը կատարեցին դէպի Էմիրկեան։ Միջնակարգի աշակերտներէն բաղկացեալ այս խումբը Էմիրկեանի ընդարձակ պարտէզին մէջ ունեցաւ հաճելի ժամանց։ Նկատի ունենալով, որ գարնան շրջանին պուրակին մէջ բնութիւնը վերակենդանացած է, տղաքը ըմբոշխնեցին այդ բնական գեղեցկութիւնը՝ Վոսփորի գեղատեսիլ համայնապատկերին վրայ։
Հաճելի ժամեր անցընելէ վերջ աշակերտները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան դպրոց։
Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017