ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԲԵՔ ՉԵՍ ԿՐՆԱՐ ԼՌԵՑՆԵԼ…

Չկայ գո­յակ մը այս երկ­նա­կա­մա­րին վրայ, որ «ճշմար­տու­թեան» եւ «ա­նա­չա­ռու­թեան» կողմ­նա­կի­ցը չէ։ Երբ հարց տաս շրջա­պա­տի մար­դոցդ, որ ճշմար­տու­թեա՞ն կամ ստա­խօ­սու­թեան կողմ­նա­կից են, ընդ­հա­նուր յայ­տա­րար-պա­տաս­խան մը կը ստա­նաս։ Բո­լորն ալ «ճշմար­տա­խօս» եւ «ճշմար­տու­թեան» պաշտ­պան­ներն ու ջա­տա­գով­ներն են, ո­րոնք ո­գի ի բռին կը փոր­ձեն կեղ­ծամտու­թեան եւ կեղծ­պա­րիշ­տու­թեան քօ­ղին տակ սու­տը՝ ճշմա­րիտ, տգե­ղը՝ գե­ղե­ցիկ, յի­մա­րը՝ ի­մաս­տուն, ան­յա­ջո­ղա­կը՝ յա­ջո­ղակ, ա­պի­կա­րը՝ կա­րող, ա­նու­սը՝ ու­սեալ, մե­ղա­ւո­րը՝ ան­մեղ, ան­գոյ­նը՝ երփ­նե­րանգ ներ­կա­յաց­նել հան­րու­թեան աչ­քին։ Նման մտայ­նու­թիւն եւ սո­վո­րու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րը՝ պո­ռո­տա­խօս եւ անն­կա­րա­գիր մար­դիկն են, ո­րոնք դժբախ­տա­բար մեր ըն­կե­րու­թեան մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը սկսած են կազ­մել։

Այ­սօ­րուայ մեր մարդկա­յին ար­ժե­հա­մա­կար­գը ամ­բող­ջա­պէս փո­խուած եւ յո­ռե-շըրջուած է։ Մար­դիկ մշտա­պէս «ան­կեղծ» եւ «ճշմա­րիտ» են, բայց ի­րենց ճշմար­տա­ցիու­թիւնն ու ան­կեղ­ծու­թիւնն է, որ փո­փո­խու­թեան են­թար­կուած է։ Ճշմար­տու­թիւն բա­ռի սահ­մա­նու­մը եւ ի­մաս­տը ի­րենց կեան­քի բա­ռա­րա­նին մէջ կա՛մ վե­րա­ցած է, եւ կա՛մ՝ հա­կա­նիշ ի­մաստ մը զգե­ցած է։ Ճշմար­տու­թիւ­նը բա­րո­յա­զուրկ ա­րարք­նե­րով ապ­րող մար­դուն յա­րիր չէ, ո­րուն չա­րա­փո­խուած միտ­քը խա­ւա­րա­ծին յղացք­նե­րէն դրդուած՝ դար­ձած է վա­տա­ռողջ ծրա­գիր­նե­րու բնա­կա­րա­նի մը եւ ո­րուն նեն­գա­փո­խուած սիր­տը հո­գիի սո­վէն ա­մա­յա­ցած՝ դար­ձած է շնորհք­նե­րէ զուրկ շտե­մա­րա­նի մը։ Զուր տե­ղը չէ ը­սուած. «Ա­ռաջ մար­դիկ կեղ­ծա­ւո­րու­թիւ­նը տես­նե­լով՝ կը զար­մա­նա­յին, իսկ այ­սօր՝ ան­կեղ­ծու­թիւ­նը տես­նե­լով կ՚ապ­շին»։

Ճշմա­րիտ մար­դը ըն­կե­րու­թեան կող­մէ ո՛չ միայն չէ ըն­դու­նուած ու չ՚ըն­դու­նուիր, այլ քա­մահ­րուած է ու շա­րու­նակ կը զգետ­նուի։ 21-րդ դա­րու մտայ­նու­թեամբ՝ շրջա­նակ կամ համ­բաւ ու­նե­նա­լու, փող վաս­տա­կե­լու, գոր­ծե­րը յա­ջողց­նե­լու, պաշ­տօ­նի մը հաս­նե­լու զէն­քը՝ ԽԱ­ԲԷՈՒ­ԹԻՒՆՆ է։ Ին­չո՞ւ. ո­րով­հե­տեւ մեր շու­կա­յա­կա­նա­ցած կեան­քին գլխա­ւո­րա­գոյն պա­հան­ջար­կը խա­բէու­թիւնն է։ Խար­դա­խու­թիւ­նը քա­ջա­լե­րող մաս­նա­գէտ­նե­րով օժ­տուած է այ­սօ­րեայ մեր ըն­կե­րու­թիւ­նը։ «Ար­դիւ­նա­բեր» այս ար­տադ­րու­թեան վկա­յա­րանն է բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը ոտ­նա­կո­խե­լու յանդգնող վայ­րագ գոր­ծե­լա­կեր­պե­րը, բա­րե­պաշ­տա­կան օ­րէնք­նե­րը մար­դա­հա­ճոյ հնա­րամ­տու­թիւն­նե­րով փո­խա­րի­նե­լու ան­պատ­շաճ վե­րա­բեր­մուն­քը։

Լ. Ն. Տոլս­տոյ ճշմար­տու­թեան մա­սին խօ­սե­լով՝ կ՚ը­սէ. «Մար­դու ճշմար­տու­թեան աս­տի­ճա­նը ա­նոր բա­րո­յա­կան կա­տա­րե­լու­թեան աս­տի­ճա­նի ցու­ցա­նիշն է»։ Ճշ­մար­տու­թիւ­նը պաշտ­պա­նե­լը եւ խօ­սի­լը խղճի յաղ­թա­նակն է մարդ ա­րա­րա­ծին մէջ ի վե­րուստ դրուած, իսկ ճշմար­տա­խօ­սու­թիւ­նը իս­կա­կան ու ան­կեղծ ըն­կե­րու­թեան կշիռ­քի նժարն է։ Ճշմար­տու­թեան ներ­հակ պատ­կե­րը հան­դի­սա­ցող ստա­խօ­սու­թիւ­նը մո­լու­թիւն է, իսկ ճշմար­տա­խօ­սու­թիւ­նը՝ ա­ռա­քի­նու­թիւն։ Ստա­խօ­սու­թիւ­նը ըն­կե­րա­քանդ մագ­նիս մըն է, իսկ մար­դը՝ եր­կա­թի կտոր։ Մագ­նի­սը եր­կա­թին չկպչե­լու հա­մար՝ մարդ պէտք է ոս­կի դառ­նայ, այ­սինքն՝ ճշմար­տու­թեան շե­փո­րա­հար եւ ար­դա­րա­խօ­սու­թեան ոս­կե­բե­րան։

Մարդ մը կար, որ իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին ա­նընդ­հատ ճշմար­տու­թիւ­նը կը փնտռէր, սա­կայն չէր կրնար գտնել: Բազ­մա­թիւ եր­կիր­ներ թա­փա­ռե­ցաւ. գնաց հիւ­սիս, հա­րաւ, ա­րե­ւելք, բայց եւ այն­պէս ոչ մէկ ճշմար­տու­թեան հան­դի­պե­ցաւ:

Օր մը, ա­րեւմ­տեան ան­յայտ երկ­րի մը մէջ ճշմար­տու­թիւնն ո­րոն­ման պա­հուն կը հան­դի­պի աղ­քատ ծե­րու­նիի մը։ Մար­դը ծե­րու­նիին հարց կու տայ, թէ ինչ­պէ՛ս կրնայ ճշմար­տու­թիւ­նը գտնել։

-Ճշմար­տու­թիւ­նը,- ծե­րու­նին կը պա­տաս­խա­նէ,- այս լքուած հին տա­ճա­րին մէջ թաք­նուած է։

Մար­դը չի հա­ւա­տար, բայց ծե­րու­նին կը պնդէ, թէ ան տա­ճա­րին մէջ կը գտնուի։ Ծե­րու­նին մար­դուն կ՚ու­ղեկ­ցի եւ միա­սին տա­ճար կը մտնեն։ Տա­ճա­րին մէջ ոչ մէկ բան կար, բա­ցի սեւ քօ­ղով ծած­կուած ար­ձա­նէ մը։

-Ա­հա,- կ՚ը­սէ ծե­րու­նին,- ճշմար­տու­թիւ­նը առ­ջեւդ է։

Մար­դը կը բա­նայ ծած­կո­ցը եւ սար­սա­փե­լի, զզուե­լի դէմ­քով ար­ձան մը կը տես­նէ։

-Այս ի՞նչ է,- կը հարց­նէ մար­դը վրդո­վուած,- մի­թէ սա՞ է ճշմար­տու­թիւ­նը։

Ճշմար­տու­թիւ­նը իս­կոյն կը պա­տաս­խա­նէ.

-Ա­յո՛, ճշմար­տու­թիւ­նը ես եմ։

-Բայց ինչ սար­սա­փե­լի ես,- կ՚ը­սէ մար­դը,- քու մա­սիդ մար­դոց ինչ­պէ՞ս պի­տի պատ­մեմ։ Ին­ծի ո՞վ կը հա­ւա­տայ։

-Իսկ դուն շրջա­պատդ խա­բէ,- կ՚ը­սէ ճշմար­տու­թիւ­նը,- եւ բո­լո­րը քե­զի կը հա­ւա­տան։

Սի­րե­լի՛ ըն­թեր­ցող, ըն­կե­րա­յին եւ հա­ւա­քա­կան կեան­քիդ մէջ վստա­հա­բար հան­դի­պած ես բազ­մա­պի­սի մար­դոց, ո­րոնք ճշմար­տու­թեան կողմ­նա­կից են, ու­նին ճշմար­տու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու ու­նա­կու­թիւ­նը, բայց ա­նոր պաշտ­պան­նե­րը չեն, որ­պէս­զի ի­րենց բար­ւոք կեան­քը եւ պաշ­տօ­նը չխա­թա­րեն։ Այդ­պի­սիք ժա­մա­նակ մը կրնան ճշմար­տու­թիւ­նը ծած­կել եւ կեղ­ծա­ւոր ըլ­լալ ու­րիշ­նե­րու հան­դէպ, սա­կայն վեր­ջա­ւո­րու­թեան անզ­գա­լա­բար կը դադ­րին ան­կեղծ ըլ­լալ ի­րենց իսկ ան­ձին նկատ­մամբ։

Մե­ծա­նուն եր­գի­ծա­բան Յա­կոբ Պա­րո­նեան կ՚ը­սէ. «Ճշմար­տու­թիւ­նը խօ­սի­լը դժուար է, լսե­լը՝ ա­ւե­լի դժուար, իսկ զայն հասկց­նե­լը՝ ա­մե­նադ­ժուա­րը»։ Ճշ­մար­տու­թիւ­նը եր­բեմն վի­րա­հատ բժիշ­կի պէս ան­գութ է։ Կը ցաւց­նէ՝ ա­ռող­ջաց­նե­լու հա­մար ու կ՚ա­ռող­ջաց­նէ ներ­սի­դիդ ըն­դո­ծին գո­յու­թիւն ու­նե­ցող բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու եւ վե­րա­կեր­տե­լու հա­մար։ Շա­տեր պի­տի փոր­ձեն ճշմա­րիտ եւ ար­դար խօս­քերդ ոտ­նա­կոխ ը­նել, սա­կայն եւ այն­պէս վստահ գիտ­ցիր, որ եր­բեք չեն կրնար զայն թա­ղել եւ լռեց­նել։ Ճշմար­տու­թիւ­նը միշտ յաղ­թա­կան է։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017