ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ԱՂԲԱՆՈՑԻՆ ՊԱՅԹՈՒՄԸ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ԴՈՒՌ ԿԸ ԲԱՆԱՅ

Պուրճ Հա­մու­տի աղ­բա­նո­ցին «ծննդոց»ը

Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին հե­տե­ւան­քով Պէյ­րու­թը կը կիսուէր եր­կու­քի: Մինչ ա­րե­ւե­լեան Պէյ­րու­թը «կը յայտ­նո­ւէր» քրիս­տո­նեայ մի­լիս­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ, ան­դին ա­րեւ­մեան Պէյ­րու­թը «բա­ժին կ՚իյ­նար» լի­բա­նան­ցի իս­լամ եւ պա­ղես­տին­ցի խմբա­ւո­րում­նե­րուն: Քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը կը տե­ւէր տասն­հինգ տա­րի եւ այդ տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին «եր­կու պէյ­րութ­ներ»ը ղե­կա­վա­րող մար­մին­նե­րը ստի­պո­ւած կ՚ըլ­լա­յին ստեղ­ծել քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն կա­րիք­նե­րը հո­գա­ցող յա­տուկ մար­մին­ներ: Ճիշդ է, որ ամ­բող­ջո­վին փուլ չէին ե­կած կա­ռա­վա­րա­կան մար­մին­ներն ու նա­խա­րա­րա­կան գրա­սե­նեակ­նե­րը, բայց իւ­րա­քան­չիւր շրջան «կը կա­ռա­վա­րո­ւէր» տեղ­ւոյն քա­ղա­քա­պե­տա­րան­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք ի­րենց կար­գին կ՚ու­նե­նա­յին ա­ւե­լի «վե­րին մարմ­նի» հո­վա­նա­ւո­րու­թիւն մը: Այդ թո­հու­բո­հին մէջ էր նաեւ, որ Պէյ­րու­թի ա­մե­նէն հա­յա­հոծ՝ Պուրճ Հա­մուտ շրջա­նը «նա­խընտ­րե­լի» վայր կը դառ­նար, որ­պէս ա­րե­ւե­լեան Պէյ­րու­թի մե­ծա­գոյն աղ­բա­նո­ցը ու­նե­ցող շրջան: Երբ Պուրճ Հա­մու­տի աղ­բա­նո­ցին մա­սին կը խօ­սինք, հարկ է շեշ­տադ­րել, որ աղ­բա­նո­ցը կը գտնո­ւէր այդ ա­ւա­նի ծո­վե­զե­րեայ շրջա­նին մէջ: Այդ օ­րե­րուն էր նաեւ, որ նման «ժա­մա­նա­կա­ւոր» լու­ծում մը ա­ռա­ջար­կող կող­մեր կը մտա­ծէին, թէ ա­մէ­նօ­րեայ դրու­թեամբ կու­տա­կո­ւող աղբն ու ա­նոր գար­շա­հո­տը կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ պէտք է «հե­ռու» ըլ­լան քա­ղա­քա­ցի­նե­րու խիտ բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող թա­ղա­մա­սե­րէն, ո­րոնց կա­րե­ւոր մէկ բա­ժի­նը կը հա­մա­րո­ւէին «հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սեր»: Այս բո­լո­րին ա­ռըն­թեր շատ բնա­կան կը հա­մա­րո­ւէր, որ պա­տե­րազ­մի հե­տե­ւան­քով կի­րա­ռո­ւած մի­ջոց­նե­րու լու­ծու­մը, կամ այդ լու­ծում­նե­րէն «ծնունդ ա­ռած» յո­ռե­գոյն վի­ճակ­նե­րու վե­րա­ցու­մը պի­տի սպա­սէր Պէյ­րու­թի խա­ղա­ղու­թեան փու­լին: 1990 թո­ւա­կա­նին երբ կը լռէին թնդա­նօթ­նե­րու ձայ­նե­րը, լի­բա­նան­ցի­նե­րը կա­մաց-կա­մաց կը վե­րա­դառ­նա­յին դէ­պի բնա­կա­նոն կեան­քի հուն: Այդ ան­ցու­մը տե­ղի կ՚ու­նե­նար բա­ւա­կան դան­դաղ քայ­լե­րով ու յստակ կը դառ­նար, որ շրջա­նա­յին ազ­դե­ցիկ կող­մե­րու գլխա­ւոր նպա­տակն էր «ոտ­քի հա­նել» կեդ­րո­նա­կան Պէյ­րու­թը:

Մայ­րա­քա­ղա­քի սիր­տը հա­մա­րո­ւող հա­տո­ւա­ծը, որ ու­նէր «փառ­քի օ­րեր», դար­ձած էր ա­ւե­րակ քա­ղա­քի մը հա­զիւ շնչող ե­րա­կը:

Պէյ­րու­թի վե­րա­կա­ռու­ցու­մը կը հա­մարո­ւէր ա­ռաջ­նա­յին, ո­րով­հե­տեւ մայ­րա­քա­ղա­քի եր­կու «ի­րար­մէ բաժ­նո­ւած» հա­տո­ւած­նե­րուն միա­ցու­մով էր նաեւ, որ եր­կի­րը պի­տի բռնէր հաշ­տու­թեան եւ հա­մա­կե­ցու­թեան ընդ­հա­նուր ճամ­բան: Յա­ռա­ջի­կայ օ­րագ­րու­թիւ­նը յայտ­նի է: Պէյ­րու­թը բա­ւա­կան ա­րագ թա­փով կը վե­րա­կա­ռու­ցո­ւէր ու կը դառ­նար Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի վե­րա­դար­ձող «հարս»ը: Մաս­նա­ւո­րա­պէս Ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն հա­մար կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող մայ­րա­քա­ղա­քի սիր­տը կը վե­րա­նո­ւա­նո­ւէր Downtawn եւ կը դառ­նար կեդ­րո­նա­տե­ղի՝ մի­ջազ­գա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող ա­ռեւտ­րա­յին, տնտե­սա­կան, կրթա­կան եւ նոյ­նիսկ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան կա­րե­ւոր ցան­ցե­րու:

Այս դրու­թեան մէջ էր նաեւ, որ Պէյ­րու­թի ա­րո­ւար­ձան­նե­րը, ո­րոնց­մէ մին էր Պուրճ Հա­մու­տը, կը շա­րու­նա­կէին ի­րենց նախ­կին կեան­քով ապ­րիլ, ի­րենց հո­վա­նի ու­նե­նա­լով շրջան­նե­րու քա­ղա­քա­պե­տա­րան­ներն ու ա­նոնց հո­վա­նիով գոր­ծող մար­մին­նե­րը:

Այս տո­ղե­րը գրո­ղին յի­շո­ղու­թեան մէջ է, թէ տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով Պուրճ Հա­մու­տի հա­յու­թիւ­նը կը ստի­պո­ւէր փո­ղոց իջ­նել կա­ռա­վա­րա­կան մար­մին­նե­րէն պա­հան­ջե­լով վերջ­նա­կա­նա­պէս դադ­րեցնել շուրջ քսան տա­րո­ւան «պատ­մու­թիւն» ու­նե­ցող աղ­բա­նո­ցին գոր­ծու­նէու­թիւ­նը: Տեղ­ւոյն հա­յու­թեան հա­մար այդ կա­րե­ւո­րա­գոյն «վճիռ»ը կա­ռա­վա­րա­կան ո­րո­շու­մով մը կ՚ամ­րագ­րո­ւէր 1996 թո­ւա­կա­նին: Սա­կայն մտա­հո­գի­չը էր այն, որ նոյ­նիսկ աղ­բա­թափ­ման կա­յա­նի փա­կու­մէն ետք այդ շրջա­նին մէջ կու­տա­կուած «աղ­բա­լե­րան» խնդի­րը կը մնար ան­լոյծ: Մինչ պե­տա­կան մար­մին­ներ պատ­րուակ կը դարձ­նէին «աղ­բա­լե­րան» վե­րաց­ման անհ­րա­ժեշտ նիւ­թա­կան աղ­բիւր­նե­րու չգո­յու­թիւ­նը, ան­դին շրջա­նի բնա­կիչ­նե­րուն հա­մար աղ­բի գար­շա­հո­տը եւ յատ­կա­պէս գար­նան ու ամ­րան ըն­թաց­քին կլի­մա­յա­կան պայ­ման­նե­րու հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը կը դառ­նար իս­կա­կան մղձա­ւանջ: Աղ­բա­կա­յա­նի հե­տե­ւան­քով ստեղ­ծո­ւած ա­ռող­ջա­պա­հա­կան տագ­նա­պը այ­սօր հա­սած է իր գա­գաթ­նա­կէ­տին ու այդ շրջա­նէն դուրս ե­կող թու­նա­ւոր կա­զե­րու ար­տա­նե­տում­նե­րը, ի­րենց ազ­դե­ցու­թեան գօ­տին «կը տա­րա­ծեն» ոչ միայն Պուրճ Հա­մու­տի, այլ շրջա­կա­յից նոյ­նիսկ բարձ­րա­դիր դիր­քեր ու­նե­ցող շրջան­նե­րու վրայ:

Պայ­թում «աղ­բա­լե­րան» մէջ... եւ լուրջ հար­ցադ­րում­ներ

Ա­րեւմ­տեան Պէյ­րու­թի Պուրճ Հա­մուտ շրջա­նը Լի­բա­նա­նի ա­մե­նէն հա­յա­հոծ շրջանն է: Տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով «հա­յա­ւան»ի ծո­վե­զե­րեայ շրջա­նին մէջ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կը գոր­ծէ մայ­րա­քա­ղաք Պէյ­րու­թի մե­ծա­գոյն աղ­բա­նոց­նե­րէն՝ Պուրճ Հա­մու­տի աղ­բա­նո­ցը: Շրջա­նի պատ­կան մար­մին­նե­րուն գոր­ծադ­րած ճի­գե­րուն շնոր­հիւ աղ­բա­նո­ցը կը փա­կո­ւէր 1996 թո­ւա­կա­նին: Հա­յու­թեան ստո­ւար հա­տո­ւա­ծը իր նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար ստի­պո­ւած կ՚ըլ­լար բո­ղո­քի հա­ւաք­ներ կա­յաց­նել: Երկ­րի մը մէջ, ուր նոյ­նիսկ քա­ղա­քա­ցիա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րը դար­ձած են իշ­խող հա­մայնք­նե­րու բա­ժին ին­կած «շա­հու աղ­բիւր», աղ­բա­հա­նու­թեան խնդի­րը կը հա­մա­րո­ւի «ե­կա­մուտ»ի կա­րե­ւոր ակ մը:

Մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ տա­կա­ւին թարմ է, երբ 2015 թո­ւա­կա­նին Լի­բա­նա­նի մէջ կը ծա­գէր «աղ­բի տագ­նապ»ը, ո­րուն հե­տե­ւան­քով մայ­րա­քա­ղաք Պէյ­րու­թը կը դառ­նար «աղ­բա­խեղդ»: Խնդրին «կարկ­տա­նա­յին» լու­ծում մը բե­րե­լու հիմ­քով նախ­կին վար­չա­պետ Թամ­մամ Սա­լա­մի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շում կը կա­յաց­նէր այլ ե­րեք աղ­բա­կա­յան­նե­րու կող­քին վե­րա­բա­նալ փա­կո­ւած Պուրճ Հա­մու­տի աղ­բա­նո­ցը:

Այդ ո­րոշ­ման հիմ­քով էր նաեւ, որ պէյ­րութ­ցիք կը ձեր­բա­զա­տո­ւէին մայ­րա­քա­ղա­քա­քի գլխա­ւոր փո­ղոց­նե­րը լեցո­ւած հա­զա­րա­ւոր թո­նե­րու հաս­նող աղ­բէն ու ա­նոր թու­նա­ւոր ար­տա­նե­տում­նե­րէն: Հար­ցը սա­կայն կտրա­կան լու­ծում­նե­րու չէր յան­գած:

Ինչ կը վե­րա­բե­րի Պուրճ Հա­մուտ շըր-ջա­նի ծո­վե­զե­րեայ հա­տո­ւա­ծին վրայ գոր­ծող աղ­բա­նո­ցին, որ այ­սօր «բաժ­նուած է» եր­կու մա­սե­րու:

Ա­ռա­ջին մա­սը, որ ան­գոր­ծա­ծե­լի է, եր­կար տա­րի­նե­րով կու­տա­կո­ւած «աղ­բա­լեռ» մըն է, ո­րուն յա­տա­կը կայ «ճնշուած» վի­ճա­կի մէջ ե­ղող եւ մե­ծա­քա­նակ աղ­բե­րէ կազ­մո­ւած «լա­ւա­յի» վի­ճակ ներ­կա­յաց­նող հա­տո­ւած մը:

Անց­նող 5 Ապ­րի­լին կեն­սո­լոր­տի հար­ցե­րով զբա­ղող մէ­կէ ա­ւե­լի կայ­քեր տե­ղե­կու­թիւն կը տա­րա­ծէին այն մա­սին, թէ ուժ­գին պայ­թում մը ար­ձա­նագ­րուած է այդ «աղ­բա­լե­րան» մէջ: Հար­ցը մեծ տա­րա­ծում չէր ու­նե­նար, մին­չեւ ա­րա­բա­տառ «Ալ Ախ­պար» թեր­թի Ապ­րիլ 20-ի թի­ւին մէջ լոյս տե­սած հրա­պա­րա­կու­մը, ուր ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն կը տրուէր ի­րա­դար­ձու­թեան վե­րա­բե­րեալ: Այս­պէս, ըստ «Ալ Ախ­պա­ր»ի, տե­ղի ու­նե­ցած «փոքր պայ­թում»ը պէտք էր հա­մա­րել վտան­գա­ւոր նա­խան­շան՝ տա­րի­նե­րէ ի վեր կու­տա­կուած «աղ­բա­լե­րան» ա­հա­զան­գա­յին վի­ճա­կին շուրջ: Պար­բե­րա­կա­նը, որ իր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րը ստա­ցած էր Հա­սան Պազ­զիէն, որ կեն­սո­լոր­տա­յին հար­ցե­րով զբա­ղող փաս-­տա­բան մըն է, կը գրէր, թէ պայ­թու­մը ար­դիւնքն է թու­նա­ւոր «մե­թան» կա­զա­նիւ­թի ար­տա­նե­տում­նե­րուն: Թեր­թը կը նշէր, որ նոր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մու­թե­նէն ի վեր երկ­րի կեն­սո­լոր­տի նա­խա­րար՝ Թա­րէք Ալ Խա­թիպ մին­չեւ այս պա­հը չէ այ­ցե­լած Պուրճ Հա­մու­տի աղ­բա­նո­ցի շրջա­նը, մօ­տէն ծա­նօ­թա­նա­լու հա­մար հոն տի­րող ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կին, նշե­լով նաեւ, որ փաս­տա­բան Պազ­զիի կող­քին եր­կու այլ փաս­տա­բան­ներ պե­տա­կան մար­մին­նե­րուն մօտ դա­տա­կան հայց ներ­կա­յա­ցու­ցած են։ Ա­նոնք պա­հան­ջած են «Խու­րի» շի­նա­րա­րու­թեան ըն­կե­րու­թե­նէն դադ­րեց­նել ի­րենց աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ըստ փաս­տա­բան­նե­րուն ըն­կե­րու­թիւ­նը չի յար­գեր այն պայ­ման­նե­րը, ո­րոնք պէտք է կի­րա­ռուին խու­սա­փե­լու հա­մար կեն­սո­լոր­տա­յին «ա­ղէտ»է մը: Կը նշուէր, որ նոյն ըն­կե­րու­թիւ­նը ա­ւե­լի վաղ 109 մի­լիոն տո­լա­րի փո­խա­րէն շա­հած էր «աղ­բա­լե­րան» վե­րաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը կա­տա­րե­լու մրցոյ­թը:

Այս բո­լո­րէն ետք խնդրով զբա­ղող դա­տա­խազ Ռալֆ Քար­քա­պի «կարգ մը ճնշում­ներ»ու հե­տե­ւան­քով ստի­պուած կ՚ըլ­լար սա­ռեց­նել աղ­բա­նո­ցին վե­րաց­ման աշ­խա­տանք­նե­րը դադ­րեց­նե­լու իր ո­րո­շու­մը վե­րա­տե­սու­թեան են­թար­կել եւ թոյլ տալ, որ նոյն ըն­կե­րու­թիւ­նը շա­րու­նա­կէ իր աշ­խա­տանք­նե­րը:

Ե­րէկ, 20 Ապ­րի­լին եւ ե­ղած պայ­թու­մին լոյ­սին տակ ներ­կա­յա­ցուած դա­տա­կան հայ­ցէն ետք դա­տա­խա­զը հար­ցը կը յե­տաձ­գէր մին­չեւ Մա­յի­սի 18-ը, երբ դար­ձեալ դա­տա­կան նիստ պի­տի գու­մա­րուի եւ վերջ­նա­կան վճիռ կա­յա­ցուի:

Այս փաս­տարկ­նե­րը ներ­կա­յաց­նե­լէ ետք յստակ է, որ դա­տա­կան գոր­ծըն­թաց­նե­րու մէջ «մխրճուած» այս խնդի­րը տա­կա­ւին մեծ քա­նա­կու­թեամբ «ջուր կը շա­լէ»:

Մտա­հո­գի­չը այն է, որ շրջա­նին մէջ մե­ծա­գոյն տու­ժո­ղը պարզ քա­ղա­քա­ցին է, ո­րուն հա­մար այդ թու­նա­ւոր կա­զե­րու ներշն­չու­մը դար­ձած է «ա­մէ­նօ­րեայ սպառ­նա­լիք»: Տա­կա­ւին չենք խօ­սիր Լի­բա­նա­նի Ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան հրա­պա­րա­կած տե­ղե­ղա­գիր­նե­րուն մա­սին, ուր յստակ աճ ար­ձա­նագ­րած է Պուրճ Հա­մու­տի եւ շրջա­կա­յից շրջան­նե­րուն մէջ քաղց­կե­ղէ տա­ռա­պող­նե­րուն թի­ւը:

Պուրճ Հա­մու­տի «աղ­բա­լե­րան» մօտ գոր­ծող աղ­բա­նո­ցը օ­րա­կան կտրուած­քով ա­ւե­լի քան 1000 թոն աղբ կ՚ըն­դու­նի եւ այդ ո­րո­շու­մը կը գոր­ծադ­րուի ան­ցեալ կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ ե­ղած քննար­կում­նե­րու եւ կնքուած հա­մա­ձայ­նու­թեան հիմ­քով:

Իսկ ինչ կը վե­րա­բե­րի հին աղ­բա­նո­ցին, եւ ըստ կեն­սո­լոր­տա­յին մաս­նա­գէտ­նե­րու այդ «աղ­բա­լեռ»ը այ­սօր դար­ձած է շրջա­նի բնակ­չու­թեան ընդ­հա­նուր ա­ռող­ջու­թեան հա­մար բա­ւա­կան լուրջ սպառ­նա­լիք:

Յի­շեց­նեմ, որ շուրջ 80 հա­զար հա­շուող լի­բա­նա­նա­հա­յու­թեան հա­մար Պուրճ Հա­մու­տը կը հա­մա­րուի ա­մե­նէն հա­յա­հոծ շրջան­նե­րէն մին:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Շաբաթ, Ապրիլ 22, 2017